Օձեր

(Վերայղուած է Օձեր (արեւմտահայերէն)-էն)
Թռչուն ուտող օձ, Փանամա

Օձեր[1] (Ophidia կամ Serpentes), սողուններու դասի թեփուկաւորների կարգի ենթակարգ է։ Յայտնի են 26 ընտանիքու շուրջ երեք հազար (2006 թուականի դրութեամբ), Հայաստանի մէջ՝ 4 ընտանիքներու 23 տեսակ։

Նկարագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Քալիոֆիս» օձ

Տարբեր տեսակներու հասուն օձերու մարմնի երկարութիւնը 7.5 սմ - 12 մ է, զանգուածը՝ 5 կ - 200 քկ, կեանքի տեւողութիւնը՝ 8-40 տարի։ Գանկի ոսկորները միացած են շարժուն ձեւով, իսկ ստորին ծնոտի աջ ու ձախ աղեղները՝ ձգուող կապաններով, ինչը կ'ապահովէ օձերու բերանի լայն բացուածքը, ինչը իրենց կը ձգէ առանց ծամելու՝ մանրացնել եւ կլլել բաւական խոշոր կենդանիներ։ Ակռաները շատ սուր են, կեռանման, դէպի ետ ծռուած։ Ողերն ու կողերը բազմաթիւ են, գրեթէ միանման։ Կրծքավանդակ չունին։ Զուրկ են վերջաւորութիւններէ, միայն որոշ տեսակախմբերու մէջ պահպանուած են ետին վերջաւորութիւններու մնացորդներ, որոնք որոշ տեսակներու մոտ արտայայտուած են նաեւ հետանցքի քովը գտնուող զոյգ ճանկերու տեսքով։ Օձերու թոքերը զարգացած են անհամաչափ. աջը սովորաբար ուժեղ զարգացած է եւ կը զբաղեցընէ մարմնի առջեւի 2/3 հատուածը։ Շնչառութիւնը կը կատարուի մարմնի բոլոր մկաններու կծկումներու շնորհիւ։ Անհանգստութեան ժամանակ յառաջացող խորը շնչառումը կ'ուղեկցէ իւրայատուկ ֆշշոցով։ Արտաքին ականջ չունին. լսողութիւնը գրեթէ զարգացած չէ, տեսողութիւնը զարգացած է համեմատաբար լաւ։ Հիմնական զգայարանը վերին ծնոտի առջեւի մասին մէջ տեղադրուած յակոբսոնեան օրկանն է. օդին մէջ մէնօդ եւ առարկաներու վրայ առկա քիմիական միացութիւններու մոլեքուլները լեզուով հաւաքելով՝ կը փոխանէ յակոբսոնեան օրկաններու մակերեսին, որու միջոցով կը տարբերակէ նիւթերու ծանօթ եւ անծանօթ ըլլալը։

Սնունդ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը սնուի բացառապէս կենդանական ծագման կերով, այդ կը թուէ լեշերով։

Կազմաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օձի ներսի գործարանները.
1.սննդափող 2.շնչափող 3.շնչափողի թոք 4.մնացուկային ձախ թոք 5.աջ թոք 6.սիրտ 7.լեարդ 8.ստամոքս 9.օդապարկ 10.լեղուց 11.յետստամոքսային գեղձ 12.փայծաղ 13.աղիներ 14.սերմնարաններ 15.երիկամներ

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Հրաչեայ Աճառեան, Հայերէնի Արմատական Բառարան Ե.1926 http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=7&query=%D6%85%D5%B1