Օթթօպոթ» Մարդամեքենայ Առաքիչներ
«Օթթօպոթ» Մարդամեքենայ Առաքիչները, քառանիւ ինքնավար մարդամեքենաներ են, զորս Ամերիկեան «Օթթօնոմի» ընկերութիւնը Սինսինաթիի (Հիւսիսային Քենթաքի) օդակայանին մէջ գործարկած է ապրանքներու առաքման համար:
Օգտագործում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Օթթօպոթ» քառանիւ մարդամեքենայէն առաքում ստանալու համար, ճամբորդը պէտք է տեղադրէ յատուկ բջիջային յաւելուած մը, որուն միջոցով կարելի է ապսպրել սննդամթերքներ, ըմպելիք եւ յուշանուէրներ, որոնք կը վաճառուին օդակայանին քանի մը խանութներուն մէջ: Ապսպրանքը ստանալով` խանութներուն վաճառողները ապրանքները կը տեղաւորեն մարդամեքենային բեռնախցիկին մէջ եւ զայն կը ճամբեն դէպի ապսպրողը:
Օդակայանին սրահին մէջ «Օթթօպոթ»ը կը կողմնորոշուի տարածութեան մէջ` զանազան համակարգերու օգնութեամբ: Խօսքը «Պլութութ»-փարոսներու, «Ուայ-Ֆայ» ազդանշաններու եւ սրահին մէջ ցրուած «Քիւ.Առ» օրինակարգերու մասին է:
Յաճախորդը իրական ժամանակին մէջ կը տեսնէ մարդամեքենային գտնուելու վայրը եւ կը ստանայ լրացուցիչ տեղեկութիւն, երբ մեքենան արդէն մօտեցած է: Այնուհետեւ գնորդը յաւելուածով «Քիւ.Առ» օրինակարգը կը մօտեցնէ առաքիչին «սքենըր»ին, իսկ ասիկա, ի պատասխան, կը բանայ ծածկը, որպէսզի հոնկէ կարելի ըլլայ առնել ապրանքները:
Առաքման համակարգը ներկայ տեսքով ստեղծուած է` նկատի առնելով գնորդներու արձագանգները նախագիծին մասին, որ իրականացուած էր նոյն օդակայանին մէջ, շուրջ տարի մը առաջ: Ծառայութիւնը կը շարունակէ հաւաքել նոր յաճախորդներու արձագանգները` անհրաժեշտութեան պարագային իր աշխատանքը հետագային կատարելագործելու նպատակով[1]: