Jump to content

Օգոստինոս Երանելի

Օգոստինոս Երանելի
լատ.՝ Aurelius Augustinus
Ծնած է 13 Նոյեմբեր 354
Ծննդավայր Թագաստե, Numidia Cirtensis, Հռոմէական Կայսրութիւն
Մահացած է 28 Օգոստոս 430[1] (75 տարեկանին)
Մահուան վայր Հիպո Ռեգուիս, Numidia Cirtensis, Արևմտյան Հռոմեական կայսրություն
Քաղաքացիութիւն Հին Հռոմ
Կրօնք Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցի[2] և Մանիքեություն?[3]
Ազդուած է Ամբրոսիոս Մեդիոլանցի? և Պղատոն
Երկեր/Գլխաւոր գործ Խոստովանություններ?, Աստծո քաղաք? և Երրորդության մասին?
Մասնագիտութիւն փիլիսոփայ, աստուածաբան, ինքնակենսագիր, երաժշտության տեսաբան, քարոզիչ, պատմաբան, բանաստեղծ, գրագէտ, Կաթոլիկ քահանայ, տիտղոսաւոր եպիսկոպոս, Կաթոլիկ եպիսկոպոս, Եկեղեցւոյ Հայրեր, Կղերական ուսուցիչ, կղերական և եպիսկոպոս
Վարած պաշտօններ bishop of Hippo Regius?
Ծնողներ հայր՝ Պատրիսիուս?[4], մայր՝ Մոնիկա?[5]
Երեխաներ Ադեոդատուս?

Օգոստինոս Երանելի (լատիներէն՝ Augustinus Sanctus, 13 Նոյեմբեր 354, Թագաստե, Numidia Cirtensis, Հռոմէական Կայսրութիւն - 28 Օգոստոս 430[1], Հիպո Ռեգուիս, Numidia Cirtensis, Արևմտյան Հռոմեական կայսրություն), քրիստոնեայ աստուածաբան եւ փիլիսոփայ: Ան ընդհանուր առմամբ կը նկատուի Արեւմտեան աշխարհի պատմութեան ամէնէն ազդեցիկ փիլիսոփաներէն մէկը, ինչպէս նաեւ կը սեպուի Հայրապետական դարաշրջանի Լատին Եկեղեցւոյ ամէնակարեւոր Եկեղեցւոյ հայրապետներէն մէկը։

Կենսագրական գիծեր[6]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օգոստինոս Հիփփոնացին, որ ծանօթ է նաեւ որպէս Սուրբ Օգոստինոս կամ Սուրբ Օսթին[7], քրիստոնեայ աշխարհի բազմաթիւ յարանուանութիւններուն մէջ ճանչցուած է տարբեր մակդիրներով, ներառեալ՝ Երանելի Օգոստինոս եւ Շնորհքի Վարդապետ (լատիներէն՝ Doctor gratiae)[8]։

Մանկութիւն եւ կրթութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օգոստինոս ծնած է 354 թուականին Հռոմէական Նումիտիա նահանգի Թակաստէ քաղաքապետութեան մէջ (այժմ՝ Սուք Ահրաս, Ալճերիա)[9][10]։ Մայրը՝ Մոնիքան (կամ Մոննիքա), բարեպաշտ քրիստոնեայ մըն էր. հայրը՝ Փատրիկիոսը, հեթանոս էր, որ քրիստոնէութիւն ընդունեց մահուան մահիճին մէջ։ Ան ունէր եղբայր մը՝ Նաւիգիուս անունով, եւ քոյր մը, որուն անունը կորսուած է, բայց աւանդաբար կը յիշուի որպէս Փերփեթուա[11]։

Գիտնականները ընդհանուր առմամբ համամիտ են, որ Օգոստինոսն ու իր ընտանիքը պերպերներ էին՝ Հիւսիսային Ափրիկէի տեղաբնիկ էթնիկ խումբէն, բայց անոնք խորապէս հռոմէացած էին եւ տան մէջ, որպէս հպարտութեան ու արժանապատուութեան նշան, միայն լատիներէն կը խօսէին։ Իր գրութիւններուն մէջ Օգոստինոս իմիջիայլոց կը յիշատակէ իր հռոմէա-ափրիկեան ինքնութիւնը։ Օրինակ՝ ան Ափուլէիոսը կը կոչէ «մեզմէ՝ ափրիկեցիներէս ամենահռչակաւորը», Պոնտիկիանուսին կը դիմէ որպէս «մեր հայրենակիցը՝ որպէս ափրիկեցի», իսկ Միլեւեցի Ֆաուստուսին կը նկարագրէ որպէս «ափրիկեցի պարոն մը»[12][13]։

Օգոստինոսի ընտանեկան անունը՝ Աւրելիոս, կը յուշէ, որ իր հօր նախնիները եղած են gens Aurelia (Աւրելիան տոհմի) ազատ արձակուած ստրուկներ, որոնց 212 թուականին Քարաքալլայի հրովարտակով շնորհուած է հռոմէական լիարժէք քաղաքացիութիւն։ Իրականութեան մէջ, Օգոստինոսի ծնած ժամանակ, անոր ընտանիքը իրաւական տեսանկիւնէն հռոմէացի էր առնուազն մէկ դարէ ի վեր։ Կ'ենթադրուի, որ անոր մայրը՝ Մոնիքան, պերպերեան ծագում ունէր՝ դատելով իր անունէն, բայց քանի որ անոր ընտանիքը կը պատկանէր honestiores-ուն՝ քաղաքացիներու վերնախաւին, որոնք յարգի մարդիկ կը սեպուէին, Օգոստինոսի առաջին լեզուն հաւանաբար լատիներէնն էր[14]։

11 տարեկան հասակին Օգոստինոսը ուղարկեցին ուսանելու Մատաւրուս (այժմ՝ Մ'Տաուրուշ)՝ նումիտիական փոքր քաղաք մը, որ կը գտնուէր Թակաստէէն դէպի հարաւ՝ շուրջ 31 քիլոմեդր (19 մղոն) հեռաւորութեան վրայ։ Այնտեղ ան ծանօթացաւ լատինական գրականութեան, ինչպէս նաեւ հեթանոսական համոզումներուն ու սովորոյթներուն։ Մեղքի բնոյթի մասին իր առաջին անդրադարձը եղաւ այն ժամանակ, երբ ինքն ու քանի մը ընկերները տանձ գողցան դրացիի մը պարտէզէն։ Ան այս պատմութիւնը կը պատմէ իր «Խոստովանութիւններ» ինքնակենսագրութեան մէջ։ Ան կը գիտակցի, որ տանձերը «գրաւիչ չէին ո՛չ իրենց գոյնով, ո՛չ ալ համով»․ ան ո՛չ սոված էր, ո՛չ ալ աղքատ, եւ ինքն արդէն ունէր շատ աւելի լաւ պտուղներ։ Յաջորդ քանի մը գլուխներուն մէջ Օգոստինոսը կը տանջուի իր այս անցեալի մեղքին համար՝ ընդունելով, որ մարդ չի փափաքիր չարիքը՝ յանուն չարիքի։ Այլ՝ «ստորին տեսակի բարիքներուն հանդէպ չափազանցուած նախապատուութեան պատճառով, աւելի լաւն ու բարձրագոյնը կ'անտեսուին»։ Այլ խօսքով՝ մարդը դէպի մեղք կը հակուի, երբ կուրօրէն կը նախնտրէ նուազագոյն բարիքը աւելի մեծ բարիքէն։ Վերջապէս, Օգոստինոս կը հանգի այն եզրակացութեան, որ իր եւ իր յանցակիցներուն միջեւ եղած «ընկերակցութեան» բարիքն էր, որ իրեն թոյլ տուաւ հաճոյք ստանալ այդ գողութենէն[15]։

17 տարեկան հասակին, իր համաքաղաքացի Ռոմանիանուսի բարերարութեան շնորհիւ, Օգոստինոս մեկնեցաւ Կարթագէն՝ հռետորական արուեստի մէջ իր կրթութիւնը շարունակելու համար, թէեւ ատիկա վեր էր իր ընտանիքի նիւթական կարողութիւններէն։ Հակառակ մօրը տուած բարի խրատներուն, Օգոստինոս երիտասարդ տարիքին որոշ ժամանակ վարեց հեթոնիստական (հեշտասէր) կեանք՝ ընկերակցելով այնպիսի երիտասարդներու հետ, որոնք կը պարծենային իրենց սեռական սխրանքներով։ Անոնց կողմէ ընդունուելու անհրաժեշտութիւնը կը քաջալերէր Օգոստինոսի նման անփորձ տղաքը՝ փնտռելու կամ հնարելու պատմութիւններ սեռական փորձառութիւններու մասին[16]։

Կարթագէնի մէջ ուսանելու տարիներուն էր, որ ան կարդաց Սիսեռոնի (Կիկերոն) «Հորտենսիուս» (Hortensius) երկխօսութիւնը (որ այժմ կորսուած է)։ Ան ատիկա նկարագրած է որպէս իր վրայ անջնջելի տպաւորութիւն ձգած գործ, որ իր սրտին մէջ բորբոքեց սէրը դէպի իմաստութիւնը եւ մեծ ծարաւ՝ հանդէպ ճշմարտութեան։ Ասիկա սկիզբ դրաւ փիլիսոփայութեան հանդէպ իր հետաքրքրութեան։ Թէեւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն ստացած էր, Օգոստինոս դարձաւ մանիքէական՝ ի մեծ դժգոհութիւն իր մօր[17]։

Մօտաւորապէս 17 տարեկան հասակին Օգոստինոս կապ հաստատեց կարթագենացի երիտասարդ կնոջ մը հետ։ Թէեւ մայրը կ'ուզէր, որ ան ամուսնանար իր դասակարգին պատկանող անձի մը հետ, այդ կինը մնաց անոր սիրուհին։ Մայրը զգուշացուցած էր զինք զերծ մնալ պոռնկութենէն (ամուսնութենէն դուրս սեռական կապերէ), բայց Օգոստինոս շարունակեց այդ յարաբերութիւնը աւելի քան տասնըհինգ տարի, եւ այդ կինը ծնունդ տուաւ իր որդիին՝ Ատէոտատուսին (372–388), որ կը նշանակէ «Աստուծմէ տրուած»։ Վերջինս իր ժամանակակիցներուն կողմէ կը նկատուէր չափազանց խելացի։ 385 թուականին Օգոստինոս խզեց յարաբերութիւնները իր սիրեցեալին հետ՝ պատրաստուելու համար ամուսնութեան դեռահաս ժառանգորդուհիի մը հետ։ Սակայն, երբ եկաւ անոր հետ ամուսնանալու ժամանակը, ան արդէն քրիստոնէութիւն ընդունած էր եւ որոշած էր դառնալ քրիստոնեայ քահանայ, ուստի ամուսնութիւնը տեղի չունեցաւ[18][19]։

Օգոստինոսը սկիզբէն իսկ փայլուն ուսանող էր՝ կայծկլտուն մտաւոր հետաքրքրասիրութեամբ, բայց ան երբեք չտիրապետեց յունարէնին. իր առաջին յունարէնի ուսուցիչը դաժան մարդ մըն էր, որ անընդհատ կը ծեծէր իր աշակերտները, իսկ Օգոստինոսը ընդվզեցաւ եւ հրաժարեցաւ սորվելէ։ Երբ ան անդրադարձաւ, որ յունարէն գիտնալու անհրաժեշտութիւնը ունի, արդէն ուշ էր. եւ թէեւ ան լեզուի մասին մակերեսային գիտելիքներ ստացավ, երբեք սահուն չեղաւ անոր մէջ։ Փոխարէնը՝ ան դարձաւ լատիներէնի կատարեալ վարպետ։

Իր երիտասարդութեան ան հրապուրուած էր Մանիքէական հաւատքով, իսկ յետագային՝ Նորպղատոնականութեան հելլենիստական փիլիսոփայութեամբ։ 386 թուականին, Սուրբ Ամբրոսիոսի (Աւգսենտիոս) կողմէ քրիստոնէութեան դարձի գալէն եւ մկրտուելէն ետք, Օգոստինոս զարգացուց փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան իր սեփական մօտեցումը՝ զգալի աւանդ ներդնելով ամենատարբեր բնագաւառներու մէջ։ Ան ծանօթ է որպէս Doctor Gratiae («Շնորհքի Վարդապետ»)՝ փրկութեան համար անարժան, նախախնամական շնորհքի անհրաժեշտութեան եւ սկզբնական մեղքի բնոյթին վերաբերեալ իր տեսակէտներու մեծ ազդեցութեան համար։

Բացի այդ, ան կարեւոր աւանդ ունեցաւ եկեղեցաբանութեան մէջ՝ ընդդէմ դոնատականներու (Donatists) տեսակէտներուն նշելով, որ խորհուրդները վաւերական են՝ անկախ զանոնք կատարողին արժանիքներէն[20]։ Իր «Աստուծոյ Քաղաքը» գիրքին մէջ, Արեւմտեան Հռոմէական Կայսրութեան անկման համապատկերին վրայ, Օգոստինոս Եկեղեցին պատկերացուց որպէս հոգեւոր Քաղաք՝ տարբեր նիւթական Երկրային Քաղաքէն։ Ան նաեւ լայնօրէն ճանչցուած է արդար պատերազմի տեսութեան (just war theory) մէջ իր ունեցած աւանդին համար։ Անոր միւս նշանաւոր գործերէն են՝ «Սուրբ Երրորդութեան Մասին», «Քրիստոնէական Վարդապետութեան Մասին» եւ «Խոստովանութիւններ»-ը, որոնցմէ վերջինը արեւմտեան առաջին ինքնակենսագրութիւնն էր[21]։

Օգոստինոս սուրբ կը հռչակուի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, Լուտերական եկեղեցիներու եւ Անկլիքան Համայնքին կողմէ։ Ընդհանուր առմամբ նկատուելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատմութեան մեծագոյն աստուածաբաններէն ու փիլիսոփաներէն մէկը, ան Լատին Եկեղեցւոյ չորս Մեծ Հայրերէն մէկն է՝ Ամբրոսիոսի, Հերոնիմոսի (Ժերոմ) եւ Գրիգոր Ա. Պապին հետ միասին։ Անոր մտածումները խորապէս ազդած են Միջնադարեան աշխարհայեացքին վրայ, եւ ան Սուրբ Թովմա Աքուինացիի «Աստուածաբանութեան Գումար» (Summa Theologiae) աշխատութեան մէջ ամենաշատ մեջբերուած հեղինակն էր։ Շատ մը բողոքականներ, յատկապէս քալուինականներն ու լուտերականները, զինք կը նկատեն Բողոքական Բարեկարգութեան (Ռեֆորմացիա) աստուածաբանական հայրերէն մէկը՝ փրկութեան եւ աստուածային շնորհքի վերաբերեալ իր ուսմունքին պատճառով, թէեւ այս մեկնաբանութիւնը կը հերքուի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ։ Արեւելեան Ուղղափառութեան մէջ ան կը շարունակէ մեծապէս մեծարուիլ, սակայն անոր որոշ ուսմունքներ, ներառեալ՝ filioque-ն (եւ Որդիէն), աւելի վիճելի են[22]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. Catholic-Hierarchy.orgUSA: 1990.
  3. O'Donnell J. Encyclopædia Britannica
  4. Pas L. v. Genealogics — 2003.
  5. zespół autorów https://encyklopedia.pwn.pl/haslo/Monika;3943008.html
  6. (անգլերեն) Augustine of Hippo, 2026-06-14, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Augustine_of_Hippo&oldid=1359271541, վերցված է 2026-06-17
  7. Houghton Mifflin Company, խմբգր․ (1993)։ The American heritage college dictionary (3rd ed հրտրկթն․)։ Boston: Houghton Mifflin։ ISBN 978-0-395-66917-4
  8. Portalié 1907a.
  9. "Saint Augustine – Biography, Philosophy, & Major Works". Encyclopedia Britannica. Retrieved 14 March 2026.
  10. Magill 2003, p. 172.
  11. Bonner 1986.
  12. Hollingworth 2013, pp. 50–51.
  13. Contra Faustum, I, 1. English version, Latin version
  14. Power 1999, pp. 353–354.
  15. Augustine of Hippo, Confessions, 2:8
  16. Augustine of Hippo, Confessions, 2:3.7
  17. Pope 1911.
  18. Boyce, James (May 2015) "Don't Blame the Devil: St Augustine and Original Sin". Utne Reader.
  19. Brown 2000, p. 63.
  20. Augustine of Hippo (c. 400). On Baptism Against the Donatists.
  21. "The Long View: Reconsidering the Confessions". 10 June 2018.
  22. Papademetriou, George C. "Saint Augustine in the Greek Orthodox Tradition". goarch.org