Քորտոպայի Պատմական Կեդրոն

Կուատալքիվիր գետի ափին ջրաղացներէն մէկը

Քորտոպայի պատմական կեդրոն (սպ.՝ El centro histórico de Córdoba), Սպանիա, Եւրոպայի ամէնէն հին քաղաքներէն մէկը: 1994-ին Քորտոպայի հին քաղաքը ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ, թէեւ 1984-ին նոյն հին քաղաքին մէկ մասը` Քորտոպայի մզկիթը, արդէն հռչակուած էր Համաշխարահային ժառանգութեան կեդրոն: Քորտոպա Անտալուսիոյ ամէնէն հին քաղաքն է: Կը գտնուի Սպանիոյ հարաւարեւմտեան մասին մէջ` Կուատալքիվիր գետի աջ ափին[1]:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քորտոպայի պատմական կեդրոնը՝ թռչունի թռիչքի բարձրութենէն
  • Քորտոպա հիմնուած է Հռոմէական կայսրութեան շրջանին` Ք.Ա. 2-րդ դարուն, երբ անոր զբաղեցուցած տարածքը կը գտնուէր Կարթագէնի տիրապետութեան տակ:
  • Քորտոպա եղած է տուրտէտան ցեղին կեդրոնը[2]:
  • Քաղաքը հռոմէացիները գրաւած են Երկրորդ Փիւնիկեան պատերազմի ընթացքին (Ք.Ա. 218-201):
  • Քորտոպա եղած է առաջին քաղաքը, զոր Հռոմ հիմնած է այդ տարածքին մէջ: Օքթաւիանոս Օգոստոս կայսեր օրով անիկա եղած է հին հռոմէական Պեթիքա նահանգին գլխաւոր քաղաքը: Ք.Ա. 27-14 թուականներուն` Օգոստոսի կառավարման շրջանին, քաղաքին սահմանները ընդարձակուած են, եւ Քորտոպան զբաղեցուցած է Կուատալքիվիր գետի երկու ափերուն տարածքները:
  • Քաղաքը ենթարկուած է բարբարոսներու, Բիւզանդիոնի եւ Արեւմտեան Գոթերու նուաճումներուն, իսկ 711-ին անիկա նուաճուած է Արաբական խալիֆայութեան զօրքերուն կողմէն:
  • 721-ին հոն առաջին անգամ կառուցուած է մզկիթ մը:
  • 756-ին Քորտոպան դարձած է Քորտոպայի ամիրայութեան, իսկ 929-ին` Քորտոպայի խալիֆայութեան մայրաքաղաքը: Ը. դարու սկիզբը Քորտոպա զարգացում կ'ապրի: Իսլամներու կողմէ նուաճումը քաղաքին տուած է արեւելեան դիմագիծ. կառուցուած են քանի մը հարիւր մզկիթներ, պալատներ ու հասարակական շինութիւններ[3]:
  • Ժ. դարուն քաղաքը հասած է իր զարգացման գագաթնակէտին: Անիկա դարձած է լուսաւորութեան ու գիտութեան կեդրոններէն մէկը, ունեցած է մինչեւ մէկ միլիոն բնակիչ, բազմաթիւ պալատներ, մզկիթներ, պանդոկներ եւ եղած է արաբական գիտութեան, բանաստեղծութեան եւ արուեստի կեդրոն:
  • Քորտոպայի խալիֆայութեան անկումէն ետք` 1031-ին, Քորտոպա կրցած է պահել իր ինքնուրոյնութիւնը մինչեւ 1070, երբ սկսած է ենթարկուիլ Սեւիլիոյ ամիրայութեան:
  • Ռեքոնքիսթայի շրջանին` 1236-ին, քաղաքը անցած է Քորտոպայի արքայ Ֆերտինանտ Գ.-ի տիրապետութեան տակ եւ հետագային սկսած է յիշատակուիլ իբրեւ Քասթիլիոյ, ապա Սպանիոյ տարածք: Ֆերնանտօ կը վերականգնէ Քորտոպայի եպիսկոպոսութիւնը, որ գոյութիւն ունեցած է 294-էն եւ դադրած է գոյութիւն ունենալէ Ժ. դարու վերջը[4]:
  • 1482-ին կատարուած է առաջին հրադատութիւնը:
  • 1523-ին մզկիթային համալիրին կեդրոնը սկսած է կաթողիկէ մեծ վանքի մը շինարարութիւնը:
  • 1570-ին Ֆիլիփ Բ. թագաւորը, որ ձիերու մեծ սիրահար մըն էր, մաքուր սպանական ձիեր բուծանելու գաղափարը կը յղանայ: Ան կը հրամայէ թագաւորական ախոռները կառուցել քրիստոնեայ միապետերու ամրոցին պատկանող հողամասին մէջ: Հոն ան կը բուծանէ սպանական ձիեր, որոնք նշանաւոր են նաեւ իբրեւ Անտալուսեան ձիեր եւ ունին արաբական ծագում[5][6]:
  • ԺԷ. դարուն Քորտոպա յայտնուած է ճգնաժամի մէջ, որ բացասական ազդեցութիւն ունեցած է քաղաքին զարգացման վրայ:
  • 1767-ին Ժեզուիթ վարդապետները վտարուած են Քորտոպայէն եւ ընդհանրապէս Սպանիայէն:
  • ԺԸ. դարուն քաղաքը դարձեալ սկսած է զարգացում ապրիլ, սակայն դարակիսուն միջնադարեան պատին աւերումը բացասական ազդեցութիւն կը ձգէ քաղաքին հետագայ զարգացման վրայ:
  • Ի. դարուն ժողովրդագրական աճը կը դառնայ քաղաքային նոր թաղամասերու յառաջացման առիթ:
  • ԻԱ. դարուն Քորտոպայի մէջ կարելի է գտնել տարբեր ժամանակներու նիւթական յուշարձաններ` կամուրջներ, պատեր, աշտարակներ, ամրոցային դարպասներ, ջրաղացներ, մզկիթներ, եկեղեցիներ, մենաստաններ, պալատներ եւ այլն:

Քորտոպայի մզկիթը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մզկիթին շինարարութիւնը սկսած է 786-ին` իսլամներու կողմէ Քորտոպան նուաճելէ ետք: Անիկա մեծութեամբ երրորդ մզկիթն է աշխարհի մէջ[7]: Մզկիթին շէնքը կարծես մայր տաճար ըլլայ: Ամէն նուաճողէ ետք մզկիթը ենթարկուած է բազմաթիւ փոփոխութիւններու: Ապտ ալ Ռահման Գ. կառուցած է նոր մինարէթ մը, Ալ Հաքամ Բ. 961-ին ընդարձակած է հրապարակը եւ հարստացուցած միհրապը, Ալ Մանսուր Իպն Ապի Աամիրը 987-ին իրականացուցած է վերանորգումը: Ֆերտինանտ Գ. Քասթիլացիին կողմէ 1236-ին Քորտոպան գրաւելէ ետք մզկիթը վերածուած է քրիստոնէական եկեղեցւոյ[8]:

Ներկայիս անիկա հռոմէակաթողիկէ տաճար է:

Պատկերասրահ

Հռոմէական կամուրջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հռոմէական կամուրջը

Քորտոպայի Հռոմէական կամուրջը 16-կամարով կամուրջ մըն է` 250 մ. երկարութեամբ[9]: Անիկա կառուցուած է հռոմէացիներուն կողմէ Կուատալքիվիր գետին վրայ Ք.Ա. 45-ին` Մունտի ճակատամարտէն ետք: Կամուրջը գտնուած է Հռոմէն Քատիս տանող ճանապարհին վրայ եւ կոչուած է Օկիւսթինեան: Եղած է քաղաքին միակ կամուրջը: Ը. դարուն զայն վերակառուցած են մարերը, հետագային` քրիստոնեայ իշխանաւորները: Ըստ կարգ մը տուեալներու վերջին փոփոխութիւնները կատարուած են 1876-ին: ԺԴ. դարուն կամուրջին համալիրին հարաւային կողմէն աւելցուած է Քալաորի աշտարակը, իսկ ԺԶ. դարուն հակառակ կողմէն` Փուերթա տէլ Փուենթէի մուտքին դարպասները (սպաներէնէն թարգմանաբար կը նշանակէ «կամուրջի դռներ»). անոնք որոշ շրջան մը եղած են նաեւ Քորտոպայի պատմական կեդրոնին մուտքը ամրոցային պատէն: Դարպասները կառուցուած են 1571-ին ճարտարապետ Գերման Ռուիսի նախագիծով Վերածննդեան ոճով[10]: ԺԷ. դարուն կամուրջին կեդրոնը քանդակագործ Պերնապէ Կոմէզ տէլ Ռիօ կանգնեցուցած է հրեշտակապետ Ռաֆայէլին մարմարէ քանդակը: Ռաֆայէլ պատկերուած է սիան վերին հատուածին, իսկ անոր ոտքերուն մօտ զինք կը փառաբանեն հրեշտակները:

2004-էն Հռոմէական կամուրջը բաց է միայն հետիոտներու համար[11]:

Պատկերասրահ

Եպիսկոպոսական պալատ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քորտոպայի Եպիսկոպոսական պալատը կը գտնուի քաղաքին պատմական կեդրոնին սիրտը` Քորտոպայի մզկիթին արեւմտեան ճակատին դիմաց: Պալատը կառուցուած է ԺԶ. դարուն. այդ ժամանակաշրջանին անիկա եղած է խալիֆաներու ամրոց եւ արեւմտեան գոթերու իշխանական նստավայր, սակայն քաղաքին նուաճումէն ետք անիկա վերակառուցուած է, աւելացուած են քանի մը շինութիւններ` պալատը դարձնելով եպիսկոպոսական նստավայր[12]: 1745-ին պալատին մէջ մեծ հրդեհ մը բռնկած է, որմէ ետք վերակառուցուած է: ԺԸ. դարուն կառուցուած է պալատին ներքին բակը[13]:

Ներկայիս այս շէնքին մէջ տեղակայուած է Թեմական թանգարանը, որուն բացումը կայացած է 1989-ին: Թանգարանին սրահներէն մէկէն կախուած են Քորտոպայի բոլոր եպիսկոպոսներուն դիմանկարները` 1238-էն սկսեալ[12]:

Պատկերասրահ

Սան հիւանդանոցը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սան հիւանդանոցը կը գտնուի Քորտոպայի մզկիթին տաճարին արեւմտեան ճակատամասին դիմաց: Շինութիւնը կառուցուած է ԺԶ. դարուն: ԺԶ-ԺԹ. դարերուն շէնքին մէջ գործած է հիւանդանոց մը՝ մայրերու ու մանուկներու համար, իսկ 1981-էն մինչ օրս հոն տեղակայուած է Քոնկրէսի պալատը, ինչպէս նաեւ Զբօսաշրջութեան գրասենեակը[14]:

Շէնքին հիմնական մասը մենաստանն է, որ կառուցուած է մորիթանական ոճով, իսկ մատուռը` գոթական ոճով: Շէնքին ճարտարապետը Էրնան Ռուիզ Ա.-ն է, որ 1514-ին աւարտած է շէնքին ճակատամասին կառուցումը:

Պատկերասրահ

Սինակոկ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քորտոպայի սինակոկը կը գտնուի քաղաքին հրէական թաղամասին փողոցներէն մէկուն մէջ: Անիկա կառուցուած է մութեխար ոճով: Սինակոկը համանման միակ շինութիւնն է ողջ Անտալուսիոյ մէջ եւ երեք սինակոկներէն մէկը՝ Սպանիոյ մէջ: 1315-ին սկսած է սինակոկին շինութիւնը: 1391-ին Քորտոպայի հրէական բնակչութեան կոտորածին, անիկա գրեթէ ամբողջովին ոչնչացած է: Հրեաներու վտարումէն ետք`1492-ին, սինակոկը տարբեր ժամանակներու օգտագործուած է իբրեւ հիւանդանոց, եկեղեցի եւ մանկապարտէզ[15]:

1884-ին Քորտոպայի սինակոկը հռչակուած է Սպանիոյ ազգային յուշարձանը:

2016-ին սինակոկը դարձած է Քորտոպայի ամէնէն շատ այցելուներ ունեցող երկրորդ շինութիւնը[16]:

Պատկերասրահ

Քրիստոնեայ Թագաւորներու Ամրոցը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամրոցը կառուցուած է 1328-ին Ալֆոնսօ Զ. արքային կողմէ: Անիկա եղած է Իզապելլա Ա. Քասթիլացիի եւ Ֆերտինանտ Բ. Արակոնցիի նստավայրը: Ամրոցը եղած է Էնրիքէ Դ.-ի եւ Ալֆոնսոյի միջեւ քաղաքացիական պատերազմի վայրը, որուն ընթացքին նորոգուած են պաշտպանական կառոյցները: Նոյն ժամանակաշրջանին կառուցուած է ամրոցին աշտարակը, որ ներկայիս յայտնի է Կաթոլիկ եկեղեցւոյ ատեանին աշտարակը անունով[17]: Ամրոցին աշտարակը քառակուսի է: Անոր մակերեսը կը կազմէ 4.100 մ², իսկ այգիներուն մակերեսը` 55.000 մ²: Կառոյցը ունի 4 աշտարակ[18]:

  • Յարգանքի աշտարակ (սպ.՝ Torre del Homenaje) - պալատին գլխաւոր աշտարակն է, կը գտնուի հիւսիս-արեւելքը: Այս աշտարակին ճարտարապետութիւնը կը տարբերի գոթական ոճի զարդապատկերներով: Նախապէս աշտարակին վրայ եղած է ժամացոյց մը:
  • Կաթոլիկ եկեղեցւոյ ատեանին աշտարակը (սպ.՝ Torre de la Inquisición) - հարաւարեւմտեան աշտարակն է: Անիկա պալատին ամէնէն բարձր աշտարակն է, ունի բաց պատշգամ: Նախապէս եղած է Կաթոլիկ եկեղեցւոյ ատեանին արխիւներուն կեդրոնը:
  • Առիւծներու աշտարակ (սպ.՝ Torre de los Leones) - հիւսիսարեւմտեան աշտարակն է, աշտարակներէն ամէնէն հինը: Հոս գտնուած է Ս. Եւստաթէոսի մատուռը:
  • Աղաւնիի կամ Գիշերային պահակազօրքի աշտարակ (սպ.՝ Torre de la Paloma o Torre de la Vela) - հարաւարեւելեան աշտարակն է: ԺԹ. դարակիսուն աւերուած է, սակայն վերականգնած է Ի. դարու առաջին կիսուն:

1931-ին Ամրոցը հռչակուած է պատմական յուշարձան, որմէ ետք կատարուած են վերականգնողական աշխատանքներ[18]:

Պատկերասրահ

Քալահորայի աշտարակը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աշտարակը կառուցուած է ԺԲ. դարու վերջը` Սպանիոյ իսլամական գերիշխանութեան շրջանին իբրեւ պաշտպանական կառոյց՝ Կուատալքիվիրի ձախ ափին: ԺԴ. դարուն, երբ Քորտոպան կը նուաճեն քրիստոնեաները, շէնքը կը վնասուի, սակայն հետագային կը վերակառուցուի: 1931-ին անիկա կը դառնայ մշակութային պահպանուող կոթող: Ներկայիս Քալահորի աշտարակին մէջ կը գործէ Անտալուսիոյ պատմութեան ու տարբեր շրջաններու մշակոյթի թանգարանը․ այս թանգարանը կ'անուանեն նաեւ Երեք մշակոյթներու թանգարան (իսլամական, քրիստոնէական եւ հրէական)[19]: Շէնքը ունի 14 սրահներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը նուիրուած է Քորտոպայի պատմութեան որոշ շրջանի մը[20]:

Պատկերասրահ

Կուատալքիվիրի ջրաղացներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կուատալքիվիր գետին երկայնքով գետին երկու ափերուն տեղակայուած են ընդհանուր հաշուով 11 ջրաղաց: 2009-ին անոնք հռչակուած են Անտալուսիոյ պատմական ժառանգութեան կեդրոններ[21]: Անոնք են`

  • Ալպոլաֆիա ջրաղաց
  • Պապալօ ջրաղաց
  • Էնմտէիօ ջրաղաց
  • Ս. Անթոնիոյի ջրաղաց
  • Երջանկութեան ջրաղաց
  • Ս. Լորենսի ջրաղաց
  • Ս. Ռաֆայէլի ջրաղաց
  • Մարտոսի ջրաղաց
  • Լոպէ Կարսիայի ջրաղաց
  • Քարպոնէլ ջրաղաց
  • Քասիլիաս ջրաղաց

Ալպոլաֆիա ջրաղացը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Կառուցուած է հռոմէական տիրապետութեան շրջանին: Հռոմէացիները զայն օգտագործած են հացահատիկ աղալու համար[22]:
  • Արաբներուն տիրապետութեան շրջանին խալիֆան հրամայած է վերափոխել ջրաղացը` փոխելով նաեւ անոր գործառոյթը. անիկա ծառայած է ջուրը գետէն արքայական նստավայր հասցնելու միջոց:
  • ԺԵ. դարուն ջրաղացին աղմուկին պատճառով, որ հաճելի չէ եղած թագուհի Իզապելլա Ա.-ին, ջրաղացը չեն գործարկած:
  • ԺԶ. դարուն միաբանուհիները պատուիրած են վերականգնել ջրաղացը:
  • Ջրաղացը ունի պատմական մեծ նշանակութիւն. անիկա եղած է առաջին վայրը, ուր եւրոպացիները սկսած են թուղթ արտադրել, զոր նախապէս կը ներմուծէին Չինաստանէն:

Պատկերասրահ

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Քորտոպա
  2. Քորտոպայի հիմնումը
  3. «Córdoba | Spain»։ Encyclopedia Britannica (Անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2021-07-14 
  4. Քորտոպայի Պատմական Կեդրոնը
  5. «Ֆիլիփ Բ. թագաւորին մտայղացումը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-13-ին։ արտագրուած է՝ 2021-07-13 
  6. «Tourism of Cordoba»։ web.archive.org (Անգլերէն)։ 2016-03-13։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-13-ին։ արտագրուած է՝ 2021-07-13 
  7. Քորտոպայի Մզկիթին կառուցումը
  8. «Mosque-Cathedral of Córdoba | cathedral, Córdoba, Spain»։ Encyclopedia Britannica 
  9. «Puente Romano (Roman Bridge)»։ www.turismodecordoba.org (Անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2021-07-13 
  10. «Roman bridge, Cordoba, Spain - tourist attractions, most popular and visited places - KeepTravel»։ www.keeptravel.com (Անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2021-07-14 
  11. «Roman Bridge (Puente Romano) in Cordoba, Andalucia, Spain - Crystal Compass»։ crystalcompass.biz (Անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2021-07-13 
  12. 12,0 12,1 «Bishop’s Palace in Córdoba, Spain»։ Encircle Photos (Անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2021-07-13 
  13. «Diócesis de Córdoba»։ www.diocesisdecordoba.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-12-28-ին 
  14. «Palacio de Congresos y Exposiciones»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-09-08-ին 
  15. «ArqueoCórdoba»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-08-19-ին 
  16. «Los diez principales monumentos de Córdoba, en números»։ sevilla 
  17. «Alcazar de los Reyes Catolicos by Infocordoba»։ www.infocordoba.com 
  18. 18,0 18,1 Roberts, Steve (2011), The Construction of a Simple Character, its Articulation and Balance, Elsevier, pp. 95–158, ISBN 978-0-240-52227-2, http://dx.doi.org/10.1016/b978-0-240-52227-2.10003-6, վերցված է 2021-07-14 
  19. «All the information about Calahorra Tower»։ Oway Tours (Անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2021-07-14 
  20. «Calahorra Tower - Córdoba»։ Arte en Córdoba (Անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2021-07-14 
  21. Կուատալքիվիրի ջրաղացներ
  22. Ալպոլաֆիա ջրաղացը

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]