Քորէա
| Քորէա | |
|---|---|
|
|
Քորէա, արեւելեան Ասիոյ մէջ գտնուող տարածաշրջան մը։
Կը ներառէ Քորէական թերակղզին, Ճեճու կղզին եւ ուրիշ փոքր կղզիներ։
1948 թուականէն սկսեալ Քորէան բաժնուած է երկու պետութեան՝ Հիւսիսային Քորէա եւ Հարաւային Քորէա։ Հիւսիսէն Քորէան սահմանակից է Ռուսիոյ եւ Չինաստանի, իսկ արեւելքէն՝ Ճափոնէն բաժնուած է Քորէական նեղուցով եւ Ճափոնական ծովով։
Քորէա հին ժամանակներուն ունեցած է երեք մեծ թագաւորութիւն՝ Կոկուրէօ, Պէքճէ եւ Սիլլա։ Այս երեքը միշտ կը պայքարէին իրարու դէմ։ Աւելի ուշ Սիլլան կը յաղթէ եւ կը միացնէ միւս երկուքը, եւ այդպիսով կը ստեղծուի «Միացեալ Սիլլա» պետութիւնը։ Բայց հիւսիսի մէջ կը ստեղծուի ուրիշ պետութիւն մը՝ Պոհայ։ Միացեալ Սիլլան վերջնականապէս կը քանդուի եւ Քորէա դարձեալ կը բաժնուի։
Ժ. դարուն Կոկուրէոյի ժառանգը՝ Կորիօն, կրկին կը միացնէ Քորէան։ Այս պետութեան անունէն է, որ յառաջացած է «Քորէա» անունը։ Կորիօն շատ զարգացած մշակոյթ ունէր, բայց ԺԳ. դարուն մոնկոլները կը յարձակին եւ երկիրը շատ կը տկարացնեն։ Վերջապէս Քորէան մոնկոլներու ենթակայ կը դառնայ։ Քանի մը տարի ետք, Կոնմին արքան կ'ապստամբի եւ վերջ կու տայ մոնկոլներու իշխանութեան։ Սակայն այս պայքարներէն ետք Կորիօն այլեւս տկարացած էր, եւ զօրահրամանատար ՏհէՃօ իշխանութիւնը առնելով՝ 1392-ին հիմնել կու տայ նոր թագաւորութիւն մը՝ Ճոճոսօն։
Ճոճոսօնի առաջին 200 տարին խաղաղ կ'անցնի: Այս օրերուն Սէճոն Մեծ արքան կը ստեղծէ քորէական այբուբենը՝ Հանկըլը։
ԺԹ. դարու վերջին, Քորէան կը դառնայ Ճափոնին գլխաւոր նպատակներէն մէկը։ Ճափոն-Չինաստան պատերազմէն ետք՝ 1910 թուականին Քորէա ամբողջութեամբ կը գրաւուի Ճափոնի կողմէ եւ կը մնայ անոր տիրապետութեան տակ մինչեւ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի վերջը։
1945-ին, Ճափոն պարտուելէ ետք, Խորհրդային Միութիւնը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները բաժնեցին Քորէան 38-րդ զուգահեռականով։ Հիւսիսը կ'անցնի ԽՍՀՄ-ի, իսկ հարաւը՝ ԱՄՆ-ի հսկողութեան տակ։ Շուտով այս բաժանումէն կը ձեւաւորուին երկու պետութիւններ՝ Հիւսիսային Քորիա եւ Հարաւային Քորիա[1][2]։