Քլոտ Լորրէն
| Քլոտ Լորրէն ֆրանսերէն՝ Claude Gellée | |
|---|---|
|
| |
| Ծնած է | 1600[1][2][3][…] |
| Ծննդավայր | Շաման[4] |
| Մահացած է | 23 Նոյեմբեր 1682[5][6][7][…] |
| Մահուան վայր | Հռոմ, Պապական մարզ[8][4] |
| Քաղաքացիութիւն |
|
| Ազդուած է | Անիպալ Քարաչին և Դոմենիկինո? |
| Երկեր/Գլխաւոր գործ | Ֆետե գյուղը?, Seaport with the Embarkation of Saint Ursula?, Մովսեսին գտնելու տեսարանը?, Ծովի նավահանգիստը մայրամուտին? և Liber Veritatis? |
| Տեսակ | Բնանկար |
| Մասնագիտութիւն | գեղանկարիչ, գծագրիչ և նկարիչ-փորագրող |
| Անդամութիւն | Սուրբ Ղուկասի ակադեմիա?[9] |
|
Ստորագրութիւն | |
Քլոտ Լորրէն (ֆրանսերէն՝ Claude Lorrain, Claude Gellée, Claude Le Lorrain, 1600[1][2][3][…], Շաման[4] - 23 Նոյեմբեր 1682[5][6][7][…], Հռոմ, Պապական մարզ[8][4]), պարոք ժամանակաշրջանի ֆրանսացի գեղանկարիչ։
Կենսագրութիւն[10]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քլոտի կանուխ շրջանի կենսագրութիւնները կը գտնուին Եոախիմ ֆոն Զանտրարթի «Teutsche Academie» (1675) եւ Ֆիլիփօ Պալտինուչիի «Notizie de' professori del disegno da Cimabue in qua» (1682–1728) գործերուն մէջ։ Թէ՛ Զանտրարթ եւ թէ՛ Պալտինուչի անձամբ կը ճանչնային նկարիչը, սակայն մօտ 50 տարուան տարբերութեամբ՝ համապատասխանաբար անոր ասպարէզի սկիզբը եւ մահուընէ քիչ առաջ։ Զանտրարթ լաւ կը ճանչնար զինք եւ որոշ ժամանակ ապրած էր անոր հետ, մինչդեռ Պալտինուչի հաւանաբար մտերիմ չէր անոր հետ եւ իր տեղեկութիւններուն մեծ մասը քաղած էր Քլոտի եղբօրորդիէն, որ կը բնակէր արուեստագէտին հետ։
Քլոտի տապանաքարը 1600 թուականը կը նշէ իբրեւ անոր ծննդեան տարեթիւ, սակայն ժամանակակից աղբիւրները աւելի ուշ թուական մը կը նշեն՝ շուրջ 1604 կամ 1605։ Ան ծնած է Շաման փոքր գիւղին մէջ (Վոժ), որ այն ատեն Լորրէնի դքսութեան մաս կը կազմէր։ Ան Ժան Ժելէի եւ Անն Փատոզի հինգ տղոցմէ երրորդն էր։
Ըստ Պալտինուչիի՝ Քլոտի ծնողքը մահացած են, երբ ան տասներկու տարեկան էր, որմէ ետք ան ապրած է Ֆրայպուրկի (Freiburg) մէջ իր մեծ եղբօր (Ժան Ժելէ) հետ։ Ժանը փայտի փորագրութեան ու ակնազարդման (inlay work) մասնագիտացած արուեստագէտ մըն էր եւ Քլոտին սորվեցուց գծագրութեան տարրական հիմունքները։ Ապա Քլոտ ճամբորդեց Իտալիա՝ նախ աշխատելով Կոֆրետօ Վալսի (Goffredo Wals) մօտ Նէապոլի մէջ, ապա միանալով Ակոսթինօ Թասիի (Agostino Tassi) արուեստանոցին Հռոմի մէջ։
Սակայն Զանտրարթի պատմածը Քլոտի կանուխ տարիներուն մասին բաւական տարբեր է, եւ արդի ուսումնասիրողները ընդհանրապէս նախապատուութիւնը կու տան այս տարբերակին կամ կը փորձեն համադրել երկուքը։ Ըստ Զանտրարթի՝ Քլոտ լաւ չէր յառաջադիմեր գիւղի դպրոցին մէջ եւ աշակերտած է հրուշակագործի մը։ Խոհարարներու եւ հրուշակագործներու ընկերակցութեամբ մը (Լորրէնը մեծ համբաւ ունէր հրուշակեղէնի պատրաստութեան մէջ)՝ Քլոտ ճամբորդած է Հռոմ եւ ի վերջոյ իբրեւ ծառայ եւ խոհարար աշխատանքի անցած Թասիի մօտ, որ որոշ ատեն ետք զինք դարձուցած է աշակերտ եւ սորվեցուցած գծագրութիւն ու նկարչութիւն։ Թէ՛ Վալսը եւ թէ՛ Թասին բնանկարիչներ էին. առաջինը բաւական անյայտ էր եւ փոքրագործութիւններ կը ստեղծէր, մինչդեռ Թասին (ծանօթ իբրեւ Արթեմիզիա Ճենթիլեսքիի բռնաբարողը) ունէր մեծ արուեստանոց մը, որ մասնագիտացած էր պալատներու որմնանկարչական ծրագիրներու մէջ։
Թէեւ մինչեւ 1620-ական թուականները Քլոտի կեանքի մանրամասնութիւնները կը մնան անհամոզիչ, արդի ուսումնասիրողներէն շատերը կամաձայնին, որ ան աշակերտած է Վալսի շուրջ 1620–1622 թուականներուն, իսկ Թասիի՝ մօտաւորապէս 1622/23-էն 1625։ Ի վերջոյ, Պալտինուչի կը հաղորդէ, որ 1625-ին Քլոտ ուղեւորուած է վերադառնալու Լորրէն՝ ուսանելու Քլոտ Տրուէի (Claude Deruet) մօտ, աշխատելով կորսուած որմնանկարչական ծրագիրի մը յետնապատկերներուն (ֆոնին) վրայ, սակայն համեմատաբար շուտ՝ 1626-ին կամ 1627-ին, ձգած է անոր արուեստանոցը։ Ան վերադարձած է Հռոմ եւ հաստատուած՝ Վիա Մարկութայի (Via Margutta) տան մը մէջ, Իսպանական աստիճաններու եւ Թրինիթա տէյ Մոնթիի (Trinità dei Monti) մօտակայքը, մնալով այդ թաղամասին մէջ իր կեանքի մնացեալ մասը[11]։
Իր ճամբորդութիւններուն ընթացքին, Քլոտ կարճ ժամանակով կանգ առած է Մարսէյ, Ճենովա եւ Վենետիկ, եւ առիթն ունեցած է ուսումնասիրելու բնութիւնը Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Պաւարիոյ մէջ։ Զանտրարթ Քլոտի հանդիպած է 1620-ականներու վերջաւորութեան եւ հաղորդած, որ այն ատեն արուեստագէտը արդէն սովորութիւն ունէր բացօթեայ ուրուագծումներ ընելու, յատկապէս արշալոյսին եւ մայրամուտին, տեղւոյն վրայ իւղաներկ ուսումնասիրութիւններ կատարելով։ Քլոտի թուագրուած առաջին նկարը՝ «Բնանկար անասուններով եւ գիւղացիներով» (Ֆիլատելֆիոյ արուեստի թանգարան), որ կը թուագրուի 1629-ով, արդէն իսկ ցոյց կու տայ լաւ զարգացած ոճ եւ տեխնիկա։ Յաջորդ քանի մը տարիներուն անոր համբաւը կայունօրէն աճեցաւ, ինչպէս կը վկայեն Հռոմի մէջ Ֆրանսայի դեսպանին (1633) եւ Սպանիոյ Փիլիպոս Դ. թագաւորին (1634–35) պատուէրները։ Պալտինուչի հաղորդած է, որ յատկապէս կարեւոր պատուէր մը ստացուած է Գարտինալ Կուիտօ Պենթիվոլիոյէն (Guido Bentivoglio), որ տպաւորուած էր Քլոտի իրեն համար նկարած երկու բնանկարներէն, եւ արուեստագէտը յանձնարարած է Ուրպանոս Ը. Պապին։ 1635–1638 թուականներուն Պապին համար չորս նկար պատրաստուեցաւ՝ երկու մեծ եւ երկու փոքր՝ պղինձի վրայ[12]։
Այս հանգրուանէն սկսեալ, Քլոտի համբաւը ապահովուած էր։ Ան շարունակեց իրականացնել բազմաթիւ կարեւոր պատուէրներ՝ թէ՛ իտալացի եւ թէ՛ միջազգային պատուիրատուներու կողմէ։ Մօտաւորապէս 1636-ին ան սկսաւ ցուցակագրել իր գործերը՝ գրիչով եւ լուացման (լոյս ու ստուերի) տեխնիկայով (pen and wash) նկարելով իր գրեթէ բոլոր նկարները, երբ անոնք կը լմննային (թէեւոչ միշտ տարբերակուած տարբերակները), եւ գծագրութիւններէն շատերուն ետեւի կողմը կը գրէր գնորդին անունը, թէեւոչ միշտ բաւարար չափով պարզ՝ այժմ զանոնք նոյնացնելու համար։ Այս հատորը Քլոտ անուանեց «Liber Veritatis» (Ճշմարտութեան Գիրք)։
1650-ին Քլոտ տեղափոխուեցաւ դրացի տուն մը Վիա Փաոլինայի (այսօր՝ Վիա տել Պապուինոյ) վրայ, ուր ապրեցաւ մինչեւ իր մահը։ Արուեստագէտը երբեք չամուսնացաւ, սակայն 1658-ին որդեգրեց որբ մանուկ մը՝ Անիէսը. հաւանական է, որ ան Քլոտի հարազատ դուստրն էր նոյնանուն ծառայէ մը։ Քլոտի եղբայրներուն տղաքը միացան տան անդամներուն 1662-ին (Ժան՝ Տընի Ժելէի տղան) եւ շուրջ 1680-ին (Ժոզէֆ՝ Մելքիոր Ժելէի տղան)։ 1663-ին Քլոտ, որ կը տառապէր հոդատապէ (gout), ծանրօրէն հիւանդացաւ. անոր վիճակը այնքան լուրջ դարձաւ, որ կտակ մը կազմեց, սակայն յաջողեցաւ ապաքինիլ։ 1670-էն ետք ան աւելի քիչ նկարեց, սակայն այդ թուականէն ետք աւարտած գործերը կը ներառեն այնպիսի կարեւոր նկարներ, ինչպիսին են «Ափամերձ տեսարան Պերսեւսով եւ քորալի ծագումով» (1674)՝ նկարուած հռչակաւոր հաւաքորդ Գարտինալ Քամիլլոյ Մասսիմոյի համար[13], եւ «Ասկանիոսը կը սպաննէ Սիլվիայի եղնիկը»՝ Քլոտի վերջին նկարը, որ պատուիրուած էր Իշխան Լորրէնցօ Օնոֆրիօ Քոլոննայի կողմէ, որ իր վերջին տարիներու ամէնակարեւոր հովանաւորն էր։ Արուեստագէտը մահացաւ իր տան մէջ՝ 23 Նոյեմբեր 1682-ին։ Ան նախապէս թաղուեցաւ Թրինիթա տէյ Մոնթիի մէջ, սակայն անոր աճիւնները 1840-ին փոխադրուեցան Սան Լուիճի տէյ Ֆրանչեզի[14]։
Իր մահուան ատեն ան կը տիրապետէր իր նկարներէն միայն չորսին, սակայն՝ իր գծագրութիւններու (էսքիզներու) մեծ մասին։ «Liber Veritatis»-էն զատ, անոնցմէ շատերը կազմուած հատորներու մէջ էին. գոյքացուցակը կը յիշատակէ 12 կազմուած գիրք եւ առանձին թերթերու մեծ «տուփ» կամ թղթապանական մը։ Հինգ կամ վեց մեծ կազմուած հատորներ մնացին իր ժառանգորդներուն, ներառեալ «Թիվոլիի գիրքը», «Քամփանեայի գիրքը», «Կանուխ շրջանի ուրուագծատետրը» եւ «Կենդանիներու ալպոմը»։ Անոնք բոլորն ալ այժմ մասնատուած եւ ցրուած են, թէեւ, քանի որ թերթերը համարակալուած էին, անոնց բովանդակութիւնը մեծապէս վերականգնուած է մասնագէտներու կողմէ։[15]
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1 2 Claude Lorrain
- 1 2 Biblioteca Virtual Miguel de Cervantes — 1999.
- 1 2 3 4 Store norske leksikon — 1978. — ISSN 2464-1480
- 1 2 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- 1 2 RKDartists
- 1 2 Nationalencyklopedin — 1999.
- 1 2 Лоррен Клод // Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1969.
- ↑ https://wayback.archive-it.org/22902/20250403005759/https://www.nga.gov/accademia/en/persons/claude_lorrain.html
- ↑ (անգլերեն) Claude Lorrain, 2026-07-20, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Claude_Lorrain&oldid=1365070361, վերցված է 2026-09-03
- ↑ Sonnabend, Whiteley, 2011, 19.
- ↑ Kitson, Nos. 9, 10 and 14, all these now in England, the fourth in France.
- ↑ freelancis, gaspard from. "Claude Lorrain / Coast View with Perseus and the Origin of Coral"
- ↑ Sonnabend, Whiteley, 2011, 19.
- ↑ Sonnabend & Whiteley, 59; Kitson, 34–35