Քլոտիա Գարտինալէ
| Գլաուտիա Գարտինալէ Claudia Cardinale | |
|---|---|
|
Գլաուտիա Գարտինալէ, 1960-ին | |
| Ծննդեան անուն | իտալ.՝ Claude Joséphine Rose Cardinale |
| Ծնած է | 15 Ապրիլ, 1938 |
| Ծննդավայր | Լա Կուլլեթ,Ֆրանսական Թունուզ |
| Մահացած է | 23 Սեպտեմբեր 2025 |
| Մահուան վայր | Nemours, arrondissement of Fontainebleau, Սեն-է-Մարն, Իլ տը Ֆրանս, Ֆրանսիայի մետրոպոլիս, Ֆրանսա[1][2][3] |
| Քաղաքացիութիւն | իտալական |
| Ազգութիւն | իտալացի |
| Մայրենի լեզու | Իտալերէն |
| Ուսումնավայր | Շարժարուեստի Փորձառական Կեդրոն |
| Տեսակ | արկածախնդրական |
| Մասնագիտութիւն | դերասան |
| Վարած պաշտօններ | ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Բարի Կամքի Դեսպան |
| Ամուսին | Ֆրանքօ Քրիսթալտի |
Քլոտիա «Գլաուտիա» Գարտինալէ (իտալ․՝ [ˈklaudja kardiˈnaːle]; Ապրիլ 15, 1938 – Սեպտեմբեր 23, 2025) իտալացի դերասանուհի մըն էր։ Ան միջազգային ճանաչումի արժանացաւ աւելի քան վեց տասնամեակներու ընթացքին, որպէս իտալական շարժապատկերի առաջատար դէմքերէն մէկը, Սոֆիա Լորենի եւ Ճինա Լոլոպրիճիտայի կողքին։ 1960-ական թուականներուն փառաբանուած է որպէս «աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ կինը», ինչպէս նաեւ նկատուած է ժամանակաշրջանի ցանկայարոյց (սէքսի) խորհրդանիշը: Գարտինալէ նկարահանուած է աւելի քան 175 ժապաւէններու մէջ՝ մեծամասնութիւնը Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ, տարբեր ժանրերով, ներառեալ կատակերգութիւն, տրամա, սփակեթի ուէսթըրն եւ պատմական ֆիլմեր։ Ան համագործակցած է ճանչցուած բեմադրիչներու հետ, ինչպէս օրինակ՝ Ֆետերիքօ Ֆելինին, Սերճիօ Լէոնէն եւ Վերներ Հերցոկը, եւ իր ժապաւէններէն քանի մը հատը կը համարուին շարժապատկերի պատմութեան մէջ կարեւոր գործեր։ Իր մահուան պահուն, ան եւրոպական շարժապատկերի Ոսկէ Դարաշրջանի վերջին կենդանի աստղերէն մէկն էր։
Կենսագրական գիծեր եւ գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Գլաուտիա Գարտինալէ, ծնած եւ մեծցած է Լա Կուլէթ՝ Թունիսի մօտ գտնուող համայնքի մը մէջ։ 1957-ին «Թունիսի մէջ Ամէնէն Գեղեցիկ Իտալացի Աղջիկը» մրցոյթին կը յաղթէ։ Մրցանակը, դէպի Իտալիա ճամբորդութիւն մըն էր, ու ատոր շնորհիւ շարժապատկերի աշխարհի դռները լայնօրէն իր առջեւ կը բացուին։ Արտադրիչ Ֆրանքօ Քրիսթալտիի քանի մը տարի իր խնամակալի դերը կատարած է եւ աւելի ուշ ամուսնացած էր իրեն հետ։ Եգիպտացի աստղ Օմար Շարիֆի հետ Կոհայի (1958) մէջ երկրորդական դերով հանդէս գալէ ետք, Գարտինալէ կը դառնայ Իտալիոյ ամէնէն ծանօթ դերասանուհիներէն մէկը դերեր ստանցնելով «Ռոքոն եւ իր եղբայրները» (Rocco e i suoi fratelli, 1960), «Ճամպռուկով Աղջիկը» (Girl with a Suitcase, 1961), «Քարթուշ» (Cartouche, 1962), «Ընձառիւծը» (The Leopard, 1963) եւ Ֆետերիքօ Ֆելինիի «8½» (1963) ժապաւէններուն մէջ։


1963-էն սկսեալ, Գարտինալէ հանդէս կու գայ «Վարդագոյն Հովազը» ժապաւէնին մէջ՝ Տէյվիտ Նիվենի դիմաց: Ու անկէ ետք, ան կը շարունակէ մասնակցելով Հոլիվուտեան ժապաւէններու մէջ, ինչպէս օրինակ՝ «Կուրութիւն» (1966), «Կորսուած հրամանատարութիւն» (1966), «Մասնագէտները» (1966), «Ալիքներ մի՛ շինէք» (1967) Թոնի Քերթիսի հետ, «Դժոխքը Հերոսներու Հետ» (1968), «Կարմիր վրանը» (1969), «Նուրբ զոյգ մը» (1968), «Սալամանտրա» (1981), եւ Սերճիօ Լէոնէի «Մի ժամանակ Արեւմուտքի Մէջ» (1968) ուէսթըրն ժապաւէնը՝ ԱՄՆ-ու եւ Իտալիոյ համատեղ արտադրութիւնը, որով ան գովասանքի կ՛արժանանայ նախկին պոռնիկի դերին համար՝ Ճէյսըն Ռոպարտսի, Չարլս Պրոնսընի եւ Հենրի Ֆոնտայի դիմաց։
Հոլիվուտէն ձանձրացած եւ տիպար մը դառնալ չուզելով, Գարտինալէ կը վերադառնայ իտալական ու Ֆրանսական շարժապատկերներուն, եւ կ՛արժանանայ Լաւագոյն Դերասանուհիի «Տէյվիտ տի Տոնաթելլօ» մրցանակին՝ «Բուի Օրը» (1968) ժապաւէնին մէջ իր դերով եւ որպէս պոռնիկ՝ Ալպերթօ Սորտիի հետ «Աւստրալիոյ մէջ աղջիկ մը» (1971) ժապաւէնին մէջ: 1974-ին, Գարտինալէ կը հանդիպի բեմադրիչ Փասքուալէ Սքուիթերիին, որ կը դառնայ իր զոյգակիցը: Ան յաճախ կը ներկայանայ իր ժապաւէններուն մէջ, ներառեալ «Արեան եղբայրները» (1974), «Կնքահայրերու հայրը» (1978) եւ «Գլարեթան» (1984)։ Վերջինին մէջ իր խաղարկութեան համար Գարտինալէ կ՛արժանանայ «Լաւագոյն Դերասանուհիի»՝ «Նասթրօ տ'Արճենթօ» մրցանակին: 1982-ին, ան գլխաւոր դերակատարութիւն կ՛ունենայ Վերներ Հերցոկի «Ֆիզքարալտօ» ժապաւէնին մէջ՝ իբրեւ Գլաուս Քինսկիի սիրային հետաքրքրութիւնը, որ միջոցներ կը հայթայթէ Փերուի մէջ շոգենաւ մը գնելու համար:

1991-ին, ան կը շարունակէ պատմական շարժապատկերին մէջ, Ռիչարտ Պըրիի եւ Օմար Շերիֆի կողքին խաղալով Հանրի Վերնէօյի «Մայրիկ»ին ժապաւէնին մէջ։
2010-ին, Գարտինալէ կ՛արժանանայ Լաւագոյն Դերասանուհիի մրցանակին, Անթալիայի 47-րդ «Ոսկէ Նարինջ» Շարժապատկերի Միջազգային Փառատօնին՝ «Սինիորա Էնրիքա» ժապաւէնին մէջ ծեր իտալացի կնոջ մը դերակատարութեան համար:
Մայրիկ ժապաւէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1991-ին, ան Ռիչարտ Պըրիի եւ Օմար Շերիֆի կողքին, Հանրի Վերնէօյի «Մայրիկ»ին գլխաւոր դերակատարներէն է։ Ժապաւէնին նիւթը կը խօսի հայ ընտանիքի մը դժուարութիւններուն մասին, որոնք Թուրքիայէն Մարսէյ կը գաղթէ, փրկուած 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն։ Ժապաւէնին յաջողութիւնը այնքան մեծ է, որ Վերնէօյ, նոյն դերասաններով յաջորդ տարին շարունակութիւն մը կը կատարէ՝ «Փարատիս փողոց, 588»։ Շարժապատկերի քննադատները դրուատեցին Գարտինալէն մօր դերին համար։
Կանանց իրաւոնքներու պաշտպան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տարիներ շարունակ, Գարտինալէ բարձրաձայն յայտնած է աջակցութիւնը կանանց իրաւունքներուն մասին եւ դարձած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի բարի կամքի դեսպան՝ սկսած 2000-ի Մարտ ամսէն՝ ի պաշտպանութիւն Կանանց Իրաւունքներուն: 2011-ի Փետրուարին, «Լոս Անճելըս Թայմզ Մեկըզին»-ը Գարտինալէն անուանած է շարժապատկերի պատմութեան մէջ 50 ամէնէն գեղեցիկ կիներէն մէկը։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Italian screen queen Claudia Cardinale dies aged 87 — 2006.
- ↑ L'actrice Claudia Cardinale, monument du cinéma, est décédée — 2025.
- ↑ Fichier des personnes décédées
- ↑ Գլաուտիա Գարտինալէ, virtual պատմական
- ↑ Իտալական շարժապատկերի թագուհի՝ Գլաուտիա Գարտինալէ(անգլերէն),
- ↑ Իտալիոյ առասպել Գլաուտիա Գարտիալէ մահացաւ, Ֆիգարօ թերթ, 23-9-2025(ֆր.)
- ↑ Իտալիոյ թագուհի Գլաուտիա Գարտիալէ մահացաւ, Ֆրանս 24 կայան, 23-9-2025(անգլերէն)
- ↑ fi culture - Գլաուտիա Գարտինալէ, սինեմայի յուշարձանը մահացաւ, 23-9-2025
- ↑ Գլաուտիա Գարտինալէին կենսագրականը(անգլերէն)
- ↑ Մրցանակներ եւ Պարգեւներ 2002,HONORARY AWARDS OF THE FESTIVAL Գլաուտիա Գարտինալէ (անգլերէն)
- ↑ Լոս Անճըլես Թայմս -Գլաուտիա Գարտինալէ շարժապատկերի պատմութեան մէջ, 50 ամենէն գեղեցիկ կիներէն(անգլերէն)․