Jump to content

Քլիսթենիս

Քլիսթենիս
Κλεισθένης
Քլիսթենիսին կիսադրին,
Ծնած է Ք․Ա․565/570
Ծննդավայր Աթէնք, Ատիկէ, Յունաստան
Մահացած է Ք․Ա․507
Մահուան վայր Հին Աթէնք
Քաղաքացիութիւն Հին Աթէնք
Ազգութիւն յոյն
Երկեր/Գլխաւոր գործ Աթենիան բարենորոգումներ
Մասնագիտութիւն քաղաքագէտ
Վարած պաշտօններ Անուանադրական իշխանապետ (Ք․Ա․524-Ք․Ա․523)
Ծնողներ Մեղաքլիս եւ Աղարիսթի Սիքիոնացի

Քլիսթենիս (յուն․`Κλεισθένης, Κλεισθένης του Αλκμεωνίδου ο Αθηναίος)․ Ք․Ա․6-րդ դարու աթենացի քաղաքագէտ, սերած է Ալքմէոնիդի գերդաստանէն եւ Քլիսթենիս Սիքիոնացիին թոռն էր։ Կը սեպուի ժաղովրդավարութեան «հայրը», որովհետեւ Ք․Ա․ 508-Ք․Ա․507 ժողովրդավարութեան հիմերը հաստատեց Աթէնքի ժողովրդավար բարեկարգութիւններուն համար։

Քլիսթենիսին քաղաքական ասպարէզը եւ անձնական կեանքը բաւական դժուար եղած է։ Իր քաղաքական գաղափարախօսութեան համար երեք անգամ աքսորուած է, եւ միայն Փիսիսթրաթիդեսներու բռնիշխանութեան վերջաւորութեան, ան Աթէնք կը վերադառնայ։

Անոր վերագրած են ժողովրդավարական հաւասարութիւնը․ ան է որ Աթէնքի իշխանութիւնը յանձնած է Քաղաքացիներու Ատեանին։

Քլիսթենիս ծնած է Ք․Ք․570-ին։ Սերած է Ալքմէոնիդոն ազնուական ընտանիքէն։ Մայրն էր՝ Աղարիսթի Սիքիոնացին, իսկ մեծ հայրը Քլիսթենիս Սիքիոնացիին։ Հակառակ անոր թէ մեծ հայրը բռնակալ եղած է, Քլիսթենիս իւրացուցած է ժողովրդավարական սկզբունքներ։ Երբ Փիսիսթրաթիս բռնատիրութիւն կը հաստատէ (Ք․Ա․ 6-րդ դար), Ալքմէոնիտես ընտանիքը կ'աքսորէ։ Այդ ընտանիքը կարեւոր դերակատարութիւն ունէր քաղաքին քաղաքական եւ ընկերային կեանքին մէջ։ Փիսիսթրաթիսին մահէն ետք (Ք․Ա․527), Ալքմէոնիտես ընտանիքէն Քլիսթենիս Աթէնք կը վերադառնայ եւ արքոն՝ իշխանապետ կ՛ընտրուի։ Սակայն քանի մը տարի ետք, Փիսիսթրաթիսին յաջորդները՝ Իբարխոս եւ Իբիաս, զայն կրկին կ՛աքսորեն։ Ք․Ա․514-ին, Արմոդիոս եւ Արիսթողիթոնաս Իբարխոսը կը սպաննեն։

Քլիսթենիս կ՛ուղղուի Տելֆիի պատգամախօսին, որպէսզի վերջինը Սփարթացիներուն համոզէ իրեն օգնեն Աթէնքը ձերբազատել բռնակալութենէն։ Քլիսթենիսի օգնութեան դիմումը կ՛ընդունուի։ Սփարթիին Քլէոմենիս Ա․ թագաւորը Քլիսթենիսի գլխաւորութեամբ, Ատիկէ կը բերէ իր բանակը եւ Իբիասին հակառակորդներուն հետ Աքրոփոլիս կը պաշարեն։ Իբիաս Աթէնքէն կը վտարուի։

Ք․Ա․510, բռնիշխանութենէն ետք, Աթէնքի մէջ կը յայտնուին երկու քաղաքական հոսանքներ։ «Բարալիա» հատուածը Քլիսթենիսին ղեկավարութեամբ, եւ «Բեդինոն» հատուածը Իսաղորասին գլխաւորութեամբ, որ ազնուականերուն դասակարգին կը պատկանէր։

Ք․Ա․508-ին, Քլէոմենիս Ա․ Քլիսթենիս եւ ուրիշ 700 աթենացի ընտանիքներ Աթէնքէն կ՛աքսորէ։ Միաժամանակ Իսաղորաս կը փորձէ Աթէնքի Խորհրդարանի անդամները փոխարինել իրեն հակում ունեցող 300 անձերու հետ, որպէսզի սակաւապետական իշխանութիւն հաստատէ։ Սակայն կը ձախողի, երբ Աթէնքի բնակչութիւնը կ՛ըմբոստանայ, սփարթացիներուն կը վռնտէ եւ Քլիսթենիսին ետ բերել կու տայ։

Ատիկէն, Քլիսթենիսի վարչական եւ ժողովրդավար բարեկարգումներէն ետք

Քլիսթենիս երբ Աթէնք կը վերադառնայ ժողովրդավար բարեկարգութիւններու կը ձեռնարկէ եւ կը ծնի Աթէնքի ժողովրդավարութիւնը։

Քաղաքական գործ, բարեփոխումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քլիսթենիս, կը կիրարկէ ժողովրդավարական հաւասարութիւնը։

Հին «ցեղերու» դրութիւնը կը փոխարինէ արուեստականներով՝ Ատիկէի հողատարածքը, կը բաժնէ քաղաքային, միջերկրեայ եւ ծովափնեայ շրջաններու ու կը հիմնէ 10 թաղապետութիւններ («ցեղեր»)․ վերոնշեալ երեք շրջաններու ամէն մէկ «ցեղ»ի բնակիչները կը բաժնէ, հաւասար իրաւունքներ տալով իւրաքանչիւրին։ Այս ձեւով, հարուստ ազնուականները կը դադրին ուժեղ «ցեղ» մը ըլլալէ, ու կը խառնուին մնացեալներուն հետ։ Ամէն մէկ նոր շրջանին կու տայ անոր հերոսին անունը։ Աթէնք քաղաք-պետութեան իշխանութիւնը կը յանձնէ Քաղաքացիներու Ատեանին Εκκλησία του Δήμου (կը բաղկանայ 500 ընտրուած ներկայացուցիչներէ)․ հոն ամէն մէկ թաղապետութենէ («ցեղէ») 50 ներկայացուցիչ կը մասնակցի։ Ժողովները ընդհանրապէս կը գումարուին Փնիքա Πνύκα բլուրին վրայ։ Նաեւ կ՛օրինադրէ Խեցեվճիռը՝ Ostracism - εξοστρακισμός․ ժողովրդավարութեան բարեկարգման օրէնք։

Քլիսթենին հետագային Բարեկարգիչ կը կոչուի։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]