Jump to content

Քիրոս

Հին քաղաք
Քիրոս
Κύρρος
Քիրոս Սելեւկեան հին քաղաք
Երկիր Սուրիա
Երկրամաս [[Միջին Արեւելք]]
Շրջան Հալեպի կառավարչութիւն
Հիմնադրուած է՝ Ք․Ա․300

Քիրոս (յուն․՝ Κύρρος, լատ․՝Cyrrhus, արաբ․՝ Նեպի Հուրի نبي هوري եւ Խորոս حوروس)․ Սուրիոյ հին քաղաք։ Հիմնուած է Սելեւկեան կայսրութեան ընթացքին, Սելեւկոս Նիկատորին կողմէ (Մեծն Աղեքսանտրի զօրավարներէն)։ Կը գտնուի Հալէպէն 70 քլ դէպի հիւսիս-արեւմուտք, թրքական սահմաններուն մօտ, Կիլիկիոյ Քիլիս քաղաքին արեւմուտքը (24 քլ)։ Եղած է Գիրիսթիքիին մայրաքաղաքը Անտիոքիային եւ Կոմագենէին հովիտին միջեւ։

Հակիրճ պատմական տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քիրոս հիմնուած է Սելեւկեան կայսրութեան ընթացքին, Սելեւկոս Նիկատորին կողմէ, Ք․Ա․300 թ․։ Անունը յառաջ եկած է Մակեդոնիոյ Քիրոս քաղաքէն։

Հռոմէական գաւառական պղինձէ դրամ, Քիրոս, Սուրիա․ Մարքուս Աուրիլիուս կայսրին օրով

Ք․Ա․1-ին դարուն Մեծ Հայքի թագաւորութեան մաս կը կազմէ։ Ապա, Ք․Ա․64-ին հռոմէացիներուն ձեռքը կ՛իյնայ եւ զինուորական, վարչական եւ առեւտրական կեդրոն կը դառնայ։ Հետաքային, Քիրոս հերթաբար կ՛իյնայ բիւզանդացիներուն, արաբներուն 637, հայերուն՝ Բագրատունեանց հարստութեան շրջան (ԺԲ․ դարասկիզբ), Սելճուքեան սուլթանութեան, արաբներուն եւ Սուրիոյ Ազգային Բանակին (նորագոյն շրջան, 2018)։


Քիրոս (Մակեդոնիա)

[1] [2] [3] [4] [5]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]