Jump to content

Քիհնու

Եունեսքօ - Քիհնուի մշակութային տարածք
Քիհնու
Kihnu
Քիհնուի դիրքը Ռիկայի ծոցին մէջ
Երկիր Էսթոնիա
Տարածութիւն 16.4 քմ²
ԲԾՄ 9 մեթր
Բնակչութիւն 490 (2013-ի մարդահամար) մարդ
Կը գտնուի ափին Ռիկայի ծոց
Ժամային գօտի UTC+2 և Արեւելաեւրոպական ժամ
Փոստային ցուցանիշ 88005
Պարգեւներ Եունեսքօ - Քիհնուի մշակութային տարածք
Քիհնու

Քիհնու, Պալթիք ծովուն մէջ գտնուող կղզի, Ռիկայի ծոց, Էսթոնիա։ Մայրիշխանական հասարակութիւնը կը գերիշխէ։ Տարածութիւնն է 16.4 քմ²։ Ռիկայի ծոցին ամէնէն մեծ կղզին է, իսկ երկրին՝ եօթներորդը։ Քիհնուին երկարութիւնը 7 քմ է եւ լայնքը՝ 3.3 քմ։ Ծովու մակարդակէն ամենէն բարձր կէտը 8.9 մ․ է։

Քիհնուն կը պատկանի Փարնուի շրջանին եւ հարեւան կղզիներուն հետ միասնաբար կը կազմեն Քիհնուի ծխական համայնքը, որ երկրին ամէնէն փոքր քաղաքապետութիւններէն մէկն է՝ 16.8 քմ² տարածութեամբ։ Կան չորս գիւղեր. Լեմսի, Լինաքիւլա, Ռութսիքիւլա եւ Սաառէ։

Քիհնու կարելի է հասնիլ օդանաւով՝ Փարնուէն եւ կամ լաստանաւով՝ Մանիլէյտէն։

7 Նոյեմբեր 2003-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն Քիհնուի մշակութային տարածքն ու աւանդոյթները հռչակեց «Մարդկութեան բանաւոր եւ ոչ նիւթական ժառանգութեան գլուխգործոցներ»:

Քիհնու․ ծովափ մը

Քիհնու տեղական բարբառով կը կոչուի նաեւ Քիհնումուա։ Այլ լեզուներով անուններն են․ լաթվերէն՝ Ցիլու Ķīļu, բուն շուէտերէն՝ Շինօ Kynö, Էսթոնիոյ Շուէտերէն՝ Քին, եւ գերմաներէն՝ Քիւնօ։ Էսթոնական նշանակ լեզուին մէջ կղզին կը նշուի՝ նմանեցնելով Քիհնուի շրջազգեստին ուղղահայեաց երիզները: Քիհնու անուան ստուգաբանութեան վերաբերեալ տարբեր տեսութիւններ կան, որոնց շուրջ համաձայնութիւն չկայ: Անուան ամէնէն վաղ արձանագրուած տարբերակը «Քայնէ» է, 1386-էն:

Քիհնուի տղամարդիկ յաճախ ծով գտնուելուն պատճառով, կիները կղզիին առօրեայ կեանքը վարած են եւ դարձած կղզիին մշակութային ժառանգութեան պահապանները, որ կը պարփակէ արհեստագիտութիւնը, պարերը, խաղերը եւ երաժշտութիւնը։ Վերջինը, կղզիին աւանդութիւններուն մէկ կարեւոր մասն է եւ կ'ընկերանայ արհեստագիտութեան, կրօնական տօներուն եւ այլ տօնակատարութիւններուն։ Հին «ռունօ» ոճի (Cantos of the Kalevala) երգերը նոյնպէս կարեւոր են, ինչպէս նաեւ զարդերով ու վառ գոյներով զարդարուած աւանդական հագուստը։ Կան հարսանեկան ծիսակատարութիւններ, որոնք կը համարուին Քիհնուի մշակոյթին «ամենաբարդ եւ վառ արտայայտութիւնը»։

Քիհնու․ գիւղի ճամբայ

Քիհնուի բնակիչներուն մեծամասութիւնը Ուղղափառ Քրիստոնեաներ են, որոնք ԺԹ․րդ դարու կրօնափոխերուն սերունդէն են։

Քիհնուն յայտնի է իր արհեստագիտութեամբ եւ իւրայատուկ աւանդական հագուստով, որ մինչեւ օրս ալ յաճախ կը հագնուի։ Անիկա կը պարփակէ շերտաւոր փէշերը (kört), նախշուած գործած մարդոց վերնաշապիկները (troi) եւ գործած ձեռնոցները։ Երիտասարդ կիները սովորաբար երեկոյեան հաւաքոյթներ կը կազմակերպեն (ուլալիսթմինէ ülalistmine, այսինքն «ուշ արթուն մնալ»), որպէսզի ձեռնարհեստ ընեն։

Աւանդական խոհանոցը կը պարփակէ տարեկանի գետնախնձորով հացը (Rye bread)՝ խոզի ճարպով կամ պալթիքի տառախով աւելցուած խմորին, օձաձուկի ապուրը որ պատրաստուած է ձկնորսներուն կողմէ եւ քաղցր կաթի ապուրը՝ հարսանիքներուն կարեւոր ճաշ։ Փոկերու որսը կը կիրարկուի Քիհնուի մէջ եւ միսը կը համարուի նրբութիւն մը։ Ուրիշ տարբերիչ նրբութիւն մըն է կիսասանձարձակ սղոցագլուխ սագերու (ջրաթռչուններու) ձուերը, որոնք նաեւ կը գործածուին կարկանդակներ թխելու համար։

ԺԹ․րդ եւ Ի․րդ դարուն սկիզբը, Քիհնուէն բազմաթիւ մարդիկ նաւաստիներ դարձան։ Անոնցմէ ամէնէն յայտնին ինքնաշխատութեամբ սորված նաւապետ Էնն Ուուէթոան էր, նաեւ յայտնի իբրեւ Kihnu Jõnn (1848-1913․ Jõnn Իոն, Էնն անուան տեղական արտասանութիւնն է)։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]