Քեն Խաչիկեան

Քեն Խաչիկեան
Ծնած է 14 Սեպտեմբեր 1944
Ծննդավայր Վիսելիա
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Մթ. Ուիթնիի ավագ դպրոց?
Կալիֆորնիայի համալսարան Սանտա Բարբարայում?
Կոլումբիական համալսարանի իրավագիտության ֆակուլտետ?
Մասնագիտութիւն Քալիֆորնիոյ համալսարան, Սանթա Պարպարա, Քաղաքական գիտութիւններու արուեստի աստիճան
Աշխատավայր քաղաքական գործիչ
Կուսակցութիւն Ամերիկայի Հանրապետական Կուսակցութիւն
Ամուսին Մերետիթ Խաչիկեան

Քեն Խաչիկեան (անգլերէն՝ Ken Khachigian, 14 Սեպտեմբեր 1944(1944-09-14), Վիսելիա), ամերիկահայ քաղաքական խորհրդատու, ելոյթներ գրող եւ փաստաբան։ Ան առաւել յայտնի է որպէս ԱՄՆ նախագահ Ռիչըրդ Նիքսընի երկարատեւ օգնական եւ Ռոնալտ Ռեյկընի հիմնական զեկոյցները պատրաստող։

Ան Ռեյկընի 1980 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն անոր գլխաւոր ելոյթներ պատրաստողն էր, եւ հետագային ալ շարունակեց Ռեյկընի համար ելոյթներ գրել՝ առաջին երդման արարողութեան, անոր երեք տնտեսական գլխաւոր ելոյթները եւ Իրանի պատանդներուն ողջունելու ելոյթը։ Թէեւ քանի մը ամիս անց, մասնաւոր վայր տեղափոխուելու նպատակով, ան հրաժարական տուաւ, սակայն ան Ռեյկընի գլխաւոր ելոյթները կը շարունակէր գրել։

Ան մասնակցեր է 9 նախագահական արշաւերու։ Ան եղեր է Պոպ Տոուլի (1996), Ճոն Մաքքեյնի (2000) եւ Ֆրետ Թոմփսոնի (2008) նախագահական արշաւներու խորհրդական։

Վաղ տարիներ եւ կրթութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քեն Խաչիկեանը ծնած է 1944 թուականի 14 Սեպտեմբերին, Վիսեյլիայի մէջ, Քալիֆորնիա։ Ան իր երեք եղբայրներուն հետ մեծցած է իր հայրական մեծ հօրը կողմէն հիմնադրուած 60 հեքթար զբաղեցնող, բամբակ, ընկոյզ եւ խաղող աճեցնող, արեւտրական ընկերութեան մէջ։ Իր մեծ հայրը Հայոց ցեղասպանութիւնէն հրաշքով կենդանի է մնացեր` «մահուան կարաւանով» երկար ճանապարհ անցնելով Չամարլու (գիւղ Էրզրում) գիւղից մինչեւ Սուրիայի Տէր Զօր անապատ:1912 թուականին Հայաստանէն գաղթեր էր Միացեալ Նահանգներ։[1]

Ան յաճախեր է Վիսեյլիայի աւագ դպրոց, ուր ընտրուեր է կրթահամալիրի, կրտսեր եւ աւագ դասի նախագահ, եւ աւարտեր 1962 թուականին։

Ան 1966 թուականին գերազանցութեամբ աւարտեր է Քալիֆորնիոյ համալսարանը, Սանթա Պարպարայի մէջ, ստանալով քաղաքական գիտութիւնների արուեստի աստիճան, իսկ դոկտորական թեզը պաշտպաներ է Քոլումպիայի իրաւաբանական դպրոցը 1969 թուականին։[2]

Քեն Խաչիկեանի հայրը 1915թ. հրաշքով կենդանի է մնացեր` «մահուան կարաւանով» երկար ճանապարհ անցնելով Չամարլու (գիւղ Էրզրում) գիւղից մինչեւ Սուրիայի Տէր Զօր անապատ: Ամերիկա տեղափոխուելէն եւ Ֆրեզնօ հաստատուելէն յետոյ ան ծանօթացեր է Խարբերդէն գաղթածներու դուստրի հետ: Անոնց ամուսնութիւնէն ալ ծնած է Քենը: Խաչիկեան կրտսերը չցանկացաւ շարունակել հօր՝ արեւտրական ասպարէզին մէջ։ Մանկութիւնէն կ'երազէր քաղաքական գործիչ դառնալ: Իրաւաբանական կաճառի ուսանող դառնալով` Քենը օր մը որոշեց նամակ գրել Ռիչըրտ Նիքսընին, որ այն ժամանակ իր թեկնածութիւնը առաջադրեր էր նախագահի ընտրութիւններուն: Յաւակնոտ պատանին անոր կ'առաջարկէր իր ծառայութիւնները: Շուտով նախընտրական շտապէն եկաւ պատասխան, որուն մէջ գրուած էր՝ ան կրնայ միանալ թիմին որպէս կամաւոր: Այդ ժամանակէն ի վեր Խաչիկեանը քաղաքականութեան մէջ է: Ռիչրտ Նիքսընը ուշադրութիւն դարձուցած էր աշխոյժ հայու վրայ դեռ նախընտրական արշաւի ընթացքին: Նախագահ դառնալով` ան 23 տարեկան Քեն Խաչիկեանին առաջարկեց իր կրտսեր օգնականներէն մէկուն պաշտօնը: Մեր հայրենակիցը աշխատեր է Նիքսընի վարչակազմին մէջ մինչեւ 1974թ-ը, երբ ուոթերկեյթեան գայթակղութեան պատճառով ան ստիպուած էր հրաժարական տալ: Այդ օրերուն Քեն Խաչիկեանի անունը առաջին անգամ յայտնուեցաւ մամուլի էջերուն: Տարիներ անց «Եունիվերսալ տաղաւար սթուտիո» Շարժապատկերի ընկերութիւնը նկարահանեց Ուոթերկյթին նուիրված «Ֆրոսթ/Նիքսոն» շարժապատկեր ֆիլմը, որուն մէջ Խաչիկեանի դերը կատարեց հոլիուտեան յանրահայտ դերասան Գաբրիել Ճարեթը:«ԱՅԼԵՒՍ ԵՐԲԵՔ»


Աշխատանք Նիքսընի համար[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1968 նախընտրական քարոզարշաւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խաչիկեանը Քոլումպիայի համալսարանի իրաւաբանական դպրոցին մէջ էր, երբ նախկին փոխնախագահ Ռիչըրտ Նիքսընը որոշեց նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցիլ։ Ան 1967 թուականի Դեկտեմբերին դիմեց նախընտրական քարոզարշաւի կազմակերպիչներուն, առաջարկելով քարոզարշաւի ընթացքին իր կամաւորական աշխատանքը։ Խաչիկեանը Փաթ Պիւխենէնի կողմէն աշխատանքի ընդունուեցաւ Նիւ Եորքի նախընտրական շտապի մէջ։ Ան նամակներուն կը պատասխանէր իրաւաբանական դպրոցի ընդմիջումներու ընթացքին։[3][4][5]։ Այնուհետեւ ան անցաւ փոքր հետազօտական նախագիծերու, ինչպէս գտնել քաղուածքներ եւ թիւեր Նիքսընի ելոյթներու համար։ 1968 թուականի ամռանը նան որպէս հետազօտության եւ քաղաքականութեան հարցերով օգնական սկսաւ փաստաթուղթեր կազմել, գրելով գիւղատնտեսութեան, բնակարանաշինութեան եւ փոխադրութեան վերաբերեալ յօդուածներ, անմիջականօրէն ենթարկուելով քարոզարշաւի տնտեսական եւ ներքին քաղաքականութեան խորհրդական Ալան Կրինսփենին։[4][5]

Նիքսընի կառավարման առաջին շրջան (1970-72)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1970 թուականի Յունուարին, Քոլումպիայի իրաւաբանական դպրոցը աւարտելէն կարճ ժամանակ անց, ան միացաւ Նիքսընի վարչակազմին, որպէս ազգային նպատակներու հետազօտութեան աշխատակազմի մաս։ 1970 թուականի Օգոստոսին ան դարձաւ կապերու տնօրէն Հերպըրթ Քլայնի աշխատակազմի օգնական։ Այնուհետեւ նա ներգրաւուեցաւ 1970-ի երեսփոխաններու եւ ծերակոյտի ժողովի congress միջանկغալ ընտրութիւններուն՝ ելոյթներ եւ քաղաքական վերլուծութիւններ պատրաստելով։ 1971 թուականի առաջին ամիսներուն ան պատասխանատու էր վարչակազմի յատուկ առաջարկներուն աջակցելու համար։ 1971 թուականի գարնանը նա Քլեյնի աշխատակազմի մեծ մասի հետ միասին տեղափոխուեցաւ Նախագահի յատուկ խորհուրդ՝ Չարլզ Քոլսընի աշխատակազմ։ Իր պարտականութիւնները մնացին անփոփոխ։

1972 թուականի նախագահական քարոզարշաւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1971 թուականի Մայիսէն Խաչիկեանը կ'աշխատէր 1972 թուականի ԱՄՆ նախագահի վերըընտրութիւններու վրայ։ 1971 թուականի Մայիսի 27-ի յուշագրով Խաչիկեանի վրայ կը դրուի հետեւեալ պարտականութիւնները․ հետեւիլ միւս թեկնածուներուն, ձեռքի տակ ունենալ համապատասխան հետազօտութիւնները, տարբեր խօսնակներու համար ելոյթի բնագիրեր պատրաստել, կուսակցութեան առաջնորդներու եւ նման մարդկանց հետ կապի մէջ ըլլալ, յատկապէս այն նահանգներու մէջ, ուր ընդդիմութիւնը թեկնածու ունի։[6] 1972 թուականի գարնան աւարտին, ան կը համարուի ՄաքԿավերնի քարոզարշաւի վերաբերեալ Սպիտակ տան հիմնական հետազօտական աղբիւրը։

Նիքսոնի վարչակարգ, երկրորդ շրջան (1973-74)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1973 թուականի սկիզբը, Խաչիկեանը տեղափոխուեցաւ նախագահի ելոյթներ գրող անձնակազմ, աշխատելով ելոյթներ գրող աշխատակազմի ղեկավար Տէյվիտ Կերկենի անմիջական ենթակայութեան տակ, որպէս նախագահի յատուկ օգնականի տեղակալ։ Սկիզբը ան կը զբաղուէր գիւղատնտեսութեան, բնական աղբիւրներու եւ շրջակայ միջավայրի, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ իրաւական հարցերով: 1973-ի Յունիսէն սկսած, այնուամենայնիւ, ան ստանձնեց Ուոթըրկեյթի ներխուժումէն յետոյ առաջացած խնդիրներու հետազօտութիւնը։[6]

Նախագահական յուշեր եւ Ֆրոսթ/Նիքսոն հարցազրոյցներ (1975-79)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խաչիկեանը նախագահ Ճերալդ Ֆորտի համար աշխատեցաւ երկու ամիս, մինչեւ 1974 թուականի աշուն, այնուհետեւ տեղափոխուեցաւ Սան Ֆրանսիսքօ, Քալիֆորնիա՝ Նիքսոնին օգնելու իր նախագահական յուշերը թուղթին յանձնել։

1977 թուականին, ան Նիքսոնի՝ Տէյվիտ Ֆրոսթին տրուող հարցազրոյցներու գլխաւոր հետազօտողն էր։[7] 2008 թվականի Frost/Nixon պատմական դրամատիկական ֆիլմի մէջ, որ կը պատմէ Ֆրոսթ/Նիքսըն հարցազրոյցներու ետեւը ինկած պատմութիունը, Խաչիկեանին մարմնաւորեր է դերասան Գաբրիէլ Ճարեթը։[8]

Նիքսընի յիշողութիւններն ամբողջացուեցան 1978 թուականի գարնանը, սակայն Խաչիկեանը եւս մէկ տարի շարունակեց աշխատիլ Նիքսընի համար՝ օժանդակելով հետընտրական շարք մը աշխատանքներուն, եւ այդ թուարկումին մէջ՝ Նիքսոնի Եւրոպա կատարած ուղեւորութիւններու ճեպազրոյցներու կազմակերպման եւ ելոյթներու համար գաղափարներ ուրուագծելու համար: Հետագային ան իր փորձառութեան մեծ մասը վերագրած է Նիքսընի հետ, անոր յիշողութիւններու վրայ սերտ համագործակցելու չորս տարիներուն։[9]

Աշխատանք Ռեյկընի համար[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Ռոնալտ Ռեյկընի հետ աշխատեր եմ, երբ ան դեռ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ էր,- կ'ըսէ Խաչիկեանը,- հանրապետականներու փրայմերիզ յաղթանակէն յետոյ պարոն նախագահը ինծի հեռաձայնեց եւ ըսաւ. «Քեն, ինծի քո նման վստահելի մարդ պէտք է, որ ինծի հետ միասին կը շրջագայի երկրով մէկ եւ կ'օգնէ նախընտրական հանդիպումներու ընթացքին: Դուն պատրա՞ստ ես կանգնիլ իմ կողքին»: Ես պատասխանեցի՝ ի հարկէ»: 1981թ. Խաչիկեանը կը զբաղեցնէ նախագահի յատուկ հարցերով խորհրդականի պաշտօնը, այնուհետեւ կը նշանակուի Սպիտակ տան ելոյթներու գլխաւոր հեղինակ: Ռեյկընի նախագահական երկրորդ արշաւի ժամանակ անոր նախընտրական շտապի գլխաւոր խորհրդատուն էր եւ միաժամանակ վերլուծական հարցերով տնօրէնը:«Այլեւս երբեք» (Never again)
- Քեն Խաչիկեան


1980 նախագահական քարոզարշաւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խաչիկեանը միացաւ Ռոնալտ Ռեյկընի 1980-ի նախագահական քարոզարշաւին, որուն ընտրուեցաւ Ռեյկընի նախընտրական շտապի ղեկավար Սթիւ Սփենսերի կողմէն: Խաչիկեանը արշաւի ինքնաթիռով կը ճամբորդէր, քարոզարշաւի կանգառներու միջեւ ճառեր ծականշելու դակելու համար։[10] Ան մտցուց «ճակատագրական թերի» թերմինը, որ կ'օգտագործուէր ողջ քարոզարշաւի ընթացքին, նկատի ունենալով Խորհրդային Միութեան հետ ռազմավարական զենքի սահմանափակման բանակցութիւնները (ՍԱԼՏ) II։[11]

Ռեյկընի վարչակարգ, առաջին շրջան (1981-84)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1981 թուականին Խաչիկեանը նշանակուեցաւ նախագահի գլխաւոր զեկուցագիր եւ յատուկ խորհրդական։ Առաջին 100 օրերու ընթացքին Խաչիկեանը գրեց Ռեյկընի երդմնակալութեան բնագիրը՝ նախագիրը, անոր տնտեսական երեք հիմնական ելոյթները եւ Իրանէն վերադարձած պատանդներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։

1984 նախագահական արշաւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1984 թուականի նախագահական քարոզարշաւի ժամանակ, Խաչիկեանը քարոզարշաւի գլխաւոր զեկուցագիրն էր, գլխաւոր խորհրդատուն եւ հետազօտութիւններու գծով տնօրէնը։[2] Ան գրեր է Ռեյկընի 1984 թուականի առաջադրման մուտքի ելոթը եւ օդանաւի սալօնին մէջ Ռեյկընին ուղեկցող երկու օգնականներէն մէկը։ Խաչիկեանը, այլ խորհրդականներու հետ միասին, Ռեյկընին օգներ էր նաեւ, նախագահի դեմոկրատ թեկնածու Ուոլթըր Մոնտեյլի հետ բանավէճին։

Ռեյկընի վարչակարգ, երկրորդ շրջան (1985-88)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1985 թուականի Մայիսին Ռեյկընը Գերմանիոյ Պերկեն-Պելսենի համակեդրոնացման ճամբարին մէջ հանդէս եկաւ Խաչիկեանի գրած ելոյթով։ Նախորդ ամիս վարչակազմը յայտարարեր էր, որ Ռեյկընը, Արեւմտեան Գերմանիոյ Քանցլեր Հելմութ Քոլի առաջարկով, կ'այցելէ Պիտպուրկի մերձակայքը գտնուող Քոլմէշոի գերեզմանատուն, յարգանքի տուրք մատուցելու այնտեղ թաղուած զինծառայողներուն: Այցը երկու երկիրներու միջեւ բարի կամքի խորհրդանշական առաքելութիւն ունէր, սակայն Ռեյկընի աշխատակազմն անտեղեակ էր, որ այնտեղ թաղուած էին նաեւ ՍՍ-ի 49 զինուորականներ։

1988 թուականի Օգոստոսին Խաչիկեանը պատրաստեց Ռեյկընի հրաժեշտի ուղերցը Հանրապետական ազգային համագումարին, որ տեղի պիտի ունենար Նոր Օռլեանի մէջ։ Այնուհետեւ ան միացաւ Պուշի քարոզարշաւին, որպէս փոխնախագահի թեկնածու Տեն Քուեյլի օգնական։ Ան 10 շաբաթ շարունակ ճամբորդեց Քուեյլին հետ, օգնելով անոր նախապատրաստուիլ բանավէճերուն եւ քարոզարշաւի ելոյթներուն։[12]

Աշխատանքը Քալիֆորնիոյ քարոզարշաւներու մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1980-ականներէն ի վեր Խաչիկեանը աշխոյժ էր Քալիֆորնիոյ ընտրութիւններուն։ Ան կը համարուի Հանրապետական կուսակցութեան Քալիֆորնիական քաղաքականութեան "առիւծ"։[13] Հանրայայտ քաղաքական մեկնաբան Պոպ Նովաքը գրել է, որ Խաչիկեանը «թերեւս պետութեան գերագոյն հանրապետական ​​ռազմագէտ ու խոսափողն է»։[14]

1982 եւ 1986 թուականներու նահանգապետական արշաւներու ընթացքին, Խաչիկեանը նահանգապետ Ճորճ Տոքմեճեանի գլխաւոր խորհրդատուն եւ ռազմավարն էր։ Ան նաեւ Քալիֆորնիոյ գլխաւոր դատախազ Տեն Լունկրենի երկու յաղթական արշաւներու տնռրէնն ու գլխաւոր խորհրդատուն էր։ Խաչիկեանը նաեւ յաղթանակ ապահովեց ԱՄՆ ծերակուտական թեկնածու Պրիւս Հերշենսոնին, որ յետին ծրագիրէն գալով յաղթեց 1992 թուականի ծերակոյտի ընտրութիւններուն։ Հերշենսոնի այդ անհաւատալի յաղթանակի եւ Տեն Լունկրենի երկու յաղթական արշաւներու համար, The San Francisco Chronicle'-ի առաջատար քաղաքական մեկնաբան Ճերրի Ռոպըրթսը Խաչիկեանին ներկայացուցեր է որպէս "Հանրապետական կուսակցութեան խորամանկ հաղորդագրութիւններ ստեղծող" եւ "լաւագոյն տնօրէն"։[14]

Խաչիկեանը խորհրդատուութիւն իրականացուցած է Փիթ Ուիլսոնին ԱՄՆ-ի ծերակոյտի ընտրութիւններուն եւ կառավարական քարոզարշաւներուն, իսկ 1998 թուականին Մինկ Չենին առաջնորդեր է Քալիֆորնիոյ Գերագոյն դատարանի ընտրութիւններուն:

Աշխատանք նախագահական քարոզարշաւներու մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խաչիկեանը նախագահական ինը արշաւներու վեթերան է։[15] Բացի Նիքսոնի Ռեյկընի եւ Պուշ-Քուեյլի արշաւներու, 1996 թուականին ան նաեւ աշխատեր է նախագահի թեկնածու Պոպ Տոլի գլխաւոր խորհրդական։ Ան ղեկավարեր է Պոպ Տոլի Քալիֆորնիոյ արշաւը եւ ծրագրեր եւ վերահսկեր միջոցառումներու ողջ ընթացքը։[5]

2000 թուականի քարոզարշաւի ընթացքին Խաչիկեանը ծերակուտական Ճոն Մըքքեյնի գլխաւոր խորհրդատուն էր, որ կը ճամբորդէր անոր հետ նախընտրական ժամանակահատուածին, երբ Մըքքեյնը կը փորձէր նախագահի թեկնածու ընտրուիլ Հանրապետական կուսակցութիւնէն։ Հետագային ան Պուշ-Չեյնի արշաւի խորհրդատուն էր Քալիֆորնիոյ եւ ողջ երկրին մէջ։

Խաչիկեանի մասնակցութիւնը նախագահական ընտրութիւններուն վերջին անգամ տեղի ունեցեր է 2008 թուականի Ֆրետ Թոմփսոնի նախագահական քարոզարշաւի ժամանակ։

Համաձայն Հանրային թափանցիկութեան կեդրոնի, ընդդիմութեան հետազօտութիւնը սկսեր է համակարգուած բնոյթ կրել 1970-ականներին, երբ Խաչիկեանը Հանրապետականներուն առաջարկեր է ընդդիմադիր անհատներու գործերը պահել, որպէս ապահովագրութիւն ապագայ մրցավազքերէն։[16]

Անձնական կեանք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խաչիկեանը Քալիֆորնիայի Օրանժ երկրամասի իրաւաբանական գրասենեակի գլխաւոր գործընկերն է, նա Ռիչըրտ Նիքսոն Հիմնադրամի պատուաւոր տնօրէնն է։ Խաչիկեանը բազմաթիւ քաղաքական, իրաւաբանական ընկերութիւններու, ինչպէս նաեւ "Քարոզարշաւներ եւ ընտրութիւններ" ամսագիրի խորհուրդի անդամ է։ Ան Armenian Eyecare Project-ի խորհուրդի անդամ է, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիայի շրջակայ միջավայրի եւ տնտեսական հաւասարակշռութեան խորհուրդի կազմին մէջ է։[2]

Նախապէս, 1986–1992 թուականներուն, ան ծառայեր է Հուվըր հիմնարկի վերակացուներու խորհուրդին մէջ, 1983–1989 թուականներին, Ամերիկայի Հայկական համագումարի խորհուրդի անդամ եւ Ռեյկընի նշանակմամբ Արդարադատութեան ազգային հիմնարկիի խորհրդատուական խորհուրդին մէջ։[14]

1989 թուականին, ան, Քալիֆորնիոյ համալսարանէն Սանթա Պարպարա նշանակալի յաջողութիւններու համար մրցանակ ստացաւ։[17]

2015 թուականին, ան ներառուեր է "100 հայեր, որ փոխեցին աշխարհը" ցանկին մէջ։[18]

Ան ամուսնացած է Մերետիթ Խաչիկեանի հետ, որ երեք շրջան եղեր է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ռեկենթներու խորհուրդի նախագահը։[19]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Այլեւս երբեք» (Never again) Archived 2020-02-23 at the Wayback Machine.

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Dole's California Missionary Preaches the Doctrine of Victory»։ Los Angeles Times։ 1996-10-04։ արտագրուած է՝ 2015-09-02 
  2. 2,0 2,1 2,2 «Biography at Brownstein Hyatt Farber Schreck»։ Brownstein Hyatt Farber Schreck։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-07-27-ին։ արտագրուած է՝ 2015-09-03 
  3. «All the President's Women and Men»։ Orange Coast Magazine։ July 1990։ արտագրուած է՝ 2015-08-31 
  4. 4,0 4,1 «U.S. presidents through the eyes of Greenspan»։ USA Today։ 2007-09-17։ արտագրուած է՝ 2015-08-31 
  5. 5,0 5,1 5,2 «Former A.S. President Recounts Career»։ The Daily Nexus։ 2007-04-13։ արտագրուած է՝ 2015-08-25 
  6. 6,0 6,1 «Kenneth L. Khachigian Textual Materials»։ Nixon Presidential Library and Museum։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-09-05-ին։ արտագրուած է՝ 2015-09-05 
  7. Gold Sylviane (2008-11-02)։ «The Interview That Was a Play Becomes a Film»։ The New York Times։ արտագրուած է՝ 2009-01-04 
  8. «Frost/Nixon (2008)»։ Internet Movie Database։ արտագրուած է՝ 2009-01-02 
  9. «All the President's Women and Men»։ Orange Coast Magazine։ July 1990։ արտագրուած է՝ 2015-08-31 
  10. Cannon, Lou (2000) President Reagan: The Role of a Lifetime. PublicAffairs, p. 73.
  11. Paterno, Susan (August 16, 1988) "The Speech Writer: OC Man Helps Reagan Bow Out In Style". The Orange County Register, p. A13.
  12. «How Do You Solve a Problem Like Sarah Palin?»։ Salon։ 2008-10-02։ արտագրուած է՝ 2009-01-08 
  13. Marinucci Carla (2007-06-04)։ «The Spin Cycle: Thompson Hires Veteran California Pol»։ The San Francisco Chronicle։ արտագրուած է՝ 2009-01-08 
  14. 14,0 14,1 14,2 «Board of Directors: Ken Khachigian»։ Armenian Eye Care Project։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2 May 2014-ին։ արտագրուած է՝ 30 April 2014 
  15. «Thompson On Heels of Frontrunners, Adviser Says»։ National Public Radio։ 2007-07-19։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-10-22-ին։ արտագրուած է՝ 2009-01-08 
  16. Mencimer Stephanie (30 May 2008)։ «Dirty Politics»։ Center for Public Integrity 
  17. «Distinguished Alumni Award»։ UC Santa Barbara Alumni Association։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 19 March 2015-ին։ արտագրուած է՝ 14 December 2015 
  18. «100 Armenians Who Changed the World»։ 100 LIVES։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 22 December 2015-ին։ արտագրուած է՝ 14 December 2015 
  19. «Board of Directors: Meredith Khachigian»։ Armenian Eye Care Project։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 7 July 2013-ին։ արտագրուած է՝ 30 April 2014