Քելվըն Քլայն
| Քելվըն Քլայն անգլերէն՝ Calvin Klein | |
|---|---|
|
| |
| Ծննդեան անուն | անգլերէն՝ Calvin Richard Klein |
| Ծնած է | 19 Նոյեմբեր 1942[1][2][3][…] (83 տարեկան) |
| Ծննդավայր | Պրոնքս, Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
| Քաղաքացիութիւն |
|
| Մայրենի լեզու | անգլերէն |
| Ուսումնավայր | Նիւ Եորքի արուեստի ուսանողական լիկա, Նորաձեւութեան Արհեստագիտական Հիմնարկ[5][6], Արուեստի եւ Նորաձեւութեան Բարձրագոյն Քոլէճ և Առեւտրական Դպրոց |
| Մասնագիտութիւն | ձեւաւորող, նորաձեւութեան փորձագէտ, դերասան և գործարար |
| Կուսակցութիւն | Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն |
| Երեխաներ | Մարսի Քլայն |
| Կայքէջ |
www |
Քելվին Ռիչըրտ Քլայն (19 Նոյեմբեր 1942), ամերիկացի նորաձեւութեան աստղ[7]։
1968-ին կը հիմնէ այն ընկերութիւնը, որ հետագային պիտի վերածուէր «Քելվին Քլայն» (Calvin Klein) վաճառանիշին։
Հագուստեղէնէն բացի, ան իր անունը տուած է նաեւ օծանելիքներու, ժամացոյցներու եւ զարդերու շարքի մը[8]։
Վաղ կեանքն ու կրթութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քլայն ծնած է 19 Նոյեմբեր 1942-ին, Նիւ Եորք քաղաքի Պրոնքս թաղամասին մէջ, հրեայ ընտանիքի մը մէջ։
Ան Ֆլոր Քլայնի (ծննդեան մականունով՝ Սթերն, 1909-2006) եւ Լէօ Քլայնի որդին է[9]։
Հայրը ծնած էր Աւստրօ-Հունգարական կայսրութեան Պոյանի քաղաքին մէջ (այժմ՝ Ուքրանիա) եւ ներգաղթած էր Նիւ Եորք։
Մանկութեան տարիներուն Քլայն յաճախած է Պրոնքսի «J.H.S. 80 դպրոցը»։
Ան Մենհեթընի Արուեստի Բարձրագոյն Դպրոցէն ստացած է իր վկայականը։ Ապա ուսումը շարունակած է Նիւ Եորքի Նորաձեւութեան Արհեստագիտութեան Հիմնարկին մէջ[10]։
Առաջին տարիէն ետք, վեց ամիս դադրեցուցած է ուսումը, ապա վերադարձած՝ իր աստիճանը ամբողջացնելու համար։
Մասնագիտական գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1962-ին Քլայն աշկերտ եղած է վերարկուներու եւ զգեստներու արտադրութեամբ զբաղող հին եւ հեղինակաւոր ընկերութեան մը՝ «Dan Millstein»ի մէջ։
Ապա հինգ տարի աշխատած է Նիւ Եորքի տարբեր խանութներու եւ արտադրամասերու մէջ՝ իբրեւ ձեւաւորող։
1968-ին Քլայն իր մանկութեան բարեկամին՝ Պարրի Ք. Շուըրցի հետ կը հիմնէ իր առաջին ընկերութիւնը։
Շուըրց կը մտածէր Հարլըմի մէջ վաճառատուն մը գնելու մասին, Քլայն անոր կ'ըսէ, թէ կ'ուզէր միջին գինով, մաքուր տեսքով հագուստներ նախագծել։
Քլայն հետագային կը պատմէ. «Երբ ըսի, որ դրամի պէտք ունիմ՝ անձնական գործ մը սկսելու համար, ան ըսաւ. “Դրամը ունիս”»։ Շուըրց նաեւ կը դառնայ իր գործավարն ու գործարար գործընկերը։
Արտադրական աշխատանքէն հեռանալէ ետք, Քլայն գրասենեակ մը կը հաստատէ պանդոկի մը սենեակին մէջ, կը սկսի վերարկուներ նախագծել եւ ի վերջոյ իր ստեղծագործութիւնները կը ներկայացնէ «Պոնուիթ Թելլըր» (Bonwit Teller) հանրախանութի մը գնորդին, որ կը հաւնի իր աշխատանքները։
Ան կը դառնայ Պարոն տը Կիւնցպուրկի հովանաւորեալը։ Վերջինս Քլայնը կը ծանօթացնէ Նիւ Եորքի բարձրաշխարհիկ նորաձեւութեան շրջանակներուն՝ անկէ առաջ, երբ ան իր առաջին լայն ժողովրդականութիւնը ձեռք կը բերէր իր առաջին ճինզերու շարքով։
Նիւ Եորքի Նորաձեւութեան Շաբթուան ընթացքին, իր առաջին կարեւոր ցուցադրութենէն անմիջապէս ետք, ան լայն ճանաչում կը ստանայ իր տաղանդին համար։
1974-ին Քլայն կը նախագծէ մարմինին սերտօրէն կպչող իր նշանաւոր ճինզերը, որոնք վաճառքի առաջին շաբթուան ընթացքին կ'ապահովէ 200,000 տոլարի եկամուտ։
1998-ին Քլայն կը մասնակցի «Կայսեր նոր հագուստները» հեքիաթի հանրային ընթերցումի մը, որ կազմակերպուած էր «Սթարպրայթ Ֆաունտէյշըն»ի (Starbright Foundation) կողմէ՝ հիւանդ երեխաներուն օգնելու նպատակով։
Անձնական կեանք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քլայն Միացեալ Նահանգներու Դեմոկրատական կուսակցութեան աջակից է։
1980-էն ի վեր ան աւելի քան 250,000 տոլար նուիրաբերած է թեկնածուներու եւ քաղաքական գործողութեան յանձնախումբերու։
Ամուսնութիւններ եւ յարաբերութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քլայն 1964-ին կ'ամուսնանայ ձեւաւորող Ճէյն Սենթրի հետ։
Թէեւ անոնք նոյն բարձրագոյն դպրոցը յաճախած էին եւ Նիւ Եորքի մէջ իրարու դրացի մեծցած, Քլայն եւ Սենթր համալսարանական տարիներուն կը հանդիպին եւ կը սկսին ընկերութիւն ընել։
Անոնք ունին մէկ դուստր՝ հեռատեսիլի արտադրող Մարսի Քլայն, որ առաւելաբար ծանօթ է «NBC-ի Saturday Night Live» եւ «30 Rock» հաղորդաշարերուն մէջ իր աշխատանքով։ Զոյգը կ'ամուսնալուծուի 1974-ին։
Սեպտեմբեր 1986-ին Քլայն Հռոմի մէջ կ'ամուսնանայ իր օգնականին՝ Քելի Ռեքթըրի հետ, երբ զոյգը հոն կը գտնուէր գնումներու նպատակով։ Հետագային Ռեքթըր կը դառնայ ճանչցուած ընկերային լուսանկարիչ։
1996-ին անոնք կը բաժնուին, իսկ ամուսնալուծութիւնը վերջնականապէս կը հաստատուի տասը տարի ետք՝ Ապրիլ 2006-ին։
2010-էն 2012 Քլայն յարաբերութիւն ունեցած է մանեքեն Նիքոլաս Կրուպըրի հետ, որ իրմէ 47 տարի աւելի փոքր էր։
2016-էն ի վեր ան յարաբերութեան մէջ է մանեքեն Քեւին Պէյքըրի հետ:
Բնակարաններ եւ կալուածներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երկար տարիներ Քլայն տուն մը ունէր Նիւ Եորք նահանգի Ֆայըր Այլընտ Փայնզի մէջ՝ Ֆայըր Այլընտ կղզիին վրայ։
Ան հոն հիւրընկալած է իր բարեկամներէն արուեստագէտ Էնտի Ուորհոլը, «Studio 54»ի սեփականատէր Սթիվ Ռուպըլը, նորաձեւութեան ձեւաւորող Չեսթըր Ուայնպըրկը եւ լրատուական գործարար Տէյվիտ Կեֆընը։
Թէեւ ան կալուածը կը վաճառէ 1995-ին, սակայն անիկա մինչեւ օրս ճանչցուած է իբրեւ «Քելվին Քլայնի տուն»։
2003-ին Քլայն Նիւ Եորք նահանգի Լոնկ Այլընտի Սաութհեմփթըն քաղաքին մէջ կը գնէ ծովափնեայ կալուած մը. կը քանդէ հին շինութիւնը՝ անոր տեղ կառուցելու համար 75 միլիոն տոլար արժողութեամբ առանձնատուն մը։
2015-ին ան Ֆլորիտայի Մայամի Պիչ քաղաքին մէջ գտնուող իր առանձնատունը վաճառքի կը հանէ 16 միլիոն տոլարի դիմաց։
Ֆլորիտայի տունը կը վաճառուի Փետրուար 2017-ին՝ 12,850,000 տոլարի։ Նոյն տարուան Յունիսին Քլայն 25 միլիոն տոլարով Լոս Անճելըսի մէջ առանձնատուն մը կը գնէ։
Պարգեւներ եւ պատուանշաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1983-ին Քլայն կ'ընդգրկուի Միջազգային Լաւագոյն Հագուստներու Ցանկին մէջ։
Ան նաեւ 1981, 1983 եւ 1993 թուականներուն կ'արժանանայ «CFDA»ի պարգեւներուն։
2003-ին Քլայն Նորաձեւութեան Արհեստագիտութեան Հիմնարկէն կը ստանայ պատուոյ դոկտորի աստիճան։
Ժողովրդական մշակոյթի մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2026-ին հրապարակուած «Love Story» հեռատեսիլի շարքին մէջ Քլայնի դերը մարմնաւորած է դերասան Ալեսանտռօ Նիվոլա։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Person Profile // Internet Movie Database — 1990.
- ↑ Encyclopædia Britannica
- ↑ Brockhaus Enzyklopädie — F.A. Brockhaus, 1796.
- ↑ Ժամանակակից արվեստի թանգարանի առցանց հավաքածու
- ↑ https://timeline.fitnyc.edu/
- ↑ https://www.fitnyc.edu/academics/academic-divisions/art-and-design/fashion-design/beyond-graduation.php
- ↑ Քելվին Ռիչըրտ Քլայն
- ↑ Ամերիկացի նորաձեւութեան աստղը
- ↑ Ֆլոր Քլայն
- ↑ Քելվին Քլայն