Քարիմ Բագրատունի
| Քարիմ Բագրատունի արաբերէն՝ كريم بقرادوني | |
|---|---|
| Ծնած է | 18 Օգոստոս 1944 (81 տարեկան) |
| Ծննդավայր | Պէյրութ, Լիբանան |
| Քաղաքացիութիւն |
|
| Կրօնք | Մարոնի Կաթոլիկ Եկեղեցի |
| Ուսումնավայր | Սեն Ժոզէֆ համալսարան և Ժամհուրի Տիրամօր Քոլէճ |
| Մասնագիտութիւն | քաղաքական գործիչ և փաստաբան |
| Կուսակցութիւն | Քաթայիբ? |
Քերիմ Բագրատունի (18 Օգոստոս 1944, Պէյրութ, Լիբանան) լիբանանահայ փաստաբան եւ քաղաքական գործիչ է։ Ան Քաթայէպ կուսակցութեան մէջ ազդեցիկ դէմք մըն էր եւ այդ կուսակցութեան ղեկավարը եղած է։ Ան նաեւ կարեւոր դեր ունեցած է Լիբանանեան Ուժերուն (Lebanese Forces) տարբեր փուլերուն ընթացքին։ 2004-ին Ռաֆիք Հարիրիի կառավարութեան մէջ նախարար եղած է։
Վաղ կեանք եւ կրթութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բագրատունի ծնած է Պէյրութի հայաշատ Պուրճ Համուտ թաղամասին մէջ, 18 Օգոստոս 1944-ին՝ հայ առաքելական հայրը՝ Մինաս Բագրատունի եւ մարոնի կաթողիկէ մայրը՝ Լուոր Շալլիթա, Քարթապայէն։[1] Մինաս Բագրատունին Օսմանեան Կայսրութենէն հեռացած է 1920-ին ու բնակութիւն հաստատած՝ Հալէպի մէջ։ Քանի մը տարի ետք անցած է Լիբանան, ուր ամուսնացած է Շալլիթայի հետ։[2]
Ան միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի արեւելեան արուարձաններու մէջ գտնուող Collège Notre Dame de Jamhour դպրոցին մէջ։ Երիտասարդ տարիքին սկսած է քաղաքականապէս գործուն ըլլալ՝ միանալով քրիստոնէական ազգայնական Քաթայէպ կուսակցութեան 1959-ին։ Շարունակած է ուսումը Սեն Ժոզէֆ Համալսարանին մէջ, ուր ուսանած է իրաւաբանութիւն, պատմութիւն եւ քաղաքական գիտութիւններ, եւ 1968-ին աւարտած է։[2]
Քաղաքական ասպարէզ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բագրատունին եղած է Քաթայէպ կուսակցութեան առաջատար անդամ մը 1968-էն սկսեալ, երբ ընտրուած է կուսակցութեան ուսանողական բաժնի նախագահ։[3] Իր կնոջ մօրեղբայրը՝ Սալիմ Ապտելնուր, որ արհեստագէտ ու բարերար մըն էր, անոր տրամադրած է նիւթական ապահովութիւն, որպէսզի ան կարենայ նուիրուիլ քաղաքականութեան։ Իր արաբամէտ դիրքորոշումներուն համահունչ՝ սերտ կապեր հաստատած է Պաղեստինեան Ազատագրական Շարժումին (PLO) հետ եւ 1969-ին գլխաւորած է Քաթայէպ ուսանողական պատուիրակութիւն մը՝ Յորդանան մեկնելով հանդիպելու Եասըր Արաֆաթին։
1970-ին ընտրուած է Քաթայէպ կուսակցութեան քաղաքական բիւրոյի անդամ եւ շարունակած է մնալ կուսակցութեան ղեկավարութեան մէջ՝ գլխաւորելով "Արաբիստ" կոչուող թեւը, որ սերտ յարաբերութիւններ կը պահէր Սուրիոյ հետ։ 1970-ական թուականներուն, Լիբանանի նախագահ Իլիաս Սարգիսի պաշտօնավարութեան ընթացքին, ան եղած է նախագահի քաղաքական խորհրդականը։
Բագրատունին նաեւ եղած է Լիբանանեան Ուժերու կարեւոր անդամ։ Երբ Պաշիր Ժեմայէլ փորձեց միաւորել քրիստոնէական զօրքերը Լիբանանեան Ուժերու անուան տակ, Բագրատունին միացաւ իրենց։ Երբ Ժեմայէլ ընտրուեցաւ նախագահ, ան եղաւ անոր համարաբական յարաբերութիւններու հարցերով խորհրդական, սակայն Պաշիր Ժեմայէլ սպաննուեցաւ, նախքան իր պաշտօնի ստանձնումը։
Ժեմայէլի մահէն ետք, երբ Էլի Հոպէյքա ստանձնեց Լիբանանեան Ուժերու ղեկավարութիւնը, Բագրատունին դարձեալ ազդեցիկ դիրք ստանձնեց, սակայն երբ Սամիր Ժաժա խռովութիւն կատարեց Հոպէյքայի դէմ եւ զայն հեռացուց իշխանութենէն, Բագրատունին աջակցեցաւ Ժաժային։
1994-ին, երբ Սուրիոյ կողմնակից Լիբանանի կառավարութիւնը ցրեց Լիբանանեան Ուժերը եւ ձերբակալեց Սամիր Ժաժան, Բագրատունին մեկուսացուեցաւ եւ ապա վերադարձաւ Քաթայէպ կուսակցութիւն։
2001-ի Հոկտեմբեր 4-ին ընտրուեցաւ Քաթայէպ կուսակցութեան նախագահ՝ միաւորելու համար ներքին բեւեռացած կուսակցութիւնը։ Սակայն իր ղեկավարութեան ընթացքին, Սուրիոյ կողմնակից անդամներ վերամբարձուեցան, իսկ հակասուրիականները ճնշուեցան կամ հեռացուեցան։[4] 2004-ին նշանակուեցաւ պետական նախարար՝ վարչական բարեփոխումներու հարցերով, Ռաֆիք Հարիրիի կառավարութեան մէջ։
2007-ի մինչեւ Դեկտեմբեր ամիսը, Բագրատունին եղաւ կուսակցութեան գործնական ղեկավարը, մինչ այդ Ամին Ժեմայէլ մնաց «բարձրագոյն առաջնորդը»։ 2007-ին Բագրատունին հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն, իսկ 2008-ի Փետրուարին Ժեմայէլ դարձաւ միակ ղեկավարը։[5]
Անձնական կեանք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1968-ին Բագրատունին ամուսնացած է Մոնա Ալ Նաշիֆի հետ, որ նախկին երեսփոխան, գործարար ու բարերար Սալեմ Ապտելնուրի զարմուհին է։ Զոյգը ունի երկու որդի՝ Ճիհատը, որ ներկայիս երեսփոխան մըն է, եւ Ժաուատը։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Rabil Robert G. (2003)։ Embattled neighbors: Syria, Israel, and Lebanon։ Lynne Rienner Publishers։ էջ 83։ ISBN 978-1-58826-149-6
- 1 2 Gambill Gary C., Ziad K. Abdelnour, Bassam Endrawos (December 2001)։ «Dossier: Karim Pakradouni»։ Middle East Intelligence Bulletin 3 (12)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 6 March 2019-ին։ արտագրուած է՝ 15 June 2012
- ↑ «Karim Pakradouni»։ Wars of Lebanon։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 10 October 2017-ին։ արտագրուած է՝ 27 January 2013
- ↑ Bassel F. Salloukh (2010)։ Contentious Politics in the Middle East: Political Opposition Under Authoritarianism։ University Press of Florida։ էջ 220։ ISBN 978-0-8130-3474-4
- ↑ «Gemayel appointed president of Phalange Party»։ The Daily Star։ 14 February 2008։ արտագրուած է՝ 23 March 2013