Jump to content

Քասքատ համալիր

Քասքատ համալիր

Քասքատ համալիր, ճարտարապետական-կոթողային համալիր եւ արուեստի կեդրոն Երեւանի մէջ։

Քասքատ համալիրը, Կեդրոն վարչական շրջանը կը կապէ Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանին հետ։ Նախատեսուած էր համալիրը կառուցել 1920-ական թուականներուն, սակայն շինարարութիւնը սկսած է 1971 թուականին եւ մասնակիօրէն իր աւարտին հասած է 1980 թուականին՝ ճարտարապետներ Ճիմ Թորոսեանի, Ասլան Մխիթարեանի եւ Սարգիս Գուրզադեանի նախագիծով։

2025 թուականի դրութեամբ համալիրի վերի հատուածը անաւարտ կը մնայ, սակայն արդէն մշակուած էր շինարարութիւնը աւարտելու նախագիծը, որուն իրականացումը կը սկսի մօտիկ ապագային։

Ընդհանուր տուեալներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քասքատ համալիրի աստիճաններուն թիւը 572 է։ Բարձրութիւնը հիմքէն մինչեւ գագաթ՝ 302 մեթր, իսկ հիմքէն մինչեւ վերին հարթակ՝ 450 մեթր։ Լայնութիւնը 50 մեթր է։ Չաւարտուած հատուածի բարձրութիւնը՝ 78 մեթր։ Վերին հարթակի բարձրութիւնը 118 մեթր է։ Ընդհանուր թեքութիւնը 15 աստիճան։

Համալիրը կը պարունակէ ցուցասրահներ, շատրուաններ, ծաղկանոցներ, քանդակներ։

Քասքատի ներքեւի հատուածին մէջ կը գտնուի պուրակ՝ ժամանակակից քանդակագործներու արձաններով, ինչպիսիք են Ֆերնանտօ Պոթերոն, Լին Չատուիքը եւ Բարի Ֆլանականը:

Քասքատի երկու կողմերը կը գտնուին բազմաթիւ սրճարաններ եւ ռեստորաններ, ուր յաճախ կ'այցելեն տեղացիներն ու զբօսաշրջիկները։ Գարնան, ամրան եւ վաղ աշնան Քասքատի մէջ յաճախ կը կազմակերպուին դասական եւ ճազային համերգներ:

Քասքատը նախագծուած է ճարտարապետ Ալեքսանտր Թամանեանի 1924 թուականի գլխաւոր յատակագիծով։ Ըստ այդ նախագիծին՝ Քանաքեռի բլուրներու լանջերով պէտք է անցնէին աստիճանաւոր անցումներ, ջրվէժներ եւ ծաղկանոցներ։ Քասքատը պէտք է միացնէր քաղաքի կեդրոնական եւ հիւսիսային հատուածները։ Սակայն այդ նախագիծը կեանքի չկոչուեցաւ։

Ներկայիս Քասքատի նախագիծը մշակուած է 1970-ականներու սկիզբին քաղաքի գլխաւոր ճարտարապետ Ճիմ Թորոսեանի, ինչպէս նաեւ ճարտարապետներ Սարգիս Գուրզադեանի եւ Ասլան Մխիթարեանի կողմէ։ Սակայն Թորոսեանը ամբողջութեամբ չհետեւեցաւ Թամանեանի նախնական ծրագիրին եւ որոշ փոփոխութիւններ կատարեց՝ աւելցնելով ընդարձակ աստիճանավանդակներ, ցուցասրահներ, բակեր, ներքին շարժասանդուղներ եւ տարբեր քանդակներ։ Ան կը ցանկար այս կոթողը վերածել մշակութային նշանակութիւն ունեցող կեդրոնի։

Քասքատ համալիրի շինարարութիւնը դադարեցաւ 1988 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին եւ 1991 թուականին Խորհրդային Միութեան փլուզումին հետեւանքով։

Ամերիկահայ մեծ գործարար եւ բարեգործ Ճերարտ Լ. Գաֆէսճեանը (1925-2013), համագործակցելով Երեւանի քաղաքապետարանի եւ Հայաստանի կառավարութեան հետ, 2002 թուականին նախաձեռնեց Քասքատի վերականգնումը։ Բարերարը 128 միլիոն տոլար նուիրաբերեց այդ նախագիծը իրականացնելու համար։ Քասքատի մեծ մասը լիովին վերանորոգուեցաւ ու վերափոխուեցաւ՝ վերածուելով արուեստի կեդրոնի, որ կրում է Ճերարդ Լ. Գաֆէսճեանի անունը։ 8 Նոյեմբեր 2009-ին տեղի ունեցաւ Քասքատի բացումը։ Այժմ այստեղ կը գտնուի Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնը[1]։

2023 թուականի գարնան Երեւանի քաղաքապետարանը Քասքատի տարածքին մերձակայքին մէջ հատեց առողջ բազմամեայ ծառերը եւ անոնց փոխարէն սակուրաներ տնկեց։ Ծառերու զանգուածային հատումը տեղւոյն բնակիչներուն եւ այլ քաղաքացիներուն բուռն քննարկումներուն եւ դժգոհութեան առիթ դարձան։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]