Քասթրաքի լիճ
Արտաքին տեսք

Քասթրաքի լիճ (յուն․՝ Λίμνη Καστρακίου)․ Արուեստական լիճ։ Ստեղծուած է 1969-ին, Ախելո՛ոս գետին վրայ կառուցուած երկրորդ ջրամբարին պատճառով։ Կը գտնուի Էթոլոաքարնանիա գաւառին Քասթրաքի եւ Պապալիօ գիւղերուն մօտ, Ախելո՛ոս գետի հունին վրայ՝ հոն ուր Ախոլո՛ոս Ինահոս վտակին կը հանդիպի։
Տեղեկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արուեստական լիճին մակերեսին տարածութիւնն է 28քլ²։ Լիճը 950.000.000 մ³ ջուր կ՛ընդգրկէ։ Անոր ջուրերուն մէջ ծովամուխ եղած Մալաթէիքա եւ Պապալիօ գիւղերուն բնակչութեան մեծ մասը գաղթած է, իսկ փոքր մաս մըն ալ ստեղծուած լիճին շուրջը բնակավայրեր հաստատած է։
Լիճին ջրամբարին բարձրութիւնը 95 մեթր է, լայնութիւնը 530 մեթր է, իսկ անոր հիմքին հաստութիւնը 380 մեթր է եւ հոն կը գտնուի Յունաստանի ելեկտրականութեան ընկերութեան ջրելեկտրական կայաններէն մէկը։