Jump to content

Քառակող կոթող (Դսեղ)

Քառակող կոթող (Դսեղ)
Դսեղի քառակող կոթող
Ներկայ վիճակ կանգուն

Քառակող կոթող (Դսեղ), 7-րդ դարուն կառուցուած կոթող՝ Դսեղ գիւղի միջնադարեան գերեզմանատան մէջ:

Քառակող կոթող (Դսեղ)[1], կը գտնուի Դսեղ գիւղի միջնադարեան գերեզմանատան մէջ, հիմնուած է 7-րդ դարուն[2]։

Կոթողի բարձրութիւնը 2 մեթր է, կառուցուած է բաց դեղնաւուն ֆելզիտէ, կանգնած է տուֆի պատուանդանի վրայ, որուն վերին հատուածին մէջ խաչապատկեր կը գտնուի, իսկ միւս կողմը պահուած է վիմագիր արձանագրութիւն։

Կոթողը վաղ միջնադարեան շրջանին կառուցուած է, իսկ պատուանդանը կազմած է յայտնի խաչքարագործ Վահրամ Մամիկոնեանը։ Նոյն տարածքին մէջ կը գտնուի նաեւ վարպետի “Խաչելութիւն” խաչքարը՝ 1281 թուագրումով։ Կոթողին բոլոր կողմերը ունին իրենց խորհրդանշական բովանդակութիւնները։

Կոթողի արեւմտեան ճակատին վրայ պատկերուած են թիւով ութ շրջանակներ, որոնցմէ վեցը միանման շրջանակներ են, 7-րդը միւսներէն կը տարբերի իր կրկնակի շրջագիծով, 8-րդի կիսաշրջանը հպուած է պատուանդանին (ամենայն հաւանականութեամբ շրջանակներուն վրայ գոյութիւն ունեցած են պատկերներ, որոնք չեն պահպանուած)։ Քառակող կոթողի արեւելեան հատուածին վրայ պատկերուած են արմաւենիի տերեւներ։ Իսկ կոթողի հիւսիսային ճակատին վրայ` ընձիւղագալարներուն միջեւ պատկերուած են վեր ու վար ուղղուած արմաւենիի տերեւներ: Հարաւային կողմը պատկերուած է խաղողի որթատունկ։

Նմանատիպ կոթողներ կան նաեւ Օձունի, Արդվիի, Խոժոռնիի, Կողբի, Բերդաձորի, Շինուհայրի եւ Երեւանի մէջ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. hushardzan։ «ԿՈԹՈՂ»։ Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութեան։ արտագրուած է՝ 14 Յունիս 2021-ին 
  2. «Դսեղի 7-րդ դարու քառակող կոթողը կը վերականգնուի»։ Hetq.am։ արտագրուած է՝ 14 Յունիս 2021-ին: