Jump to content

Քամերոն Տիազ

Քամերոն Տիազ
անգլերէն՝ Cameron Diaz
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Cameron Michelle Diaz
Ծնած է 30 Օգոստոս 1972(1972-08-30)[1][2][3][…] (54 տարեկան)
Ծննդավայր Սան Տիեկօ, Քալիֆորնիա[4]
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մայրենի լեզու անգլերէն
Ուսումնավայր Լոնկ Պիչի Արհեստագիտական Երկրորդական Վարժարան
Ազդուած է Ռոուզ Բիրն?, Բեն Սթիլեր?, Մայք Մայերս?, Էդի Մերֆի?, Ճիւլի Անտրիւս, Ջոն Քլիզ?, Ջոն Լիթգոու?, Ռուփերթ Էվերեթ?, Ջենիֆեր Սաունդերս?, Ջասթին Թիմբերլեյք?, Ջիմ Քերրի?, Ջեք Բլեք?, Քեյթ Ուինսլեթ?, Թոնի Քոլլեթ?, Ալեք Բոլդուին? և Ջոան Քյուսաք?
Երկեր/Գլխաւոր գործ Շրեկ 4-D?, Բոլորը Կը խենթանա Մերիին համար, Չարլիի Հրեշտակները, Նիու Եորքի աւազակախումբերը և Դիմակը
Մասնագիտութիւն կինոդերասանուհի, դերասանուհի, նորաձեւութեան կերպար, Հնչիւնաւորող, հեռուստատեսային դերասան, ժապաւէն արտադրող, Գործադիր արտադրող, ոչ գեղարվեստական գրող, Հեռատեսիլի յայտագիրներ արտադրող և Նկարահանման բնորդ
Ամուսին Փենճի Մետըն[5]
Ծնողներ հայր՝ Էմիլիօ Տիազ, մայր՝ Պիլի Ըրլի
Երեխաներ Ռատիք Մետըն

Քամերոն Միշէլ Տիազ (30 Օգոստոս 1972), ամերիկացի դերասանուհի։

Իր բեղուն գործունէութեան շնորհիւ՝ իր մասնակցութեամբ տեսերիզները Միացեալ Նահանգներու մէջ ապահոված են աւելի քան 3 միլիառ տոլարի տոմսարկղային եկամուտ։

1990-ականներու վերջերուն եւ 2000-ականներու սկիզբը իր նկարահանուած սիրային կատակերգութիւնները զինք կը դարձնեն Հոլիուուտի ամէնէն պահանջուած եւ բարձր եկամուտ ապահովող աստղերէն մէկը։

2013-ին Տիազ 40 տարեկանէն վեր ամէնէն բարձր վարձատրուող դերասանուհին կը հռչակուի։

Թոմ Քրուզ եւ Քամերոն Տիազ

Ան արժանացած է զանազան մրցանակներու եւ առաջադրումներու, որոնց շարքին՝ Բրիտանական ժապաւէնի Կաճառին մէկ մրցանակին եւ «Ոսկէ երկրագունդ»ի չորս մրցանակներու առաջադրման[6]։

Երկրորդական վարժարան յաճախած տարիներուն՝ Տիազ պայմանագիր մը կը կնքէ «Վլիթ Մոտըլ Մէնէյճմընթ» («Elite Model Management») գործակալութեան հետ՝ իբրեւ բնորդուհի։

21 տարեկանին ան իր առաջին ժանպաւէնի դերը կը ստանձնէ՝ նկարահանուելով «Դիմակը» (The Mask, 1994) կատակերգութեան մէջ։ «Իմ լաւագոյն բարեկամիս հարսանիքը» (My Best Friend’s Wedding, 1997) սիրային կատակերգութեան մէջ երկրորդական դեր մը ստանձնելէ ետք՝ Տիազի համբաւը մեծապէս կ'աճի, երբ 1998-ին գլխաւոր դերով հանդէս կու գայ «Մերին տարօրինակ է» (There’s Something About Mary) կատակերգութեան մէջ։

Յաջորդ տարին ան նաեւ ճանաչում ձեռք կը բերէ «Որեւէ մէկ Կիրակի» (Any Given Sunday) «Ճոն Մալքովիչ ըլլալը» (Being John Malkovich) երեւակայական ժապաւէնին մէջ իր դերակատարումներով[7]։

Տիազ գնահատանքի կ'արժանանայ «Վանիլային երկինք, 2001» (Vanilla Sky, 2001) եւ «Նիւ Եորքի աւազակախումբերը, 2002» (Gangs of New York, 2002) ֆիլմերուն մէջ իր երկրորդական դերերուն համար։

Ան աւելի մեծ յաջողութիւն կ'արձանագրէ «Չարլիի հրեշտակները, 2000» (Charlie’s Angels, 2000) շարժանկար-կատակերգութեամբ եւ 2003-ին անոր շարունակութեամբ։ Նոյն ատեն, 2001-էն սկսեալ, ան իր ձայնը կը տրամադրէ Ֆիոնա իշխանուհիին «Շրէք» (Shrek) դիպաշարին մէջ[8]։

«Իր կօշիկներուն մէջ» (In Her Shoes, 2005), «Արձակուրդը, 20016» (The Holiday, 2006), «Ի՞նչ կը պատահի Լաս Վեկասի մէջ, 2008» (What Happens in Vegas, 2008), «Գիշեր եւ ցերեկ» (Knight and Day, 2010), «Կանաչ եղջիւրազարդը» (The Green Hornet, 2011) եւ «Վատ ուսուցիչ» (Bad Teacher, 2011) կատակերգութիւնները։

2014-ին երեք կատակերգութիւններու՝ «Միւս կինը» (The Other Woman), «Սիրային յարաբերութիւն ժապաւէն» (Sex Tape) եւ «Էնի» (Annie) ժապաւէններուն մէջ նկարահանուելէ ետք՝ Տիազ կը հեռանայ դերասանական ասպարէզէն՝ իր ընտանիքին կեդրոնանալու համար։

Սակայն 2025-ին կը վերառնայ դերասանական ասպարէզ՝ նկարահանուելով «Վերադարձած գործողութեան մէջ» (Back in Action) շարժանկար-կատակերգութեան մէջ։

Տիազ հեղինակած է նաեւ առողջապահութեան նուիրուած երկու գիրք՝ «Մարմինի գիրքը, 2013» (The Body Book, 2013), որ դարձած է New York Times-ի ամէնէն շատ վաճառուած գիրքերէն մէկը, եւ «Երկարակեցութեան գիրքը» (The Longevity Book, 2016)։

Տիազի անձնական կեանքը իր ամբողջ ասպարէզին ընթացքին գրաւած է լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը, յատկապէս՝ իր ունեցած յարաբերութիւններուն եւ նորաձեւութեան վերաբերեալ։

2015-ին Տիազ կ'ամուսնանայ Փենճի Մետընին հետ՝ «Կուտ Չարլոթ» (Good Charlotte) խումբին կիթառահարին հետ։

Մատընի եւ Տիազ երեք զաւակներու ծնողներ են, որոնց երեքն ալ ծնած են փոխնակ մօր միջոցով։

Քամերոն Միշէլ Տիազ ծնած է 30 Օգոստոս 1972-ին, Քալիֆորնիոյ Սան Տիեկօ քաղաքին մէջ։

Հայրը՝ Պիլի Տիազ (ծննդեան մականունը՝ Էրլի), ներմուծման եւ արտածման գործակալ էր, իսկ մայրը՝ Էմիլիօ Տիազ, Քալիֆորնիոյ նաւթային «Unocal» ընկերութեան մէջ կ'աշխատէր։ Տիազ ունի մեծ քոյր մը։

Հօր ընտանիքը քուպայական ծագում ունի, իսկ Տիազի նախնիները Սպանիայէն գաղթած էին Քուպա։ Տիազ յայտնած է, որ իր սպանացի նախնիները սկզբնապէս Քատիզէն էին։ Անոնք հետագային հաստատուած են Ֆլորիտայի Եպոր քաղաքին մէջ, ապա տեղափոխուած են Լոս Անճելըս, ուր ծնած է Տիազի հայրը։ Մայրը անգլիական եւ գերմանական ծագում ունի։

Տիազ մեծցած է Լոնկ Պիչի մէջ։ Յաճախած է «Լոս Սերրիթոս» (Los Cerritos) տարրական դպրոցը, ապա՝ «Լոնկ Պիչի Արհեստագիտական Երկրորդական Վարժարանը» (Long Beach Polytechnic High School), ուր իր դասընկերներէն մէկը եղած է նշանաւոր Սնուփ Տոկ։

Մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիներու ընտանեկան պայմանները նկարագրած է իբրեւ համեստ։ Տիազ պատմած է, որ իր ծնողները հիանալի մարդիկ էին, սակայն ընտանիքը նիւթապէս ապահով չէր։ Ընտանիքը երբեմն հաւաքած է զովացուցիչ ըմպելիներու դատարկ տուփեր՝ զանոնք յանձնելով եւ փոքր գումար մը ստանալով, քանի որ նոյնիսկ 20 տոլարը իրենց համար նշանակութիւն ունէր։ Ան, սակայն, ընդգծած է, թէ իրենց ընտանիքը շատ երջանիկ էր[9]։

Բարձրագոյն դպրոց յաճախած տարիներուն՝ 16 տարեկանին, Տիազ պայմանագիր կը կնքէ «Elite Model Management» բնորդուհիներու գործակալութեան հետ եւ կը նկարահանուի «Քելվըն Քլայն» (Calvin Klein) եւ «Լիվայզ» (Levi’s) ընկերութիւններու գովազդներուն մէջ։

Յաջորդ տարի՝ 17 տարեկանին, ան կը ներկայացուի «Seventeen» ամսագիրի Յուլիս 1990-ի թիւին կողքին։

Տիազ նաեւ շուրջ երկու-երեք ամիս կ'աշխատի իբրեւ բնորդուհի Աւստրալիոյ մէջ եւ 1991-ին Սիտնիի մէջ կը նկարահանէ «Քոքա Քոլա»-ի (Coca-Cola) գովազդ մը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. ↑ filmportal.de — 2005.
  2. ↑ FemBio տվյալների շտեմարան
  3. ↑ GeneaStar
  4. ↑ Store norske leksikon — 1978. — ISSN 2464-1480
  5. ↑ Deutsche Nationalbibliothek Record #123340713 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  6. ↑ Քամերոն Տիազ
  7. ↑ Վաղ Տարիներ
  8. ↑ Հանրայայտ դերասանուհին
  9. ↑ Ընտանեկան կեանք