Jump to content

Քաղցր Թէյ

Քաղցր թէյը («քաղցր սառցաթէյ»), տարածուած ըմպելիք մը, յատկապէս՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ (յատկապէս՝ հարաւային նահանգներուն) եւ Ինտոնեզիոյ մէջ։

Անիկա կը պատրաստուի սեւ թէյէն, որուն մէջ շաքար կամ քաղցր օշարակ կը զետեղուի այն ատեն, երբ թէյը տակաւին կը թրմուի կամ տակաւին տաք է։ Երբեմն ալ կը գործածուին արհեստական քաղցրացուցիչներ։ Քաղցր թէյը գրեթէ միշտ կը մատուցուի սառած վիճակով։

Յաճախ կը համեմուի կիտրոնով, բայց կարելի է նաեւ աւելցնել դեղձ, թութ կամ անանուխ։

Կարգ մը պարագաներու քիչ մը «պէյքինկ սոտա» կը խառնուի, որպէսզի թթուահամը մեղմանայ։ Թէեւ քաղցր թէյը երբեմն կրնայ նուազ շաքար կամ ուժանիւթ ունենալ, քան մրգահիւթերը կամ կազով ըմպելիքները, սակայն կը պատահի, որ անոր շաքարի մակարդակը շատ բարձր ըլլայ՝ հասնելով մինչեւ 22 կրամ իւրաքանչիւր 100 կրամ հեղուկին մէջ։ Այս քանակը գրեթէ կրկնակի է «Քոքա-Քոլա»ի շաքարին համեմատ[1]։

Քաղցր թէյը մեծ տեղ ունի Հարաւային Միացեալ Նահանգներու եւ Ինտնեզիոյ խոհանոցին մէջ՝ նկատուելով տեղական սովորութեան եւ մշակոյթին կարեւոր մէկ մասը[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]