Jump to content

Քալամոս, Լեֆքատա

Կղզի
Քալամոս, Լեֆքատա
Κάλαμος Λευκάδας
Քալամոսին փոքրիկ նաւահանգիստը
Երկիր Յունաստան
Տարածութիւն 25 քմ²
ԲԾՄ 754 մեթր
Բնակչութիւն 342 մարդ
Կը գտնուի ափին Յոնեական ծով
Հեռախօսային ցուցանիշ 26290
Փոստային ցուցանիշ 310 80
Պաշտօնական կայքէջ kalamos.tk

Քալամոս․ Յոնեական ծովուն կղզիակ, մաս կը կազմէ Թիլեվոյիդես կղզեխումբին, Փրիկիբոնիսիա։ Կը գտնուի Լեֆքատային արեւելեան ափերուն եւ Էթոլոաքարնանիային միջեւ։ Բնակչութեան թիւը 342 է, ըստ 2021-ի մարդահամարին։

Քալամոս կղզին

Տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեղանիսի մաս կը կազմէ Թիլեվոյիդես կղզեխումբին, որ կը պատկանի Փրիկիբոնիսիա Լեֆքատաս կղզեխոմբին։ Տարածութիւնն է 24․964ք², իսկ ծովու մակերեսէն բարձրագոյն կէտը՝ Վունի՝ 745 մեթր է։

Կղզին կը գտնուի Էթոլոաքարնանիային Միթիքաս գիւղին դիմացը հարաւ։ Լեռնային կղզի է եւ ծանօթ է իր գեղեցիկ ծովափներուն համար։

Յոնեական կղզիակները

Բնակչութիւնը հողագործութեամբ, անասնապահութեամբ, ձկնորսութեամբ եւ վերջին տարիներուն՝ զբօսաշրջիկութեամբ կը զբաղի։

Կղզին հասանելի է Էթոլոաքարնանիային միջոցով․ Միթիքասէն նաւակներով երթեւեկութիւնը յաճախակի է։

Ըստ Սրապոնի հնադարին Քալամոս կը պատկանէր այդպէս կոչուած Թաֆյես Նիսուս կղզեխումբին մնացեալ կղզիներուն հետ, ինչպէս օրինակ՝ Մեղանիսի, Քասթոս, Աթոքոս, Արքուդի (որոնք կը գտնուին Աքարնանիային եւ Լեֆքատային միջեւ)։

Կղզին բնակուած է Նոր Քարէ դարու ժամանակաշրջանէն։ Ինչպէս նաեւ Միկինեան, Դասական շրջանին, Մակեդոնական թագաւորութեան, Հռոմէական, Բիւզանդական ժամանակաշրջաններուն։ Քալամոս հետեւած է Լեֆքատայի պատմութեան ընթացքը, եւ Լեֆքատայի ու Իթաքիի Արքեպիսկոպոսութեան։

[1] [2] [3] [4]


Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]