Jump to content

Քաթրին Տընէօվ

Քաթրին Տընէօվ
ֆրանսերէն՝ Catherine Dorléac
Ծննդեան անուն ֆրանսերէն՝ Catherine Fabienne Dorléac
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Catherine Deneuve[1]
Ծնած է 22 Հոկտեմբեր 1943(1943-10-22)[2][3][4][…] (81 տարեկան)
Ծննդավայր Փարիզի 17-րդ շրջան, Ֆրանսա[5]
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա[6][1]
Մայրենի լեզու Ֆրանսերէն
Մասնագիտութիւն դերասանուհի, կինոդերասանուհի, մարդապատկեր, երգչուհի և Հնչիւնաւորող
Վարած պաշտօններ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Բարի Կամքի Դեսպան
Ամուսին Դևիդ Բեյլի?
Ծնողներ հայր՝ Մորիս Տորլէաք[7], մայր՝ Ռընէ Սիմոնօ[7]
Երեխաներ Քրիստիան Վատիմ և Քիարա Մասթրոիանի

Քաթրին Տընէօվ, (22 Հոկտեմբեր 1943, Փարիզ, Ֆրանսա): Ի. դարու շարժապատկերի համաշխարհային համբաւ վայելող ֆրանսացի դերասանուհի[8]: Ֆրանսայի ամէնէն գեղեցիկ կիներէն։

իսկական անունը՝ Քաթրին Ֆապիէն Տորլէաք (Catherine Fabienne Dorléac) է[9]։

1952

Պատանի տարիքէն սկսած է դերասանութեան, իսկ մեծ ճանաչում ստացած է 1964-ին՝ «Փարիզի Հովանոցները» (Les Parapluies de Cherbourg) երաժշտախառն ժապաւէնով, որուն շնորհիւ ան դարձած է միջազգային աստղ եւ փայլած՝ իր գեղեցկութեամբ, նրբութեամբ եւ արտակարգ տաղանդով:

Բացի ժապաւէններէն, Քաթրին Տընէօվ եղած է շարք մը հմայքի եւ նորաձեւութեան խորհրդանիշներու դէմք՝ ներկայացնելով «Շանէլ» (Chanel), «Իվ Սեն Լորան» (Yves Saint Laurent) եւ այլ վաճառանիշեր։

Ան եղած է նաեւ Ֆրանսայի ազգային խորհրդանիշ «Մարիանն»ի կերպարը (1985-1989), խորհրդանշելով ազատութիւնը եւ կանացի ոյժը։

Վերջին տարիներուն, տակաւին կը շարունակէ դերակատարումներ ունենալ ժամանակակից ժապաւէններու մէջ, ինչպէս՝

  • «Պերնատէթ» (Bernadette, 2023),
  • «Հոգեւոր Աշխարհ» (Spirit World, 2024),
  • եւ սպասուող «Մատենագրական Պատմութիւններ» (Parallel Tales, 2026)՝ Ասղար Ֆարհատիի բեմադրութեամբ։

Դերասանուհին ունի նաեւ լաւ ձայնային տուեալներ։

Գեղեցկուհիին կարգ մը միտքերէն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Քաննի Փառատօն, 2000
Տղամարդու սէրը պահպանելու լաւագոյն տարբերակը անոր հետ չամուսնանալն է:
Ինծի միշտ թուացած է, որ «մատամ» անուանումը աւելորդ կնճիռ է, որ զիս 10 տարիով կը ծերացնէ:
Սէրէն կը վախնամ այնպէս, ինչպէս` ցաւէն, քանի որ սիրոյ հակառակ կողմը միշտ ցաւ է:
Հիանալի կազմուածքս կը պարտիմ ջուրին, քունին եւ սիրոյ:
Մեծնալէն մի՛ վախնաք, իւրաքանչիւր տարիք իր հմայքը ունի: Անցած տարիները փորձառութիւն եւ իմաստութիւն կը բերեն, նաեւ թոյլ կու տան հանգիստ եւ սթափ դիտել կեանքի մէջ տեղի ունեցող դէպքերը:
Ես մայր եմ, իսկ մայրը երբեք չի կրնար մինակ ըլլալ:
Երբեք կախեալ մի՛ ըլլաք ուրիշին կարծիքէն: Վայելեցէ՛ք ձեր սեփական գեղեցկութիւնը եւ զայն ընկալեցէ՛ք իբրեւ մեծ պարգեւ:
Իսկական կինը խելքի, հմայքի, բարութեան եւ սրամտութեան համադրութիւն է: Նոյնը կ՛ըսեմ նաեւ տղամարդոց համար:
Երեխաներս կեանքիս մեծագոյն երջանկութիւնն են:
Ես չեմ բաժնուիր կնճիռներէս ոչ իսկ մէկէն. անոնց համար ես շատ սուղ վճարեր եմ:

[10]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]