Քաթիա եւ Մորիս Քրաֆթ
| Քաթիա եւ Մորիս Քրաֆթ | |
|---|---|
|
|
Քաթիա (17 Ապրիլ 1942) եւ Մորիս Քրաֆթ (25 Մարտ 1946) ֆրանսացի հռչակաւոր հրաբխաբաններ, որոնք իրենց ողջ կեանքը նուիրած են գործող հրաբուխներ ուսումնասիրելու, լուսանկարելու եւ հանրութեան զեկուցելու[1]։
Երկուքն ալ ուսանած են Սթրասպուրկի համալսարանին մէջ։ Քաթիա մասնագիտացած էր քիմիագիտութեան մէջ, իսկ Մորիս՝ երկրաբանութեան։
Քաթիա կը սիրէր հրաբուխները։ Ան ոչ միայն կը սիրէր դիտել հոսող, կրակոտ լաւային նկարները, այլեւ կը փափաքէր զանոնք տեսնել իր աչքերով։
Համալսարանը Քաթիա կը հանդիպի Մորիս անունով երիտասարդի մը, որ նոյնքան կիրք ունէր հրաբուխներու նկատմամբ, որքան ինքը։
Առաջին օրէն անոնք կու գան այն եզրակացութեան, թէ ունին նոյն երազանքը՝ նկարահանել հրաբուխի ժայթքումները, բան մը, որուն մասին ոչ ոք մտածած էր։
Քաթիա եւ Մորիս կը սիրահարին եւ ծրագրեն իրենց առաջին ճամբորդութիւնը՝ դէպի գործուն հրաբուխ մը։
Գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Քաթիա եւ Մորիս 1970-ականներէն սկսեալ կը շրջագային աշխարհի տարբեր երկիրներ, որպէսզի ուսումնասիրեն աւելի քան 150 հրաբուխ։
- Իրենց մասնագիտական գործունէութեան ընթացքին, կը լուսանկարեն հազարաւոր պատկերներ, կը նկարահանեն վաւերագրական ժապաւէններ եւ կը հրատարակեն գիրքեր։
- Մեծ նուիրում եւ քաջութիւն ցուցաբերելով՝ յաճախ կը մօտենային խիստ վտանգաւոր ժայթքող հրաբուխներու։
- Անոնց լուսանկարները եւ ժապաւէնները լայնօրէն օգտագործուած են գիտական եւ կրթական միջավայրերու մէջ։
Մահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1991-ին, Ճափոնի մէջ, Ունզեն կոչուող հրաբուխին ժայթքման ընթացքին, Մորիս եւ Քաթիա կը զոհուին հրաբուխին արձակած մոխիրի, կազի եւ ժայռակոյտի մահացու ալիքներէն։
Յետ Մահու
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Քաթիայի եւ Մորիսի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած վաւերագրական ժապաւէն մը՝ «Fire of Love» (Սիրոյ Հուրը) ֆիլմը (2022), «National Geographic»ի արտադրութեամբ կը ցուցադրուի[2][3][4]։
- Այլ ֆիլմ մը՝ «The Fire Within», կը նկարահանէ Վեռնըր Հերցոկ՝ զոյգին յիշատակին։
Զոյգին գիրքերէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Հրաբուխներու գրոհ, Իսլանտա - Ինտոնեզիա» («À l’assaut des volcans, Islande – Indonésie», 1975, Presses de la Cité),
- «Հրաբուխներ եւ երկրաշարժեր» (Volcans et tremblements de terre, 1971, Les Deux Coqs d’Or), կազմակերպուած Roland Haas-ի հետ,
- «Եւրոպական հրաբուխներու առաջնորդը», Le Guide des volcans d’Europe, 1991, Delachaux et Niestlé, Մորիսը գրած, Քաթիան նկարազարդ- կրկնօրինակներ՝ գիտութեան ընդհանուր հասանելիութեան համար,
- «Երկիրը՝ կենդանի մոլորակ» (La Terre une planète vivante , 1978, Hachette), մատչելի տուեալներ՝ հրաբուխներու եւ երկիրին գործընթացին մասին,
- «Աշխարհի հրաբուխները» (Les Volcans du monde, 1986, Éditions Mondo), աշխարհագրական եւ գիտական տուեալներ՝ հրաբուխներու մասին,
- «Հրաբուխներու թիրախը» (Objectif volcans, 1986, Nathan Image), լուսանկարչական ու տեղեկատուական գիրք:
- «Հրաբուխներ՝ երկիրէն ժայթքող կրակ» (Volcanoes: Fire from the Earth (Abrams Discoveries, 1993), համադրած են Մորիսն ու Քաթիան՝ մատչելի՝ ընթերցողներու եւ գիտնականներու: