Փոքրիկ իշխանը

Փոքրիկ իշխանը, ֆրանսացի գրող, բանաստեղծ եւ մասնագէտ օդաչու Անթուան տը Սենթ-Էքզիւփերիի հեքիաթ-վիպակը, որ գրած է 1942-ին, Նիւ Եորքի մէջ, ուր ալ առաջին անգամ հրատարակուած է ֆրանսերէնով ու անգլերէնով, 1943 թուականի Սեպտեմբերին[1]։

Գիրքին նիւթը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Փոքրիկ Իշխանը» աշխարհի մանկական-մանկապատանեկան գրականութեան ամէնէն յայտնի, տարածուն գիրքերէն է:

Գիրքը պատմած է փոքրիկ տղու մը քաջութեան, խելքի ու իր շատ բարի սրտիկին մասին։ Այս գիրքին մէջ կայ բարութիւն, պարզութիւն ու անմիջականութիւն։ Գիրքը կարդացած են եւ կրնան կարդալ բոլոր տարիքներու ընթերցասէրները, եւ փոքրերը եւ մեծերը:

«Փոքրիկ Իշխանը» աշխարհի ամէնէն ընթերցուած գիրքերէն մէկն է։

Թարգմանութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Փոքրիկ Իշխանը» հեքիաթ-վիպակը թարգմանուած է աւելի քան 300 լեզուներու ու բարբառներու, որոնց կարգին եւ կոյրերու համար նախատեսուած Պրայլի այբուբենով։ Գիրքը թարգմանուած է նաեւ արեւելահայերէնի ու տպագրուած է Երեւանի մէջ, 1966-ին, որուն մասին հետաքրքրական ուսումնասիրութիւն մը գրած է Լուսինէ Աւետիսեան «Հաւերժամանուկը» (Երեւան, 2008)[2]։

«Փոքրիկ Իշխանը» ներշնչումի աղբիւր մը եղած է բազմաթիւ ստեղծագործողներու համար․ յօրինուած են օփերաներ, երգեր, գրուած են թատերախաղեր, նկարահանուած՝ ժապաւէններ։

2016-ի Մայիսին, Թուրքիոյ մէջ, առաջին անգամ արեւմտահայերէնի թարգմանուած ու հրատարակուած է «Փոքրիկ Իշխանը»․ իսկ երկրորդ անգամ տպագրուած է՝ 2017-ի Յունուարին։ Գիրքը ֆրանսերէն բնագիրէն արեւմտահայերէնի թարգմանած է Լուիզ Պաքար[3]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «'The Little Prince' graphic novel to be published in English»։ The Independent (անգլերեն)։ 2010-09-23։ արտագրուած է՝ 2020-07-31 
  2. «ՀԱՒԵՐԺԱՄԱՆՈՒԿԸ - Իմ ֆայլերը- Լուսինէ Աւետիսեան»։ lusineavetisyan.do.am։ արտագրուած է՝ 2020-07-31 
  3. «Փոքրիկ իշխանը - Aras Yayıncılık»։ Փոքրիկ իշխանը - Aras Yayıncılık (թուրքերեն)։ արտագրուած է՝ 2020-07-31