Jump to content

Փորհարութիւն

Փորհարութիւն

Փորհարութիւնը կղկղանքի կազմութեան փոփոխութիւնն է դէպի հեղուկային վիճակ եւ կղկղանցումի յաճախականութիւնն է:

Բնական պայմաններու մէջ մարդիկ օրական կ'ունենան երեք կղկղանցում: Երեքէ աւելին կը նկատուի փորհարութիւն[1]:

Կղկղանքը բնականօրէն կը կազմուի 60-90 առ հարիւր համեմատութեամբ ջուրէ, իսկ մնացեալը` սննդանիւթերու չմարսուած մնացորդած թափօններէ եւ անիկա կ'ունենայ թանձր բաղադրութիւն մը[2]:

Չափահաս անձ մը բնական պայմաններու մէջ օրական կ'արտադրէ մօտաւորապէս 300 կրամ կղկղանք`ըստ անոր սպառած սննդանիւթերուն, ի մասնաւորի`ածխաջրատներուն: Փորհարութիւն տեղի կ'ունենայ, երբ կղկղանքի ջուրի պարունակութիւնը վերոյիշեալ համեմատութենէն աւելի ըլլայ:

Բնական պայմաններու մէջ, մարդու կերած սննդանիւթերը ստամոքսին կողմէ արտադրուած ջրահեղուկներուն հետ խառնուելով` կը վերածուին կակուղ եւ հեղուկային խառնուրդի մը, ապա ստամոքսի եւ բարակ աղիքներու մէջ տեղի կ'ունենայ մարսողութիւնը: Չմարսուած նիւթերը ջուրով միասին եւ հեղուկ վիճակի մէջ կը հասնին հաստ աղիք. հոս ջուրը մեծամասնութեամբ կը ներծծուի աղեպատէն, իսկ մնացեալ աւելորդ թափօնները կը վերածուին թանձր կղկղանքի:

Ստամոքսի առատ ջուրի արտադրութեամբ` հաստ աղիք կը հասնի  բնականէն աւելի մեծ քանակութեամբ ջուր պարունակող չմարսուած հեղուկային խառնուրդը. հոս ջուրի ամբողջական ներծծումը տեղի չ'ունենար, հետեւաբար, չներծծուած ջուրը աւելորդ թափօններուն հետ կը կազմեն կակուղ-հեղուկային կղկղանքը ու տեղի կ'ունենայ փորհարութիւնը:

Ժահրեր եւ ցպկամարմիններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հաստ աղիքի մէջ գտնուող կարգ մը ժահրեր եւ ցպկամարմիններ կը ներգործեն անոր պատերուն վրայ ու կը յառաջացնեն տեղայնական բորբոքում, որուն պատճառով ջուրի ներծծումը դարձեալ ամբողջական չ'ըլլար եւ մնացեալ չներծծուած ջուրը աւելորդ թափօններուն հետ կը կազմեն կակուղ-հեղուկային կղկղանքը ու այս ձեւով կը  յառաջանայ փորհարութիւնը:

Փորհարութիւնը հիւանդութիւն մը չէ, այլ` բազմաթիւ հիւանդութիւններու պատճառով յառաջացած ախտանշան մը:

  • Ստամոքսային եւ աղիքային սուր-կարճատեւ կամ մնայուն-երկարատեւ ժահրային ու ցպկամարմնային բորբոքումներ.
  • Թիֆոյիտ ֆիվըր. աղիքներու ցպկամարմնային տենդ-բորբոքում մըն է, որուն պատճառով աղեպատի մակերեսը կը վնասուի, խոցեր կը յառաջանան եւ նոյնիսկ ծակեր կրնան ստեղծուիլ: Անոր կարեւոր ախտանշաններէն են` փորի ցաւ, ջերմ, գլխու ցաւ, փորհարութիւն եւ երբեմն մորթային կարմրագոյն ցանց:
  • Տիզենթըրի. անիկա աղիքներու ցպկամարմնային վարակիչ բորբոքում մըն է, որ կը յատկանշուի փսխունքով, ջերմով, նողկանքով եւ արիւնոտ փորհարութեամբ:
  • Քոլերա. անիկա ցպկամարմնային սուր վարակիչ հիւանդութիւն մըն է. անոր բնորոշիչ  ախտանշաններն են` անզուսպ փսխունք եւ ջրիկ փորհարութիւն:
  • Ի Քոլի ցպկամարմիններու աղիքային բորբոքում, որ ընդհանրապէս կը պատահի ոչ առողջապահական ջուրի գործածութեամբ` ճամբորդութեան ընթացքին, եւ այդ իսկ պատճառով փորհարութիւնը, որ կը պատահի, կը կոչուի ճամբորդութեան փորհարութիւն:

Ժահրային եւ ցպկամարմնային բորբոքումները կը յառաջացնեն ընդհանրապէս սուր-անակնկալ փորհարութիւն, որ կը պատահի նողկանքով, փսխունքով, որովայնափուքով եւ փորի ցաւով: Ժահրային բորբոքումի պարագային, փորհարութիւնը կը յայտնուի անարիւն կղկղանքով, իսկ ցպկամարմնային բորբոքումի պարագային` արիւնոտ կամ անարիւն կղկղանքով:

Հաստ աղիքի կարգ մը հիւանդութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ա.- Հաստ աղիքի պրկուածութիւն:

բ.- Ջղագրգիռ-դիւրագրգիռ հաստ աղիք, որ կը յատկանշուի զօրաւոր եւ մնայուն խիթերով:

գ.- Քրոնզ տիզիզ. Ան բարակ աղիքներու վերջաւորութեան եւ հաստ աղիքի հիւանդութիւն մըն է, որ կը յատկանշուի փորի ցաւով, փորհարութեամբ, ախորժակի կորուստով եւ ջերմով:

դ.- Հաստ աղիքի խոցային բորբոքում. ասիկա հաստ աղիքի երկարատեւ-մնայուն բորբոքումն է, որ կը յատկանշուի աղեպատի  խոցաւորումով, արիւնոտ փորհարութեամբ եւ մարմնական այլ ախտանշաններով, օրինակ` ընդհանուր յօդացաւ:

Որոշ դեղերու գործածութիւն եւ դարմանամիջոցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Մակնեզիոմ պարունակող մարսողական դեղեր:
  • Հակամանրէական եւ հակախլիրդային դեղեր:
  • Ք. ճառագայթային դարմանում:
  • Քոլչիսին, որ կը գործածուի որպէս ցաւազրկող Կութ յօդատապի պարագային:
  • Լուծողականներ, որոնք բարակ աղիքներու պատերէն  չեն ներծծուիր եւ հոն մնալով` կը ներգրաւեն աղիքներու մէջ գտնուած ջուրը:

ե. Ստամոքսի եւ աղիքներու մասնակի հատում, որ պատճառ կը դառնայ սննդանիւթերու ոչ ամբողջական ներծծումին:

զ. Թունաւորում, մասնաւորապէս` կերակուրի թունաւորում, որ հետեւանք է որոշ ցպկամարմիններու գոյութեան:

է. Կարգ մը գեղձային ուռեր, օրինակ` գերվահանագեղձութիւն:

Փորհարութեան տեսակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փորհարութիւնը կրնայ ըլլալ սուր-անակնկալ-կարճատեւ կամ մնայուն-երկարատեւ: Երկուքի պարագային ալ փորհարութիւնը կրնայ ըլլալ մեղմ կամ զօրաւոր:

Սուր փորհարութիւն կը կոչուի այն փորհարութիւնը, որ կը տեւէ 1-4 օր. անիկա ընդհանրապէս հետեւանքն է աղիքներու ժահրային բորբոքումին եւ կամ որոշ մէկ թունաւորումի մը:

Չորս օրերէ աւելի տեւող փորհարութիւնը կը կոչուի մնայուն-երկարատեւ փորհարութիւն, որ կրնայ յառաջանալ զանազան պատճառներով, ի մասնաւորի` հաստ աղիքի ջղագրգռութիւն, ցպկամարմնային բորբոքումներ, խլիրդ, շաքարի եւ ճարպի ներծծման անկարողութիւն, վահանագեղձի գերաշխատանք եւ լուծողականներու չափազանց գործածութիւն:

Սուր-կարճատեւ եւ երկարատեւ-մնայուն փորհարութիւնները կրնան յառաջացնել կարգ մը բարդութիւններ: Այս բարդութիւնները կը յառաջանան ջուրի եւ մասնաւորաբար նատրիոմի (Na-sodium) ու կալիոմի (K-potasseum) անբնական կորուստէն, որուն պատճառով կը յառաջանան ջրանուազում (dehydration) եւ անօթային փլուզում (vascular collapse), որ շատ արագօրէն կրնայ պատահիլ մանուկներու, տարեցներու, ֆիզիքապէս տկարներու եւ քոլերա հիւանդութենէ տառապող անձերու մօտ: Այս բոլորին որպէս հետեւանք` ենթական կ'ունենայ`  տժգունութիւն, մորթի չորութիւն, ջերմ, զարկերակային ճնշումի նուազում եւ նուաղում:

Փորհարութեան ախտաճանաչումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1.- Լսելով հիւանդին պատմականը:

2.- Մարմնական ընդհանուր քննութեամբ:

3.- Ուղիղ աղիքի-նախաղիի մատնային քննութեամբ:

4.- Կղկղանքի եւ արեան քննութիւններով:

5.- Հաստ աղիքի դիտարկումով:

6.- Որոշ պարագաներուն` գերվահանագեղձութեան, աւշագեղձերու եւ ՍԻՏԱ-ի քննութիւններով:

Անակնկալ-կարճատեւ փորհարութեան ախտաճանաչումը ընդհանրապէս դիւրին է եւ ոչ մէկ տարրալուծարանային քննութիւններու կը կարօտի, բացի եթէ հիւանդը ունի նաեւ բարդութիւններու ախտանշանները, որոնց համար կատարուելու են կղկղանքի, արեան եւ մէզի յատուկ տարրալուծարանային քննութիւններ:

Անակնկալ-կարճատեւ փորհարութեան դարմանում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անակնկալ-կարճատեւ փորհարութեան դարմանումը կը կարօտի առատ հեղուկի եւ բաւականաչափ նատրիոմի ու կալիոմի ներարկումի: Փորհարութիւնը կարելի է մեղմացնել տալով որոշ դեղեր, որոնք`

1.- Հաստ աղիքին մէջ հեղուկի ներծծման կ'օգնեն:

2.- Աղիքներու շարժումները կը դանդաղեցնեն:

3.- Հակամանրէական են:

Երկարատեւ-մնայուն փորհարութեան ախտաճանաչում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկարատեւ-մնայուն փորհարութեան ախտաճանաչման համար կատարուելու են` կղկղանքի, արեան եւ մէզի տարրալուծարանային քննութիւններ, ինչպէս նաեւ` այլ քննութիւններ: Անոր դարմանումը կ'ըլլայ տալով առատ ջուր, բաւականաչափ նատրիոմ եւ կալիոմ, ինչպէս նաեւ`դարմանելով անոր հիմնական ախտապատճառը:

Մանուկներու պարագային

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մանուկները բնականաբար օրական կ'ունենան 4-6 կակուղ կղկղանցում:

Անոնց փորհարութիւնը ընդհանրապէս կ'ըլլայ սուր-անակնկալ եւ կարճատեւ ու ժահրային բորբոքումի մը պատճառով: Փորհարութեան հետ միատեղ անոնք ընդհանրապէս կ'ունենան նաեւ ականջի, կոկորդի եւ թոքերու բորբոքումներ:

Մանուկներու մօտ երկարատեւ-մնայուն փորհարութիւնը ընդհանրապէս հետեւանքն է կարգ մը ընդոծին որոշ հիւանդութիւններու, որոնցմէ կարեւորագոյններն են`

  • Սիսթիք ֆայպրոսիս. Այս հիւանդութիւնը կը յատկանշուի շարոյրի անբաւարար թրիփսինի եւ լիփէյսի արտադրութեամբ, որուն պատճառով տեղի կ'ունենայ ճարպի առատ կորուստ կղկղանքի մէջ, յոռի սննդառութիւն, աճման դանդաղում, փորհարութիւն` ծաւալուն եւ գէշ հոտող կղկղանքով:
  • Սելիաք տիզիզ. Այս հիւանդութեան պարագային ցորենի կլիւթինը կը վնասէ աղիքներու մակերեսին եւ կը յառաջացնէ ճարպերու յոռի ներծծում, յոռի սննդառութիւն, փորհարութիւն` ծաւալուն  եւ գէշ հոտող կղկղանքով:

Փորհարութենէ տառապող անձը պէտք է բժիշկին դիմէ, երբ ունի՝

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Զօրաւոր ջերմ:
  • Անակնկալ եւ զօրաւոր փորի ցաւ:
  • Արիւնոտ կղկղանք:
  • Ջրանուազումի նշաններ:
  • 48 ժամէ աւելի տեւողութեամբ զօրաւոր փսխունք:
  • Մարմնական-մկանային ցնցումներ:
  • Յղութիւն:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]