Փողոցի Թերթ

Street Sheet փողոցային թերթի վաճառող Սան Ֆրանսիսկոյի մէջ

Փողոցի թերթ կամ Փողոցային թերթ (անգլ.՝ street newspapers կամ անգլ.՝ street papers, երբեմն՝ «փողոցային թերթիկ»), թերթ, ամսագիր կամ այլ պարբերաթերթ, որ կը վաճառեն անտուն կամ աղքատ մարդիկ եւ որ կը տպագրուի հիմնականին վերջիններս օգնելու նպատակով, ինչպէս նաեւ հասարակութեան վերաբերմունքը անտուններու, աղքատներու եւ այլ կարիքաւորներու հանդէպ փոխելու համար[1]։

Սովորաբար փողոցի թերթերու յօդուածներու մէկ մասը կը գրուի անտուն կամ աղքատ մարդկանց կողմէ[1]։

Բոլոր փողոցի թերթերու աշխատանքային ոճը նոյնն է․ ցրիչը, որ անտուն կամ աղքատ մարդ է, կը գնէ թերթերը կէս գինով, այնուհետեւ անոնք կը վաճառէ ըստ յայտարարուած գինի՝ առանց այն փոխելու իրաւունքի եւ հետեւելով հրատարկչատան կանոններուն[2]։

Փողոցի առաջին թերթերը յայտնուեցան 19-րդ դարու վերջը 20-րդ դարու սկիզզբը։ Օրինակ՝ 1915-էն 1920-1930-ներուն Ցինցինատին մէջ (Օհայօ, ԱՄՆ) անտուն տարագիրներու համար կը տպագրուէր Hobo News թերթը։

Այդուհանդերձ, ժամանակակից ձեւաչափով եւ ակնյայտ գործարք ձեւով փողոցի թերթերը լայնօրէն տարածում գտան միայն 1990-ականներու վերջերը՝ Նիւ Եորքի մէջ 1989-ին Street News-ի ստեղծման պահէն[1][2][3]։

1991-ին Լոնտոնի մէջ լոյս տեսաւ ամենայաջողակ փողոցի թերթը՝ «The Big Issue»-ը, որ ստեղծեցին Ճոն Պիրտը եւ Անիթա Ռոտիկը։

1994-ին Կլազկոյի մէջ ձեւաւորուեցաւ Փողոցի թերթերու միջազգային ցանց, որ կը միաւորէր 120 փողոցային թերթ 40 երկիրէ[4]։ 2008-ին Միջազգային ցանցը սահմանեց իր սեփական մրցանակը[5]։

2000-ականներու կէսերէն փողոցի թերթերը, ինչպէս եւ բոլոր տպագիր հրատարակութիւնները, բախուեցան ընթերցողներու՝ առցանց կարդալու հետ։ Օրինակ՝ 2007-էն Big Issue-ի տպաքանակը 167000-էն ինկաւ 125000-ի 2012-ին[6]։ Սակայն 2013-ին DW-ն նշեց, որ ի տարբերութիւն աւանդական տպագիր թերթերու՝ գերմանական փողոցային թերթերը աւելի կը տարածուին եւ որպէս օրինակ նշուեցաւ գերմանական փողոցային թերթը՝ «Biss»-ը, որու տպաքանակը աճեցաւ մինչեւ 6 մլն օրինակի[7]։

Փողոցի թերթերու մեծ մասն առեւտրային գործունէութեան վրայ չի հիմնուիր, այլ կը գոյատեւէ դրամաշնորհներու շնորհիւ, սակայն անոնցմէ որոշները կը գործեն տնտեսական ձեռնարկատիրութեան սկզբունքներով՝ լիովին կամ մասամբ հանդիսանալով ինքնաբաւ եւ դրամական կայուն ընկերութիւններ[1][3]։ Մասնաւորապէս կարելի է որպէս օրինակ նշել 1991-ին Մեծ Բրիտանիոյ մէջ ստեղծուած «The Big Issue» թերթը[1], ինչպէս նաեւ 1994-էն լոյս տեսնող ռուսական «Путь домой» փողոցային թերթը։

Բացի կարիքաւորներուն դրամական միջոցներ ապահովելը, փողոցի թերթերը կը կատարեն շարք մը գործառոյթներ[1][3]։ Օրինակ՝ ներսէն կ՛աշխատին անտուններու/աղքատներու ընկերութիւններու, ինչպէս նաեւ հասարակութեան հետ՝ տեղ հասցնելով տնտեսական խնդիրները եւ առաջարկելով անոնց լուծումները[3]։ Բացի այդ փողոցային թերթերու մէջ տարածուած են անտուններու արտ բուժման նախագիծեր, անոնց աշխատանքներու, ցուցահանդէսներու եւ այլ մշակութային իրադարձութիւններու կազմակերպում[3]։

Փողոցի թերթերու գործարքը երբեմն քննադատութեան կ՛ենթարկուի, մասնաւորապէս այն բանի համար, որ ան անտուն մարդու կերպարը վեր կ՛առնէ ապրանքի, որ կը վաճառուի որպէս յուշանուեր[3]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կաղապար:Commons category