Փոխպատուաստում
Փոխպատուաստում, մարմինի որեւէ անդամի մը կամ առանձին հիւսուածքի մը փոխադրումը նոյն օրկանիզմի այլ տեղ եւ կամ նոր օրկանիզմ՝ կը կոչուի փոխպատուաստում (transplantation)։
Երբ օրկանիզմը մարդ արարածն է, փոխպատուաստումը կը կոչուի «մարդկային փոխպատուաստում»։
Տեսակներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փոխպատուաստումը տեղի կ'ունենայ երկու ձեւով՝
1.- Ինքնափոխպատուաստումով՝ նոյնինքն հիւանդէն (autotransplantation)։
2.- Նոյնափոխպատուաստումով՝ անհատէ մը հիւանդին։
- Նոյնափոխպատուաստումի յաջողութեան համար Տի. Էն. Էյ.-ի մակարդակով կենսաբանական համատեղելիութիւն (compatibility) եւ կամ գոյակցութիւն ըլլալու է տուողին եւ ստացողին միջեւ. այս համատեղելիութիւնը առաջնահերթութեամբ տեղի կ'ունենայ՝ մէկ ձուաբջիջով յառաջացած երկուորեակներու մօտ եւ այս մէկը լաւագոյն արդիւնքը կու տայ փոխպատուաստումի մէջ։
- Տարբեր ձուաբջիջներէ յառաջացած երկուորեակներու մօտ։
- Անմիջական հարազատ ազգականներու մօտ, ինչպէս` հայր, մայր, եղբայր եւ քոյր։
- Հեռաւոր անհատներու մօտ։
Առաջին քայլեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փոխպատուաստագիտութիւնը (transplantology) իր առաջին քայլերը առած է ԺԹ. դարուն սկիզբը[1]։
1804-ին, Իտալիոյ մէջ Չ. Փարոնիօ եւ 1823-ին Գերմանիոյ մէջ Կ. Փիւնքեր կը հրատարակեն իրենց առաջին փորձառական եւ դարմանական հետազօտութիւններու արդիւնքները։
- 1858-ին ֆրանսացի տոքթ. Լ. Օլլէ կը կատարէ ոսկորի փոխպատուաստումը:
- 1869-ին ֆրանսացի բժիշկ Ժ. Ռեւերթէն կը կատարէ մորթի փոխպատուաստումը։
- Դիակներու հիւսուածքներու փոխպատուաստման հնարաւորութիւնները կ'իրականանան Ի. դարու սկիզբը:
- 1902-ին Ա. Կուլեափկոյ կը յաջողի մահէ 20 ժամ անց մարդու մեկուսացած սիրտը վերակենդանացնել:
- 1930-ին Ս. Իւթին կը յաջողի արեան փոխներարկման փորձին մէջ:
- 1933-ին վիրաբուժ Յ. Վորոնոյ կը յաջողի դիակային երիկամի փոխպատուաստումին մէջ:
- 1963-ին ամերիկացի բժիշկներ կը կատարեն հետեւեալ առաջին փոխպատուաստումները՝ Թ. Ստարցըլ՝ լեարդի, Թ. Հարթի՝ թոքերու, Ռ. Լիլիխայի՝ ենթաստամոքսային գեղձի (պանկրէաս) եւ Ք. Պառնար՝ սիրտի։
- Փոխպատուաստագիտութիւնը առաւել կը 31 յառաջդիմէ անօթային (vascular) կարերու կիրարկումով վիրաբուժութեան մէջ եւ դիմադրողաբանութեան զարգացումով։
Ընթացքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փոխպատուաստումը գործընթաց մըն է, որ կ'ընդգրկէ երկու անձ, մէկը հիւանդն է, որ կը ստանայ փոխպատուաստը եւ ան կը կոչուի ընդունող եւ կամ ստացող (recipient), իսկ երկրորդը փոխպատուաստ նուիրողն է եւ ան կը կոչուի տուող (doner)։ Տալու արարքը կը կոչուի տուչութիւն (donation)։
Տուչութիւնը տեղի կ'ունենայ երկու ձեւով՝
- Տուողը՝ նուիրողը, տուչութիւնը կ'ընէ իր կեանքի ընթացքին եւ ան կ'ըլլայ հետեւեալ ձեւով՝
ա.- Առողջ եւ գիտակից անհատ մը կամովին կը տրամադրէ, կը նուիրէ, իր ներքին գործարաններէն մէկը եւ կամ մաս մը՝ հիւանդի մը, եւ փոխպատուաստումը տեղի կ'ունենայ իր կեանքի ընթացքին։
բ.- Գիտակից անհատ մը կը կտակէ իր մարմինը եւ կամ իր մարմինի մէկ անդամը հաստատութեան մը, հիւանդանոցի մը եւ կամ հիւանդի մը, որպէսզի իր մահէն ետք կտակուածը օգտագործուի փոխպատուաստումի։
- Տուչութիւնը տեղի կ'ունենայ յետմահու եւ մահացողին հարազատներուն կողմէ. մահացողը ինք անձամբ ոչ մէկ փափաք յայտնած կ'ըլլայ եւ ոչ ալ կտակ գրած կ'ըլլայ։
Ընդունուած արժէքներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տուչութիւնը տարբեր-տարբեր ձեւերով ընդունուած է տարբեր ժողովուրդներու եւ անհատներու կողմէ. ան կախեալ է ժողովուրդներու կրօնաբարոյական արժէքներէն եւ անոնց կեանքի ու մահուան արժեւորումէն եւ ըմբռնումէն։
Կեանքը նկատուած է բոլոր կրօններու կողմէ թանկագին նուէր մը մարդուն եւ ըստ այնմ կ'արժեւորեն զայն։ Նախնական մտածելակերպի համաձայն, կեանքի եւ մահու ճակատագիրը կ'որոշուէր գերագոյն ուժի մը կողմէ. անցեալին, բազմաթիւ հաւաքականութիւններու մէջ մահուան դէմ յամառօրէն պայքարիլը համազօր էր գերագոյն ուժի մը ծրագիրին դէմ գործելու։ Գրեթէ բոլոր կրօնները չեն այպաներ մարդու անդամներու եւ կամ ներքին անդամներու տուչութիւնը եւ փոխպատուաստումը. անոնց մեծամասնութիւնը կը նկատէ տուչութիւնը անհատական հարց եւ որոշում։
Մարդկային բարոյական արժէքներու ըմբռնումը, մարդկային կեանքի արժեւորումը եւ մարդկային իրաւունքներու հասկացողութիւնը մեծապէս փոփոխութիւններու ենթարկուած է Ի. եւ ԻԱ. դարերուն. տեղի ունեցած է միտքի եւ մտածելու հսկայական եղափոխութիւն՝ գիտութեան եւ բժշկութեան յառաջդիմութեան հետ։
Վիրաբուժական գործողութիւններու եւ փոխպատուաստումի արագընթաց զարգացումը եւ ժողովրդականացումը մեծապէս նպաստած են արեւմտեան աշխարհի մէջ տուչութեան գործընթացքին, ինչպէս նաեւ՝ տուչութիւն քարոզող կազմակերպութիւններու ստեղծումին եւ տարածումին։ Շուտով ստեղծուած եւ հաստատուած են տուչութեամբ հաւաքուած զանազան անդամներու կեդրոնները եւ տուչութիւն ընողներու տոմարները եւ գրանցամատեանները (registries)։
Յառաջացած երկիրներու մէջ ժողովուրդը ունի անհրաժեշտ գիտելիքները եւ դաստիարակութիւնը, որոնց միջոցով դիւրութեամբ կը հասկնայ տուչութեան ազնիւ գաղափարը, մարդկային փոխպատուաստումի կարեւորութիւնը եւ մահուան եզրին հասած անհատի մը օժանդակելու մարդկային պարտականութիւնը[2]։
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ, «ԲԺԻՇԿԻՆ Բ. ԽՕՍՔԸ»,Անթիլիաս, 2011