Փոխանունութիւն (Գրականութեան տեսութիւն)
Փոխանունութիւնը այլաբերութեան տեսակներէն մէկն է, որ երկու առարկաներու կամ երեւոյթներու նմանութեան հիման վրայ՝ տուեալ առարկան կամ երեւոյթը կը կոչեն միւսին անունով, բայց կը հասկցուի առաջինը:[1]
Օրինակ, երբ սովորականէն աւելի եռանդոււն տղու մը համար ըսենք. «Տղայ չէ, կրակ է, կրակ», հոս կրակը գործածած կ՚ըլլանք իբրեւ փոխանունութիւն, այսինքն՝ ի դէմս «Կրակ»-ին կը հասկնանք չափազանց եռանդունը: Երբ կ՛ըսուի «Սէրը կ՛այրէ», այրուածքի մասին չէ խօսքը, այլ՝ տաքութեան, հրայրքին։[1]
Փոխանունութիւնը կը կազմուի նաեւ երբ պարունակուողին փոխարէն պարունակողը կը յիշենք: Օրինակ՝ ամբողջ ողջ դաս ասարանը կ'եռար:[1]
Կայ նաեւ փոխանունութեան ուրիշ տեսակ մը, ուր երեւոյթին, առարկային կամ անձին անուններուն փոխարէն՝ կը տրուի անոնց բնորոշ յատկանիշներէն մէկը կամ միւսը։ Օրինակ՝ «Ես կը պաշտեմ հայ գրականութեան Խալխի նոքարը»: Կամ՝ «Ով չէ կարդացած հեթանոս քուրմին «Գրգանք»-ը»: «Ան գոց գիտէ Մեծարենցը» եւն․․․[1]
Փոխանունութիւնը եւ փոխաբերութիւնը ունին նմանութիւններ, բայց անոնք նոյն բաները չեն: Փոխանունութիւնը կը հասկցուի ուղղակի եւ փոխաբերութեան պէս պէտք չունի «կարծես թէ», «նման», «ըսես» եւ նման օժանդակ արտայայտութիւններու:[1]
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]ԼԱԼԻԿ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ «ԳՐԱԲԱՐԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆ»․ https://www.langcom.am/wp-content/uploads/2020/06/Grabari-Bararan-classik-2016.pdf