Jump to content

Փօլ Ուոքըր

(Վերայղուած է Փոլ Ուոքր-էն)
Փօլ Ուոքըր
անգլերէն՝ Paul Walker
Ծնած է 12 Սեպտեմբեր 1973(1973-09-12)[1][2][3]
Ծննդավայր Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[4]
Մահացած է 30 Նոյեմբեր 2013(2013-11-30)[5][6][2][…] (40 տարեկանին)
Մահուան վայր Վալենսիա, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[7]
Կրթութիւն Գիւղին Քրիստոնէական Վարժարանը
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Մասնագիտութիւն շարժապատկերի դերասան, ժապաւէն արտադրող, հեռատեսիլի դերասան, հեղինակ, ավտոարշավորդ, դերասան, ծովային կենսաբան և Հնչիւնաւորող
Ընտրանի «Աճապարանքն ու բարկութիւնը»
Ծնողներ հայր՝ Paul Walker III?
Երեխա(ներ) Մարգագետինին մէջ քալողը
Պարգեւներ եւ մրցանակներ MTV շարժապատկերի մրցանակ՝ պաստառի Լաւագոյն զոյգին
paulwalkerfoundation.org

Փոլ Ուոքըր, Փոլ Ուիլիամ Ուոքըր Դ. (անգլերէն՝ Paul William Walker IV, 12 Սեպտեմբեր 1973(1973-09-12)[1][2][3], Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[4] - 30 Նոյեմբեր 2013(2013-11-30)[5][6][2][…], Վալենսիա, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[7]), ամերիկացի դերասան, նախկին բնորդ։

1986-էն, դերեր կը ստանձնէ շուրջ 40 գեղարուեստական տեսերիզներու մէջ: Հանրածանօթ կը դառնայ «Աճապարանքն ու բարկութիւնը» տեսերիզին եւ անոր յաջորդող տեսաշարերուն՝ «Կրկնակի Աճապարանքն ու բարկութիւնը», «Աճապարանքն ու բարկութիւնը 4», «Աճապարանքն ու բարկութիւնը 5» եւ «Աճապարանքն ու բարկութիւնը 6» ժապաւէններուն մէջ:

Ստացած է հինգ տարբեր մրցանակներ, ներկայացած է ութ անգամ, որոնց թիւին մէջ՝ երկու անգամ Ոսկեայ ազնւամորի «հակամրցանակի»ն։ Մահացած է Քալիֆորնիա նահանգի Սանթա Քլարիթա քաղաքին մէջ՝ ինքնաշարժի արկածէ[8][9][10]։

Մարզուած է Պրազիլական ճիու-ճիցու մարզաձեւով, ունեցած է այդ մարզաձեւին սրճագոյն գօտին[11]։

Ունի մէկ դուստր՝ Միտոու Փէյն։

Փոլ Ուիլիամ Ուոքըր ծնած է 12 Սեպտեմբեր 1973-ին ամերիկեան Կլէնտէյլ քաղաքին մէջ, Քալիֆորնիա [12]։ Ան գործարար Փոլ Ուոքըր Գ.-ի[13] եւ նախկին բնորդ Շերիլի[14] (Ամուսնալուծուած են 2004-ին) անդրանիկ որդին է։ Փոլ ունի երկու կրտսեր եղբայրներ եւ քոյրեր՝ Քոտի Փիւ, Կալէփ, Էշլի եւ Էմի[15]։ Ուոքըրներուն ընտանիքը կը դաւանի մորմոնականութիւնը[13]։ Դերասանը ունի անգլիական ծագում, ինչպէս նաեւ իրլանտական եւ գերմանական արմատներ։[16][17]

Փոլ դերասանութեան կը սկսի վաղ մանկութենէն, 1975-ին, «Pampers Diapers» մանկական տակդիրներու հեռատեսիլի գովազդին ընդմէջէն[18]։ Մեծնալէն ետք, կը մասնակցի հեռատեսիլի տարբեր ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ գովազդային տեսահոլովակներու մէջ։ Տասներեք տարեկանին, «Հրէշը պահարանին մէջ» («Monster In The Closet») կատակերգական սարսափազդու տեսերիզին մէջ դեր մը կը ստանձնէ։

Այնուհետեւ զանազան տեսաշարերու մէջ դերեր կը ստանձնէ, ինչպէս՝ («Չարլզը պատասխանատու է» («Charles In Charge»), «Ո՞վ է տէրը» («Who’s The Boss?»), «Երիտասարդը եւ անհանդարտը» («The Young & The Restless»))։

Բացի դերասանութենէ, Փոլ աշխուժ մարզիկ մը եղած է եւ մասնակցած՝ զանազան մրցաշարքերու։

1991-ին, Քալիֆորնիոյ Սեն Վելիի Քրիստոնէական դպրոցը աւարտելէ ետք[19][20], ծովային կենսաբանութեան հետազօտութեամբ[21] զբաղելու միտումով կը յաճախէ Քալիֆորնիոյ քոլէճը։ Սակայն կը նախընտրէ դերասանութեամբ զբաղիլ:

Սկզբնական Շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • 1994-ին «Թեմի եւ Տը Թի Ռեքս» («Tammy & The T-Rex») ժապաւէնին մէջ դեր մը կը ստանձնէ, այդ օրերու հանրայայտ Տենիզ Ռիչըրտսին հետ։
  • 1998-ին երիտասարդ դերասանը յաջորդական դերեր կը ստանձնէ «Հանդիպեցէք Տիտլներուն» («Meet The Deedles») եւ «Պլեզընթվիլ» («Pleasantville») ժապաւէններուն մէջ։
  • 1999-ին, ան կը նկարահանուի բաւական յաջող «Այդ բոլորը ան է» («She’s All That») եւ «Ուսանողական խումբ» («Varsity Blues») (դպրոցական ոտնագնդակի դժուար առօրեային մասին) ժապաւէններուն մէջ:
  • Դերեր ստանձնած է «S.W.A.T. Հրեշտակներու քաղաքին յատուկ ջոկատ» ժապաւէնին գլխաւոր հերոս Ճիմ Սթրիթի եւ «Ֆանթասթիք քառեակ» ժապաւէնին Ճոնի Շթորմի դերերուն թեկնածուներուն հետ[16]։
  • Փորձ մը կը կատարէ Էնակին Սքայուքերի դերին համար, սակայն իր տարիքին բերումով, չի կրնար արժանանալ այդ դերին։ Ըստ իր խոստովանութեան, անիկա միակ դերն է, զոր շատ փափաքած էր ստանձնել[16]։

Շնորհիւ երիտասարդական շրջանի իր հանրաճանաչութեան, 2001-ին դերասանը երկրորդական դերերէն կը սկսի ստանձնել գլխաւոր դերեր։

Իր առաջին գլխաւոր դերը շարժապատկերի մէջ կը խաղայ «Աճապարանքն ու բարկութիւնը» («The Fast & The Furious») ժապաւէնին մէջ, Վին Տիզլի հետ։ Շնորհիւ այդ շարժապատկերին անսպասելի յաջողութեան, Փոլ Ուոքըր հանրածանօթ կը դառնայ ոչ միայն ԱՄՆ-ի մէջ, այլեւ՝ շարժապատկերի երիտասարդ կուռքի կարգավիճակ կը ստանայ։ «Աճապարանքն ու բարկութիւնը» ժապաւէնէն երեք ամիս ետք, գլխաւոր դերով հանդէս կու գայ «Հաճելի ուղեւորութիւն» («Joy Ride») ժապաւէնին մէջ, խաղընկերներ ունենալով Լիլի Սոբեսկին եւ Սթիւ Զանը։ «People» ամսագիրը 2001-ին Ուոքըրը կ'ընդգրկէ իր «Աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ մարդիկ» ցուցակին մէջ[16]։

Nissan Skyline Ինքնաշարժը, որ յատուկ ոճով պատրաստուած էր 21 Մարտ 2007-ին «Աճապարանքն ու Բարկութիւնը 2» ֆիլմին համար, որմէ ետք ալ ինքնաշարժին սեփականատէրը կը դառնայ Փոլ Ուոքըր

Այնուհետեւ կը հետեւի «Աճապարանքն ու բարկութիւնը» ժապաւէնին շարունակութիւնը (արդէն առանց Վին Տիզլի) եւ Ուոքըր կը նկարահանուի ամերիկեան ռեփ երգիչ Լութաքրիսի «Act A Fool» երգին տեսահոլովակին մէջ։ Այնուհետեւ՝ դեր կը ստանձնէ Մայքլ Կրէյտընի «Ժամանակի թակարդին մէջ» («Timeline») վէպին շարժապատկերի արտադրութեան մէջ (ուր դեր ստանձնած է նաեւ՝ Ժերար Պաթլըր (Gerard Butler)), ժապաւէնը քննադատներու, ինչպէս նաեւ հանդիսատեսներու կողմէ ընդունելութեան չ'արժանանար։ 2005-ին կը հրապարակէ գանձերու որոնման մասին «Բարի գալուստ դրախտ» («Into The Blue») բախտախնդիր-արկածային մարտաժապաւէնը, որ հասութաբեր գործ մը կ'ըլլայ, իսկ 2009-ին կը հրապարակէ ժապաւէնին նուազ դրամագլուխով շարունակութիւնը: Ճեսիքա Ալպայի մասնակցութեամբ, ուր Ուոքըր կը փայլի իր լուղորդի ունակութիւններով:

Փոլ, մանկութենէն կը սիրէր ջուրի վրայ դահոյկով սահիլը։ Հետաքրքրական է, որ Ալպա, ինք եւս, երիտասարդ տարիքին նման փորձառութիւն մը ապրած է՝ դեր մը ստանձնելով «Ֆլիփըր» (flipper) հեռուստաշարին մէջ։

Ուոքըր իր թատերական կարողութիւնները կը դրսեւորէ, յատկապէս՝ «Ս. Ծնունդ» («Noel», 2004) ժապաւէնին մէջ, ուր Փենելոփէ Քրուզի փեսացու-ոստիկանին դերը կը ստանձնէ: Փենելոփէ Ս. Ծննդեան շրջանին կը հետապնդէ ծերունի մը, որուն մահացած կնոջ վերամարմնաւորումն է ինք։ Ժապաւէնին մէջ բազմաթիւ աշխարհահռչակ դերասաններ կան, ինչպէս՝ Սուզըն Սարանտըն եւ Ռոպին Ուիլիամզ։

Հետագայ աշխատանքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հարցազրույց «Աճապարանքն ու բարկութիւնը 5» ժապաւէնին դերասաններուն հետ, 2011 (Տուէյն Ճոնսոն, Լութաքրիս, Ճորտանա Պրյուստըր, Վին Տիզըլ եւ Փոլ Ուոքըր )

Յաջորդ նախագիծին մէջ՝ «Փախչի՛ր առանց յետադարձ հայեացքի» («Running Scared»), Ուոքըր ինքզինք կը դրսեւորէ իբրեւ կարող դերասան, որ կրնայ իրեն վստահուած ամէն տեսակի դերեր ստանձնել։

Կրիմ եղբայրները մարմնաւորող ժապաւէնը չի կրնար փոխհատուցել իր 15-միլիոննոց դրամագլուխը եւ միայն $9,3 միլիոն հասոյթ կրնայ ապահովել։ Նոյն թուականին, «Ուոլթ Տիզնի»ի հրապարակած «Սպիտակ գերի» («Eight Below») արկածային ժապաւէնը, ուր Ուոքըր գլխաւոր դերով հանդէս կու գայ, իրեն ապահովելով $20 միլիոն[22]։

Այնուհետեւ Ուոքըր հանդէս կու գայ գլխաւոր դերերով, ինչպէս՝ «Դրախտային նախագիծ» («The Lazarus Project») անկախ ժապաւէնին մէջ, որ անմիջապէս սկաւառակով կը հրապարակուի, 21 Հոկտեմբեր 2008-ին։ Յաջորդ դերը կը ստանձնէ «Աճապարանքն ու բարկութիւնը» շարքին շարունակութեան մէջ՝ «Աճապարանքն ու բարկութիւնը 4» («Fast & Furious», ուր ան կրկին կ'աշխատի Վին Տիզլի հետ, որ հեռացած էր ժապաւէնին նկարահանումներուն առաջին մասէն ետք[23]։

2010-ին կը հրապարակուի «Թալանողեր» («Takers») քրէական ժապաւէնը[24], ուր Փոլ հանդէս կու գայ Մեթ Տիլոնի եւ Հեյտըն Քրիստենսընի հետ։ Նկարահանումները կը սկսին Սեպտեմբեր 2008-ին, սակայն ժապաւէնը կը հրապարակուի 2010-ին։

2011-ի գարնան ան հանդէս կու գայ «Աճապարանքն ու բարկութիւնը 5» («Fast Five») ժապաւէնին մէջ[25], իսկ երկու տարի ետք՝ «Աճապարանքն ու բարկութիւնը 6» («Fast Six»)։ Եօթներորդ ժապաւէնին նկարահանումները ան չի կրնար աւարտել։[26]

Հետաքրքրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Դերասանը ունէր երկու տուն՝ Հատինկթըն Պիչի (Haddington beach) եւ Սանթա Պարպարայի մէջ:
  • Կը սիրէր անասունները. ունէր ռիթրիվըր տեսակի շուն մը՝ Լապրատոր անունով[13][27] եւ Կովպոյ ձի մը։
  • Ան կը պաշտէր ծովեզերեայ զբօսանքները, ինչպէս՝ ջուրին վրայ դահոյկով սահիլը:
  • Շատ կը հետաքրքրուէր ինքնաշարժներով։
  • Կը սիրէր ճամբորդել. եղած է Հնդկաստան, Ֆիճի, Քոսթա Ռիքա եւ Պրունեյ[16]։
  • Ընկերական յարաբերութիւններ կը պահպանէր զոյգ դերասանուհիներ Կայլի եւ Կիտոն Թինտալներու հետ[16]։
  • Ուոքըր լրջօրէն կը զբաղէր պրազիլական ճիու-ճիցուով (jiu-jitsu)[11]։ Ունէր ծիրանագոյն գօտի[28], այնուհետեւ՝ սրճագոյն: Կը մարզուէր Ռիքարտօ Միլըրի ղեկավարութեան տակ, որ իր աշակերտը յետ մահու կը պարգեւատրէ սեւ գօտիով[11]։ Ըստ Միլըրի խօսքերուն, Ուոքըր «միշտ կը ձգտէր ցուցադրել ճիու-ճիցուն իր ժապաւէններուն մէջ, կը ցանկար իր ժապաւէնները օգտագործել իբրեւ բեմ՝ ճիու-ճիցուի ցուցադրման համար, ան ինծի կ'ըսէր, թէ կը ցանկայ, որ հանդիսատեսին մօտ յիշուի իբրեւ ճիու-ճիցուի մասնագէտ»[11]։

Բացի ատկէ, Ուոքըր կը մասնակցի «Redline Time Attack» մրցարշաւներու հեռուստաշարին մէջ, M3 E92 մեքենայով, «AE Performance» խումբին հետ, որուն հովանաւորներն էին՝ «Etnies», «Brembo Brakes», «Ohlins» «Volk», «OS Giken», «Hankook», «Gintani» եւ «Reach Out Worldwide»[29]։

Փոլ յայտնուած է երկու երաժշտական հոլովակներու մէջ՝ «Wrong Thing Right Then» (1997), «Mighty Mighty Bosstones» խումբին երգին հիման վրայ («Հանդիպեցէք Տիտըլներուն» ժապաւէնին համար) եւ «Act A Fool», Լութաքրիսի երգին հիման վրայ («Կրկնակի Աճապարանքն ու բարկութիւնը» ժապաւէնին համար)[30]։

Դերասանը կը նկարահանուէր հաղորդավարի դերին մէջ սպիտակ շնաձուկերու մասին պատմող «National Geographic»-ի արտադրութեան վաւերագրական ժապաւէնին մէջ, հաղորդումը եթերով հեռարձակուած է Յունիս 2010-ին[31][32]։ Փոլ 11 օր կ'անցընէ նկարահանուելով եօթը շնաձուկերու հետ, Մեքսիքոյի ափամերձ շրջանին մէջ[33]։ Արշաւախումբը կը գլխաւորէր Քրիս Ֆիշըրը։

Յունուար 2011-ին կը դառնայ «Coty Prestige» օծանելիքի ընկերութեան «Davidoff Cool Water for Men» ծանուցման դերակատարը[34]:

Բարեգործական ծրագիր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յիշելով իր պատանեկական երազանքները, երբ ան կը փափաքէր ծովային կենսաբան դառնալ, ինչպէս անոր կուռք Ժաք Կիւսթոն[33], 2006-ին Փոլ Ուոքըր կը միանայ Թրաձկան պաշտպանութեան ֆոնտին[35]։

Մարտ 2010-ին Ուոքըրը կ'ուղեւորուի Չիլի, ուր օգնութիւն կը ցուցաբերէ երկրաշարժէն աղէտահարներուն, որ տեղի ունեցած էր 27 Փետրուարին, 8,8 ուժգնութեամբ։ Իր եւ «REACH OUT Worldwide» իր բժշկական կազմակերպութեան մասին կը խօսուի Մամուլով: Ան կ'այցելէ նաեւ Իլոկա քաղաքը, Կուրանիպէ եւ Պելյուէ աւաններ, բժիշկներու հետ զբաղելով հիւանդներու պատուաստներով[36]։

30 Նոյեմբեր 2013-ին, ժամը 15:30-ին (ըստ UTC-8-ի) Ուոքըր եւ իր ընկերը՝ Ռոճըր Ռոտաս ներկայ կը գտնուին «Reach Out Worldwide» բարեգործական ֆոնտին միջոցառման Հայան Թայֆունի[8][37] զոհերուն համար նպաստ հաւաքելու նպատակով, որ տեղի կ'ունենար Ֆիլիփինի մէջ։ Անկէ ետք անոնք կարմիր «Porsche Carrera GT» ինքնաշարժով, որ կը պատկանէր Ռոտասին, կը հեռանան։ Ճամբան վարորդը չի կրնար զսպել ղեկը եւ ինքնաշարժը կը բախի լապտերի սիւնին եւ անոր կողքին աճած ծառին Վալենսիոյ մէջ, Սանթա Քլարիթա, Քալիֆորնիոյ մէջ. անմիջապէս հրդեհ կը բռնկի[8][10][38][39]։

Լոս Անճելըսի ոստիկանութիւնը կը յայտարարէ, որ վարորդը եւ ուղեկիցը մահացած են անմիջապէս արկածին վայրը[38][40]։ Առաջին լուրը կը հաղորդէ «TMZ» լրատուութիւնը, երբ Ուոքըրի հրապարակախօս Էյմ Վան Այտըն կը հաստատէ դերասանին մահը[8]։ Ռոտաս Ուոքըրին վաղեմի ընկերն էր եւ անոր օգնած էր հիմնելու «Reach Out Worldwide» ֆոնտը։ Ան «Always Evolving»-ի գործադիր տնօրէնն էր, (ինքնաշարժներու վաճառասրահ)[41][42]։

Ուոքըրի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է 14 Դեկտեմբեր 2013-ին, Կլէնտէյլի մէջ (Քալիֆորնիա նահանգ)[43]։

ԹվականանունԲնօրինակ անունԴեր
1985-1994Դպրոցական արձակուրդները «CBS»-ի մէջ:CBS Schoolbreak SpecialՏիլլ
1985-1986Մայրուղի մը դէպի երկինքHighway To HeavenԷրիք Թրեւըրս/Տոթ Պրայընտ
1986Հրէշը պահարանին մէջMonster In The Closet«Փրոֆեսոր» Պեննեթ
1987Ծրագրուած՝ սպաննութեանProgrammed To KillՃէյսըն
1988Ես կը պատմեմI’m Telling!մասնակից
1990Չարլզը պատասխանատու էCharles In ChargeՌասսել Տեւիս
1991ՅիմարիկWhat A DummyՌիք
1991Ո՞վ է տէրըWho’s The Boss?Մայքըլ Հեյնս
1992-1993Երիտասարդ եւ աշխուժThe Young & The RestlessՊրենտըն Քոլինզ
1994Տղաքը վերադարձած ենThe Boys Are BackՃեսի Հենսըն
1994Թեմին եւ Թի ՌեքսըTammy & The T-RexՄայքլ
1996Հրեշտակին հպումըTouched By An AngelՃոնաթան
1998Հանդիպեցէք ՏիտլներունMeet The DeedlesՖիլ Տիտըլ
1998ՓլեզընթվիլPleasantvilleՍքիփ Մարտին
1999Ուսանողական խումբVarsity BluesԼենս Հարպըր
1999Այդ բոլորը ան էShe’s All ThatՏին Սեմփսըն
1999Քանդուած պալատըBrokedown PalaceՃեյսըն
2000ԳանկերThe SkullsՔալեփ Մենդրեյկ
2001Աճապարանքն ու բարկութիւնըThe Fast & The FuriousՊրայըն Օ’Քոններ
2001Հաճելի ուղեւորութիւնJoy RideԼուիս Թոմաս
2003Աճապարանքն ու բարկութիւնը2 Fast, 2 FuriousՊրայըն Օ’Քոններ
2003ԺամանակացոյցըTimelineՔրիս Ճոնսըն
2004ԾնունդըNoelՄայք Ռայլի
2005Կապոյտին մէջInto The BlueՃարեթ
2006Սարսափած փախչողըRunning ScaredՃոուի Գազել
2006Ութ դէպի վարEight BelowՃերի Շեպարթ
2006Մեր հայրերուն դրօշակներըFlags Of Our FathersՀենք Հենսըն
2007ԱՄՆ-ի պատմութիւններStories USAՄայքի
2007Պոպի «Զ»-ի Կեանքն ու մահըThe Death and Life Of Bobby ZԹիմ Քիրնի
2008Դրախտային նախագիծThe Lazarus ProjectՊան Հարվի
2009Աճապարանքն ու բարկութիւնըFast & FuriousՊրայըն Օ’Քոններ
2010ԱռնողներըTakersՃոն Ռոուվեյ
2011Աճապարանքն ու բարկութիւնըFast FiveՊրայըն Օ’Քոններ
2013Թիւ 19 հեծանիւըVehicle 19Մայքըլ Ուուտզ
2013Աճապարանքն ու բարկութիւնը 6Fast SixՊրայըն Օ’Քոններ
2013ԺամերHoursՆոլան
2013Գրաւատան քրոնիկներPawn Shop ChroniclesՌոու Տոկ
201413-րդ շրջան. Աղիւսէ առանձնատուներBrick MansionsՏեմիեն
2015Աճապարանքն ու բարկութիւնըFurious 7Պրայըն Օ’Քոններ
ԹվականՄրցանակԱնուանակարգժապաւէնԱրդիւնք
1988Երիտասարդ դերասան (en:Young Artist Award)Երիտասարդ դերասանի լաւագոյն հիւրի դերով ցերեկային տեսաշարին մէջ
«A Special Love» դրուագին համար
Մայրուղի մը դէպի երկինքԱռաջադրուած
1993Երիտասարդ դերասան (en:Young Artist Award)Լաւագոյն երիտասարդ դերասան ցերեկային տեսաշարին մէջԵրիտասարդ եւ աշխուժԱռաջադրուած
1994en:Soap Opera Digest AwardԱկանավոր էկրանային նորամուտԱռաջադրուած
Երիտասարդ դերասան (en:Young Artist Award)Լաւագոյն երիտասարդ դերասան օճառային օփերային մէջԱռաջադրուած
2000Երիտասարդ Հոլիուուտ (en:Young Artist Award)Նոր գրաւիչ աստղԱռաջադրուած
2001Հոլիուուտեան բեկումՏղամարդու տարուան բեկում
Ստացած է Hollywood Film Festival-ին
Յաղթած
Երիտասարդ Հոլիուուտ (en:Young Artist Award)Տղամարդու նոր ոճըՅաղթած
2002en:MTV Movie AwardsԼաւագոյն պաստառի խումբ
Վին Տիզելի հետ
Աճապարանքն ու բարկութիւնըՅաղթած
Տղամարդու տարուան բեկումԱռաջադրուած
2003en:Teen Choice AwardsԱմենավառ սիրավէպը
Փոլ Ուոքըր եւ իր ինքնաշարժը
Աճապարանքն ու բարկութիւնը 2Յաղթած
2009en:Teen Choice AwardsՄարթա ժապաւէնին լաւագոյն դերասանըԱճապարանքն ու բարկութիւնը 4Առաջադրուած
2011en:Teen Choice AwardsՄարթա ժապաւէնին լաւագոյն դերասանըԱճապարանքն ու բարկութիւնը 5Առաջադրուած
en:Black Reel AwardsԼաւագոյն խումբը
ժապաւէնին դերասաններու հետ
Տղաներ-թալանչիներԱռաջադրուած
2014en: MTV Movie AwardsՊաստառի Լաւագոյն զոյգը
Վին Տիզըլի հետ
Աճապարանքն ու բարկութիւնը 6Յաղթած

Ծանոթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
    1. 1 2 http://www.usmagazine.com/celebrity-news/news/paul-walker-dead-at-40-fast-and-the-furious-actor-dies-in-car-accident-report-20133011
    2. 1 2 3 4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
    3. 1 2 GeneaStar
    4. 1 2 http://www.tribute.ca/people/paul-walker/1379/17622/
    5. 1 2 http://www.cnn.com/2013/11/30/showbiz/actor-paul-walker-dies/
    6. 1 2 'Fast and Furious' star Paul Walker dies in fiery car crash, ABC News confirms
    7. 1 2 http://edition.cnn.com/2013/11/30/showbiz/actor-paul-walker-dies/
    8. 1 2 3 4 «'Fast and Furious' star Paul Walker dies in car accident»։ CNN։ 2013-11-30։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ նոյեմբերի 30–ին
    9. «'Fast and Furious' star Paul Walker dies in Valencia car crash, publicist says»։ ABC News։ նոյեմբերի 30, 2013։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-05-02-ին։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ նոյեմբերի 30–ին
    10. 1 2 Joel Landau (2013-11-30)։ «Paul Walker dead at 40: 'Fast and Furious' star killed in fiery car crash»։ NY Daily News։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ նոյեմբերի 30–ին
    11. 1 2 3 4 Duane Daniel։ «Paul Walker's Adventure Sports Workout Routine»։ Men's Health։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-05-20-ին։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ սեպտեմբերի 28–ին
    12. «Paul Walker Biography»։ Yahoo!։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-12-30-ին։ արտագրուած է՝ 2008-09-28
    13. 1 2 3 Keck William (2005-09-27)։ «Fame lets Paul Walker dive in»։ USA Today։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-09-27-ին։ արտագրուած է՝ 2008-09-28
    14. «Paul Walker»։ Complex։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-09-22-ին։ արտագրուած է՝ 2008-09-28
    15. Aames Ethan (2004-11-12)։ «Paul Walker on Noel»։ Cinema Confidential։ արխիւացուած բնօրինակէն 2007-10-12-ին։ արտագրուած է՝ 2008-09-28
    16. 1 2 3 4 5 6 IMDB Trivia Section
    17. «Betsey Alma OEFINGER b. 28 Oct 1922 Meriden New Haven County, Connecticut, U.S.A. d. 7 Mar 1991 Meriden New Haven County, Connecticut, U.S.A.: Our Family History»։ Germans2franklincountyma.info։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 17 September 2013-ին։ արտագրուած է՝ հունիսի 13, 2013
    18. Chean Steven (2003-06-15)։ «Walker on the wild side»։ USA Weekend։ արտագրուած է՝ 2008-09-28
    19. «Paul William Walker I-IV bio: The Faster & Furiouser 5/4DEEMAS&JESUS ADAM Actor»։ Tribute.ca։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-09-13-ին։ արտագրուած է՝ 2008-09-28
    20. Kim Beatrice (2003-11-21)։ «Pretty boy is pretty coy: Walker talks the talk»։ The Stanford Daily։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-02-23-ին։ արտագրուած է՝ 2009-11-15
    21. «Paul Walker Covers ‘Men’s Health’ March 2010 | Paul Walker : Just Jared»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-09-01-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-25
    22. «Eight Below (2006)»։ Box Office Mojo։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-06-12-ին։ արտագրուած է՝ սեպտեմբերի 28, 2008
    23. «Apple – Movie Trailers – Fast and Furious»։ Apple։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-01-14-ին։ արտագրուած է՝ սեպտեմբերի 28, 2008
    24. Fleming Michael (սեպտեմբերի 9, 2008)։ «Screen Gems digs up 'Bone' cast»։ Variety։ արտագրուած է՝ սեպտեմբերի 28, 2008
    25. Fast Five Premiere
    26. Gonzalez Maricela։ «'Fast & Furious 7' production halted after Paul Walker's death»։ Entertainment Weekly։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-12-04-ին։ արտագրուած է՝ դեկտեմբերի 5, 2013
    27. Koltnow Barry (Փետրուարի 18, 2006)։ «Just chillin'»։ Orange County Register։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-05-17-ին։ արտագրուած է՝ սեպտեմբերի 29, 2008
    28. Duane Daniel։ «Paul Walker's Adventure Sports Workout Routine»։ Men's Health։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-02-11-ին։ արտագրուած է՝ 2008-09-28
    29. «AE Performance»։ Redline Time Attack։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-11-30-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-25
    30. Paul Walker (I) — Other works
    31. «Paul Walker Leads Shark Expedition»։ Starpulse.com։ նոյեմբերի 12, 2009։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-12-15-ին։ արտագրուած է՝ նոյեմբերի 15, 2009
    32. «Actor Paul Walker Joins National Geographic Shark Expedition»։ DiverWire։ նոյեմբերի 13, 2009։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-05-28-ին։ արտագրուած է՝ նոյեմբերի 15, 2009
    33. 1 2 Itier Emmanuel։ «Paul Walker Interview»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-09-17-ին։ արտագրուած է՝ 2009-11-15
    34. «Coty Prestige Announces Agreement With Paul Walker»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-07-15-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-25
    35. «Paul Walker Joins The Billfish Foundation to Kick-Off 20th Anniversary Celebration»։ marlinmag.com։ սեպտեմբերի 25, 2006։ արտագրուած է՝ նոյեմբերի 15, 2009 [permanent dead link]
    36. «REACH OUT Worldwide»։ REACH OUT Worldwide։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-06-18-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-25
    37. «'Fast and Furious' star Paul Walker dies in Valencia car crash, publicist says»։ ABC News։ նոյեմբերի 30, 2013։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-05-02-ին։ արտագրուած է՝ 2013-11-30
    38. 1 2 «Publicist: Fast & Furious Actor Paul Walker Dies in Car Crash»։ TIME։ նոյեմբերի 30, 2013։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-12-09-ին։ արտագրուած է՝ 2013-11-30
    39. Schabner, Dean (November 30, 2013). 'Fast and Furious' Star Paul Walker Killed in Crash". ABC News.
    40. «Fast & Furious actor Paul Walker dies in California car crash»։ BBC News US & Canada (BBC News)։ դեկտեմբերի 1, 2013։ արտագրուած է՝ 2013-12-01
    41. «Call to Action»։ Merrill Lynch։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-12-02-ին։ արտագրուած է՝ 2013-11-30
    42. Smith Perry (2013-11-30)։ «Paul Walker, Santa Clarita CEO Reportedly Killed In Fatal Single-Car Crash»։ KHTS Radio։ արտագրուած է՝ 2013-11-30
    43. Похоронили актёра Пола Уокера в его родном городе Глендейл (штат Калифорния) // РИА Новости, 2013-12-15
    44. Paul Walker (I) — Awards

    Արտաքին յղումներ

    [Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]