Jump to content

Փոլա Եագուպեան

Փոլա Եագուպեան
Ծնած է 4 Ապրիլ 1976(1976-04-04) (50 տարեկան)
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան և  Հայաստան
Մասնագիտութիւն հեռուստահաղորդավար, լրագրող և քաղաքական գործիչ
Վարած պաշտօններ Լիբանանի Խորհրդարանի Անդամ[1] և Լիբանանի Խորհրդարանի Անդամ

Փոլա Եագուպեան (Փոլէթ Սիրական Եագուպեան, 4 Ապրիլ 1976(1976-04-04), Պէյրութ, Լիբանան), լիբանանահայ քաղաքական գործիչ[2]։ Ան աշխատած է իբրեւ հաղորդավարուհի լիբանանեան եւ համաարաբական միջազգային շարք մը հեռուստակայաններու մէջ։ Ճանչցուած ըլլալով իր կազմակերպութիւններուն եւ լայն համայնքին վրայ ունեցած ձեւափոխիչ ազդեցութեամբ՝ Փոլա դարձաւ Համաշխարհային Դրամատան խումբին կողմէ ընտրուած մասնագէտներէն մէկը՝ իբրեւ իրենց «Բազմազանութեան եւ ներառականութեան արտաքին խորհրդատուական մարմին»ի անդամ, կանանց իրաւունքներու իր պաշտպանութեան, կանանց զօրացման ի նպաստ իր ջանքերուն, ինչպէս նաեւ ընտրական կանանց քօթայի եւ Լիբանանի մէջ աւելի արդար ընտրական օրէնքի մը մոլեգին պաշտպանը ըլլալուն արդիւնքով։

2018-ին ան հռչակեց իր թեկնածութիւնը 2018-ի Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն համար՝ առաջադրուելով Պէյրութ Ա. ընտրատարածքի հայ առաքելական աթոռին համար։ Ան պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ յաղթական՝ Կիրակի, 6 Մայիս 2018-ին տեղի ունեցած ընտրութիւններէն ետք[3]։ 8 Օգոստոս 2020-ին ան հրաժարական տուաւ եւ նոր կառավարութեան կոչ ըրաւ՝ 2020-ի Պէյրութի պայթումէն ետք[4][5]։

Կենսագրական գիծեր[6]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Պէյրութ, Լիբանան։ Ան հայկական ծագում ունի եւ զաւակն է Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած ծնողի մը։ Քաղաքացիական պսակադրութեամբ ամուսնացած էր լիբանանցի լրագրող Մուվաֆֆաք Հարպի հետ՝ նկատի ունենալով որ ան շիի համայնքէն էր, իսկ Փոլան՝ քրիստոնեայ հայ։ Անոնք ունեցան որդի մը՝ Փոլ[7], եւ բաժնուեցան 2016-ին[8]։ 2021-ին ան երկրորդ անգամ ամուսնացաւ պաղեստինեան ծագումով լիբանանցի Վահպէ Թամարիի հետ[9]։

Եագուպեան իր աշխատանքը սկսաւ Յունիս 1995-ին «ICN»-ի (Independent Communications Network) մէջ, որ լիբանանեան հեռուստակայան մըն էր՝ հիմնուած Անրի Սֆէյրի կողմէ։ Սֆէյրի քաջալերանքով, որ նաեւ «Նիտա ալ Վաթան» օրաթերթի արտօնագիրը ունէր, այդ ատեն 19-ամեայ Եագուպեան դարձաւ ճանչցուած դէմք մը՝ հաղորդելով լուրեր ու հարցազրոյցներ, եւ յաճախակիօրէն երեւցաւ կայանի լրատուական հաղորդումներուն մէջ։ Աւելի ուշ ան նշանակուեցաւ կայանի տարածաշրջանային եւ միջազգային լուրերու բաժնի վարիչ եւ ունեցաւ իր քաղաքական-լրատուական յայտագիրը՝ «Ալ Սուլթա ալ Ռապիամ» (արաբերէն՝ السلطة الرابعة, բառացի՝ «Չորրորդ իշխանութիւն»):

«ICN»-ի փակումէն ետք, Եագուպեան փոխադրուեցաւ «LBCI»՝ վարելով «Նահարքում Սայիդ» (արաբերէն՝ نهاركم سعيد, բառացի՝ «Բարի լոյս») առաւօտեան յայտագիրը, ինչպէս նաեւ ներկայացնելով լուրերը կայանի միջազգային արբանեակային հեռարձակումներով։ Ապա ան անցաւ լիբանանեան «MTV» կայանը, ուր ներկայացուց «Մին ալ Ախար» (من الأخر) յայտագիրը։ Աւելի ուշ աշխատեցաւ «Arab Radio and Television Network» (ART) ցանցին մէջ, ուր վարեց շարք մը յայտագիրներ արբանեակային տարբեր ալիքներու վրայ՝ «ART al Awael», «ART al Munawwaat» եւ «ART al Aalamiyyah»: ART-ի վրայ Եագուպեանի ներկայացուցած տարբեր յայտագիրներէն էին՝ «Տետ ալ Թայեար» (ضد التيار), «Լիկա Խաս» (لقاء خاص), «Ռուիա Վատիհա» (رؤية واضحة) եւ «Լիկա մին Ամերիքա» (لقاء من أمريكا): Այնուհետեւ ան փոխադրուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուած «Alhurra» հեռուստակայանը, ուր իր ամուսինը՝ Մուվաֆֆաք Հարպը, կը վարէր ամերիկամէտ լրատուական ալիքը։

Վերադառնալով Լիբանան՝ Եագուպեան աշխատեցաւ «Future TV»-ի մէջ, ուր վարեց «Inter-views» քաղաքական-լրատուական յայտագիրը։ Ան հարցազրոյց ունեցաւ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ Սէուտական Արաբիոյ մէջ՝ Ալ Ռիյատէն սփռուած կարեւոր ու ուղիղ հեռարձակումով մը, Հարիրիի կողմէ սէուտական մայրաքաղաքէն իր հրաժարականը ներկայացնելէն ետք, երբ լուրեր կային Սէուտական Արաբիոյ մէջ իր իրական վիճակին մասին։ Այս հարցազրոյցը ծառայեց փարատելու իր status-ի (վիճակին) գծով եղած լուրջ մտահոգութիւնները եւ ներառեց Լիբանան իր վերադարձին մասին յայտարարութիւնը։

Իբրեւ մարդասէր եւ ընկերային գործիչ՝ Փոլա յաջողեցաւ նախաձեռնել «Տաֆա արշաւ»ը, որ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ նուիրատուութեան ամենամեծ ու ամենայաջող արշաւներէն մէկը դարձաւ երկրորդ տարին ըլլալով։ «Տաֆա արշաւ»ը հասաւ 14,800 կարիքաւոր ընտանիքներու Լիբանանի մէջ 2015 Նոյեմբերին, 43,000 ընտանիքներու 2016 Դեկտեմբերին, եւ աւելի քան 100,000 ընտանիքներու՝ 2017-ին։

Փոլա նաեւ 15 կրթաթոշակ կը տրամադրէ բացառիկ արդիւնքներ ունեցող այն աշակերտներուն, որոնք չեն կրնար հոգալ իրենց դպրոցական ուսման ծախսերը։ Արհեստավարժ մարզին մէջ, տիկին Եագուպեան նաեւ գործադիր տնօրէնն ու ընդհանուր կառավարիչն է «Integrated Communications» ընկերութեան, որ մասնագիտացած է հաղորդակցութեան ռազմավարութեան, մեդիայի հետ յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ հանրային ճառախօսութեան մարզումներու մէջ։ Ան վկայեալ մարզիչ է, որ մասնակցած է մարզումի քանի մը դասընթացքներու եւ աշխատանոցներու ԱՄՆ-ի մէջ, եւ ունի վարչագիտութեան ու քաղաքագիտութեան վկայական։ Ան քաղաքական լրագրութեամբ զբաղած է իր ասպարէզի սկիզբէն ի վեր՝ 17 տարեկանին։ Եագուպեան յայտագիրներ վարած է «ICN», «LBC», «MTV», «ART» եւ «Future TV» կայաններուն վրայ։ Ան հարցազրոյցներ ունեցած է աշխարհի բազմաթիւ ղեկավարներու ու անհատականութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ կազմակերպած է հանրային քննարկումներ ու վէճեր։

Եագուպեան միացաւ ընկերային գործիչներու ջանքերուն եւ առաջադրուեցաւ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան Մայիս 2018-ին։ 7 Մայիս 2018-ին ան դարձաւ առաջին հայ կինը, որ աթոռ ապահովեց Լիբանանի Խորհրդարանին մէջ։ 2020-ի Պէյրութի պայթումէն ետք, ան հրաժարական տուաւ Փաղանգաւոր (Քաթայէպ) կուսակցութեան երկու այլ անդամներու հետ միասին՝ 8 Օգոստոս 2020-ին։

Ան վերստին ընտրուեցաւ Լիբանանի խորհրդարանին մէջ 2022-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք՝ իբրեւ մաս «17 Հոկտեմբեր»ի բարեփոխչական 13-անդամնոց հոսանքին/համախմբումին։

Եագուպեան իր ասպարէզի ընթացքին ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ, իսկ Օգոստոս 2017-ին արժանացած է Պելճիքայի Ֆիլիփ թագաւորին կողմէ շնորհուող «Պսակի շքանշանի սպայ» (Officer of the Order of the Crown) պատուաբեր տիտղոսին՝ իբրեւ գնահատանք իր իրականացուցած ամբողջ աշխատանքին։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. ↑ استقالة النائبة بولا يعقوبيان ونواب "الكتائب" من البرلمان اللبناني — RT Arabic, 2020.
  2. ↑ «Politician Paula Yacoubian says she risks her life fighting Lebanese corruption and garbage crisis»։ Euronews (անգլերէն)
  3. ↑ Beirut, Nohad Topalian in. "Lebanese TV presenter takes up seat in parliament". Al-Mashareq. Retrieved 2020-06-17.
  4. ↑ «Leading media figure Paula Yacoubian, a new face in Lebanon’s parliament | Samar Kadi»։ AW (անգլերէն)
  5. ↑ "Lebanese government in crisis as ministers resign after blast". The Washington Post. 2020-08-10. Retrieved 2020-08-10.
  6. ↑ (արաբերեն) بولا يعقوبيان, 2026-02-09, https://ar.wikipedia.org/w/index.php?title=%D8%A8%D9%88%D9%84%D8%A7_%D9%8A%D8%B9%D9%82%D9%88%D8%A8%D9%8A%D8%A7%D9%86&oldid=73358741, վերցված է 2026-08-25
  7. ↑ بولا يعقوبيان:أربّي إبني على القيم وليس على المعتقدات الدينيّة موقع الفن «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2019-01-10
  8. ↑ بولا يعقوبيان: الحبّ إنتهى وكان لا بدّ من الإنفصال عن زوجي ايلاف نشر في أبريل 2016 «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-06-16-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-16
  9. ↑ "بولا يعقوبيان تتحدث عن زواجها الثاني: "مثل روميو وجولييت"... وصُور زفافها تُعرض للمرة الأولى في "المجهول". lbci. 4 نوفمبر 2023. مؤرشف من الأصل في 2023-11-05. اطلع عليه بتاريخ 2023-11-05.
  10. 1 2 (անգլերեն) Paula Yacoubian, 2026-05-12, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Paula_Yacoubian&oldid=1353768586, վերցված է 2026-08-25