Փիլիպարտէզ
| Հեղինակ | Թինա Քոբմա, Ռեժինա Փանօս, Լիզէթ Պայրամ Էրէն, Մարալ Ագթօքմաքեան |
|---|---|
| Լեզու | հայերէն |
| Նիւթ | երեխաներուն հետ փիլիսոփայութեան ծրագիր |
Փիլիպարտէզ․ Երեխաներուն հետ փիլիսոփայութեան ծրագիր։ Կը հովանաւորուի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէն։
Ծրագիր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Փիլիպարտէզ»-ը երեխաներուն հետ փիլիսոփայութեան ծրագիր մըն է, որուն նպատակն է՝ իրականութիւն դարձնել երեխաներուն հետ արեւմտահայերէնով փիլիսոփայելու գաղափարը:
Երեխաներուն հետ փիլիսոփայութիւնը կը կիրարկուի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, ըլլայ այդ դպրոցական ծրագիրներու եւ կամ զանազան խմբային աշխատանողներու ընթացքին։ Ծրագիրին նպատակն է խնդիրի մը եւ կամ յղացքի մը օգնութեամբ երեխաներուն մօտ մտածելու հմտութիւնները զարգացնելու:
Հայերէնով փիլիսոփայել
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծրագիրը պատրաստուած է ի մտի ունենալով՝ ընկերային գիտութիւններով, փիլիսոփայութեամբ կամ նման նիւթերով աշխատող մանկավարժները, հայերէնի ուսուցիչները եւ ուղեկիցները, երեխաներու եւ պատանիներու հետ աշխատող հաստատութիւնները, հայերէնով արդիւնաբեր ժամանակ անցընել ուզող ծնողները, եւ զանազան ընկերային կառոյցները, որոնց ծիրէն ներս հայերէն կը խօսուի:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ զնտուկ․ Փիլիպարտէզ
- ↑ «Փիլիպարտէզին մասին»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2025-08-05-ին։ արտագրուած է՝ 2025-09-14
- ↑ «Փիլիպարտէզ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2025-07-13-ին։ արտագրուած է՝ 2025-09-14
- ↑ «Փիլիպարտէզ ուղեցոյց»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2025-08-05-ին։ արտագրուած է՝ 2025-09-14
- ↑ «Փիլիպարտէզ փիլիդարան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2025-06-24-ին։ արտագրուած է՝ 2025-09-14