Փեփինօ տի Քափրի

Փեփինօ տի Քափրի
Փեփինօ տի Քափրի 1965-ին
Ծնած է 27 Յուլիս 1939(1939-07-27)[1] (84 տարեկան)
Ծննդավայր Քափրի, Նափոլի, Իտալիա
Քաղաքացիութիւն  Իտալիա
Տեսակ Նափոլիի յատուկ լեզուով երգեր
Մասնագիտութիւն երգահան, յօրինող, երգիչ, դաշնակահար
Անդամութիւն Փեփինօ տի Քափրի եւ Րոքըրս (Peppino di Capri e i suoi Rockers)
Կայքէջ pepinodicapri.net

Փեփինօ տի Քափրի․ 27 Յուլիս 1939, Քափրի, Իտալիա, աւազանի անունով՝ Ճիւզեփէ Ֆայելա․ իտալացի երգահան, յօրինող, երգիչ եւ դաշնակահար։ Միջազգային համբաւի արժանացած են անոր «Ս. Թրոփէի ոլորը» St. Tropez Twist[2], «Տանիելա» Daniela[3], «Ետ դարձիր անուշիկս» Torna piccina[4], «Րոպերդա» Roberta[5], «Մելամաղձութիւն» Melancolie[6], «Ֆրեվա»Freva[7], «Բացարձակ ռոմանթիքը» L'ultimo romantico[8], «Մեծ սէր մը եւ ուրիշ ոչինչ» Un grande amore e niente piú[9], «Երբեք ա'յդ պիտի չընեմ» Non lo faccio più, «Մեղք չէ» Nun è peccato[10] եւ «Շամփայն» Champagne երգերը։

Կեանքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փեփինօ տի Քափրի ծնած է Քափրի՝ կղզի Նափոլիի Ծոցին մէջ, 27 Յուլիս 1939-ին։   Չորս տարեկան հասակին կը սկսի երգել․ կը զուարճացնէ Քափրի կանգ առած ամերիկեան ծովուժի զինուորները։   6 տարի դասական երաժշտութիւն ուսանելէ եւ ծնդավայրին զանազան ցայգակումբներու մէջ նուագելէ ետք կը հիմնէ իր նուագախումբը՝ The Rockers։  1958-ին խումբը կը ձայնագրէ իր առաջին երգերը՝  «Հիւանդութիւն» Malattia[11] եւ «Ձկնորսութիւն չէ» Nun è Peccato [12]Նափոլիի լեզուով։  Երգերը յաջողութիւն կ՛արձանագրեն եւ յաջորդ տարին խումբը շրջապտոյտի կը մեկնի։

Փեփինօ այնքան հանրածանօթ է արդէն, որ Տինօ Րիսի «Պարծենկոտը» Il sorpasso ժապաւէնին մէջ անոր մասին կ՛ակնարկէ։

Փեփինօ տի Քափրի, 2008-ին

1965-ին Պիթըլզ The Beatles խումբին Իտալիոյ տարածքին շրջապտոյտներուն ընթացքին, Փեփինօ եւ իր խումբը կը բանան անոնց համերգները։   Այս յաջողութենէն ետք, անոնք կը նետուին եւրոպայի եւ համաշխարհային երաժշտութեան շուկային մէջ։ Անոնց երգերը Պրազիլիոյ մէջ շատ լաւ կ՛ ընդունուին․ հոն կ՛ ապրի իտալական մեծ համայնք մը։

1970-ական թուականներուն, Փեփինօ «Նիու Րոքըրս» New Rockers անունով նոր նուագախումբ մը կը կազմէ։   1973-ին, իտալական երգի փառատօնին՝ «Սան Րեմօ Իտալական Երգի Փառատօն» Festival della canzone italiana di Sanremo (ստեղծուած 1951-ին ու կը շարունակուի մինչեւ այսօր)  առաջնահերթութիւնը կը շահի «Մեծ սէր մը եւ ուրիշ ոչինչ» Un grande amore e niente più[13]երգով։ Նոյն տարին կը ձայնագրէ «Շամփայն» Champagne երգը[14], որ մեծ յաջողութիւն կ՛ արձանագրէ ոչ միայն Իտալիոյ մէջ, այլ նաեւ Եւրոպայի շարք մը երկիրներու եւ Պրազիլիոյ մէջ։

1976-ին կրկին յաղթականն է Սան Րեմօ իտալական երգի փառատօնին «Երբեք այդ պիտի չընեմ» Non lo faccio più[15] երգով։

1980-ին կը փորձէ արդիականացնել երգերուն ոճը եւ «Ուղեղին մէջ տարօրինակ միտքերով» Con in testa strane idee ձայնապնակը կը հրապարակէ Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ։

1991-ին, Եուրոտեսիլի Երգերու Փառատօնին 7-րդ դիրքը կը գրաւէ «Որքան մեղմ է ծովը» Comme è ddoce mare o երգով (երգուած Նափոլիի լեզուով)[16]։

2008-ին կը տօնէ իր երգիչի ասպարէզի 50-ամեակը հրապարակելով տեսերիզ մը Հռոմի մէջ կայացած իր համերգէն։

[17], [18]

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]