Jump to content

Փարոս Հայաստանի (հանդէս)

«Փարոս Հայաստանի», պատմաբանասիրական պատկերազարդ հանդէս։

Լոյս տեսած է 18791881 թուականներուն Մոսկուայի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Զարմայր Մսէրեան, Սուքիաս Մսէրեան։

«Փարոս» տարեգիրքի շարունակութիւնն է։ Տպագրած է հայագիտութեան, գիտական նորութիւններուն նուիրուած նիւթեր, Յակոբ Պարոնեանի շարք մը յօդուածներ, Յովհաննէս Այվազովսկիին, Մկրտիչ Էմինին, Ֆ. Վոլթերին նուիրուած ակնարկներ, Ալֆոնս Տոտէի պատմուածքներէն հատուածներ, Մսէր Մսէրեանի վաղ շրջանի նամականիէն, «Միրզաեան Մանուկ պեյ. պատմութիւն վարուց նորայ» մեծածաւալ աշխատութիւնը։

Այս յօդուածի կամ անոր բաժնի որոշակի հատուած վերցուած է «Հայ գրատպություն և գրքարվեստ» հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են՝ Քրիեյթիվ Քոմմոնս Նշում-Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։