Jump to content

Փարա

Փարա[1] (օսման.՝ پاره (para); թրք.՝ para, սերպ.՝ пара, ռում.՝ paraՕսմանեան կայսրութեան ու անոր քաղաքական ու տնտեսական ազդեցութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ գործածուած մանր դրամական միաւորն է։ Անիկա կը սեպուի իբրեւ փոխանակելի ստակ։

Հայկական միջավայր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկական միջավայրին մէջ փարան դարեր շարունակ ծառայած է իբրեւ հաշիւ տեսնելու գլխաւոր միջոց։ Յատկապէս Օսմանեան լուծին տակ գտնուող ժամանակաշրջանին, այս միաւորը դարձած էր առօրեայ առեւտուրի հիմնական չափանիշը։ Թէեւ ներկայիս պաշտօնական արժոյթը դրամն է, սակայն հայերէնի բազմաթիւ բարբառներուն մէջ «փարա» բառը տակաւին կը բանեցուի իբրեւ ստակի հոմանիշ։ Յատկապէս չքաւորութիւն կամ նիւթական տագնապ արտայայտելու պարագային, ժողովրդական լեզուամտածողութեան մէջ յաճախ գործածական է «փարա չունիմ[2]» (ստակ չունիմ) դարձուածքը։

1918 թուականի թրքական 40 փարա

Փարան առաջին անգամ ասպարէզ իջաւ իբրեւ արծաթեայ ստակ 1623 թուականին։ Սկզբնական շրջանին ստակին ծանրութիւնը 1,1 կրամ էր, որ ժամանակի թաւալումով հետզհետէ պզտիկցաւ ու XIX դարու սկիզբը հասաւ 0,22 կրամի։ Արծաթին յարգը նոյնպէս հետզհետէ ինկաւ. զոր օրինակ՝ 1757-ին 520 յարգ էր, իսկ 1800-ին՝ 420։ 1687-էն սկսեալ դրամահատարանները կոխեցին նաեւ բազմապատիկ փարաներ։ Ստակին երեսը կը կրէր սուլթանին անունը, իսկ ետեւի կողմը՝ կոխուելու տարին ու վայրը։

Մէկ ղուրուշը 40 փարայէ կը բաղկանար։ 1844-ին, երբ լիրան մտաւ շրջանառութեան մէջ, մէկ լիրան հաւասարեցաւ 100 ղուրուշի կամ 4000 փարայի։

Մեհմետ Ե. սուլթանին գահակալութեան ատեն (1909–1918), փարաները արծաթ ըլլալէ դադրեցան ու սկսան թողարկուիլ նիքելէ կամ պղինձի խառնուրդէ[3]։ 1923-ին՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակումէն ու դրամական բարեփոխումէն ետք, թրքական նոր լիրան կը պահէր 100 ղուրուշի ու 4000 փարայի արժէքը։ Վերջին 10 փարանոցները կոխուեցան 1940–1942 թուականներուն՝ պրոնզէ։ Սակայն սղաճին պատճառաւ, փարայի թողարկումը դադրեցաւ։ 2005-ի դրամական նոր կարգով, թրքական լիրան ունի միայն 100 ղուրուշ ու փարայի բաժանումը վերջնականապէս վերցուեցաւ։

Խրիմի խանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խրիմի խանութիւնը կ'օրինակէր թրքական դրամական դրութիւնը եւ կը գործածէր թրքական ստակները, բայց կոխեց նաեւ իր սեփական փարաները։ XVII դարուն, առաջին փարաները (1 ու 2 փարանոց) կը կշռէին 0,6-էն մինչեւ 1,35 կրամ։ Ժամանակի ընթացքին Խրիմի փարաներուն յարգը այնքան ինկաւ, որ ատոնք գրեթէ պղինձ դարձան։

Տանուբեան իշխանութիւններ ու Պալքաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
1965 թուականի եուկոսլաւական 50 փարա
1906 թուականի մոնթենեկրոյական 10 փարա

XVIII դարուն, Տանուպի եզերքը գտնուող Մոլտովայի ու Վալաքիայի իշխանութիւնները Օսմանեան լուծին տակ էին։ Այդ ատեն հոն նոյնպէս կը գործածուէր թրքական դրամական դրութիւնը, ուր մէկ ղուրուշը (որ տեղացիները լէյ կը կոչէին) հաւասար էր 40 փարայի[4]։ 1771-ին Սատկորայի մէջ հաստատուեցաւ դրամահատարան մը։ Հոն սկսան թողարկել պղինձէ ստակներ, որոնց արժէքը նշուած էր թէ՛ փարայով եւ թէ՛ կոպեկով։ Այս դրամները շրջանառութեան մէջ մնացին մինչեւ 1784 թուականը։

Յատկանշական է, որ Մոլտովայի ու Վալաքիայի առաջին նամակադրոշմները, որոնք ծանօթ են «Ցուլի գլուխներ» անուամբ, նոյնպէս փարայով կը հաշւըուէին։

XX դարու սկիզբը, Եուկոսլաւիոյ մէջ ներդրուեցաւ միասնական դրամական համակարգ, ուր տինարը հաւասար էր 100 փարայի[3]։ Սերպիոյ ու Մոնթենեկրոյի մէջ ալ փարան երկար ատեն մնաց շրջանառութեան մէջ։ Վերջին փարաները կոխուեցան 2000 թուականին՝ իբրեւ Եուկոսլավիայի Միութենական Հանրապետութեան դրամ[3]։

Եգիպտոս (Մըսըր)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եգիպտոսի դրամական կարգը կը հետեւէր թրքականին, քանի որ երկիրը մինչեւ 1914 թուականը ձեւականօրէն Օսմանեան լուծին տակ կը մնար։ Դրամական հիմնական միաւորը ղուրուշն էր, որ թրքականին պէս 40 փարայէ կը բաղկանար։ Սակայն եգիպտացիք «մետինօ» կը կոչէին փարան։ 1885-ին ասպարէզ ելաւ եգիպտական լիրան, որ հիմնուած էր ոսկիի յարգին վրայ։ Այս դրամը սկզբնական շրջանին հաւասար էր 100 ղուրուշի կամ 4000 մետինոյի[3][5]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Թուրքերէնէ փոխառեալ բառերը Պօլսի հայ ժողովրդական լեզուին մէջ համեմատութեամբ Վանի, Ղարաբաղի եւ Նոր-Նախիջեւանի բարբառներուն, Հրաչեայ Աճառեան - փարա»։ www.nayiri.com։ արտագրուած է՝ 2026-03-30
  2. «Google Search»։ www.google.com։ արտագրուած է՝ 2026-03-30
  3. 1 2 3 4 Michael T. Standard Catalog of World Coins 1901—2000. — 45-е изд. — Iola: Krause Publications, 2017. — 2384 с.
  4. «Монетный двор в Садгоре»։ КУЛЬТУРНЫЙ ЛАНДШАФТ (ru-RU)։ 2012-09-17։ արտագրուած է՝ 2026-03-30
  5. «МЕДИНО. Словарь нумизмата»։ www.numizm.ru։ արտագրուած է՝ 2026-03-30