Փանոս Մանճեան

Փանոս Մանճեան
Ծնած է 3 Դեկտեմբեր 1952(1952-12-03) (71 տարեկան)
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Մասնագիտութիւն զինուորական

Փանոս Մանճեան (3 Դեկտեմբեր 1952(1952-12-03), Պէյրութ, Լիբանան[1]), զօրավար, լիբանանեան բանակի սպարապետի օգնական, պետական նախարար[2][3]։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է 1952-ին Պէյրութ: Նախնական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Այնճարի «Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան» գոլէճին մէջ: Երկրորդական ուսումը ստացած է Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճին մէջ: Ամուսնացած է եւ ունի երեք զաւակ:

Փանոս Մանճեան կը տիրապետէ չորս լեզուներու` հայերէնի, արաբերէնի, ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի[1]:

Ուսում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1972 թուականին մուտք գործած է Լիբանանի սպայից վարժարան, ուրկէ վկայուելով 1975-ին դաեւձած է Լիբանանեան բանակի սպայ:

Բանակին մէջ ծառայած է 38 տարիներ: 2001-ին ստացած է Զօրավարի աստիճան:

Մինչեւ 2010-ը գործած է բանակին մէջ իբրեւ Զօրավար տարբեր պատասխանատու պաշտօններ վարելով:

Հանգստեան կոչուած է Դեկտեմբեր 2010-ին:

Զինուորական մասնագիտութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զինուորական իր մասնագիտութիւնը եղած է հրասայլերու օգտագործումն ու կառավարումը պատերազմներու ընթացքին: Այս ծիրին մէջ հետեւած է մասնագիտական դասընթացքներու Ամերիկայի Միացիալ Նահանգներուն մէջ: Եղած է վաշտապետ իսկ 2005-2010 ժամամնակամիջոցին նշանակուած է Լիբանանեան բանակի սպարապետի օգնական:

Յունիս 2011-ին մաս կազմած է Լիբանանի Կառավարութեան որպէս պետական նախարար։ Ան ստանձնած է զինուորական պարտականութիւններ Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու, Զուիցերիոյ, Իտալիոյ, Յորդանանի, Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ[4]:

Շքանշաններ եւ շնորհաւորագրեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իր ծառայութեան ընթացքին ստացած է բազմաթիւ շքանշաններ որոնցմէ յատկապէս կարելի է յիշել «Վիրաւորի», «Պատերազմի» եւ «Լիբանանեան Մայրի»-ի շքանշանները:

Ստացած է նաեւ բազմաթիւ շնորհաւորագրեր:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]