Փանոս Թերլեմէզեանի Անուան Գեղարուեստի Պետական Քոլեճ
Փանոս Թերլեմէզեանի Անուան Գեղարուեստի Պետական Քոլեճ | |
---|---|
![]() | |
Տեսակ | քոլեճ |
Հիմնադրուած է | 1921 |
Անուանուած է | Փանոս Թէրլէմէզեան |
Երկիր |
![]() |
Տեղագրութիւն | Երեւան |
Հասցէ | Արշակունյաց 39, Երևան |
Կայքէջ | terlemezyan.com(հայ.) |
Փանոս Թերլեմէզեանի անուան գեղարուեստի պետական քոլեճ, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ գտնուող պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւն, Հայաստանի առաջին նկարչական դպրոցը։ Հիմնադրուած է 1921 թուականին, կը գտնուի Երեւանի Արշակունեաց պողոտայի 39-րդ շէնքին մէջ։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Նկարչական դպրոցը ստեղծուած է 1921 թուականին՝ Ժողովրդական կոմիսարներու խորհուրդի յատուկ դեկրետով, Ալեքսանդր Մեասնիկեանի ստորագրութեամբ, ՀԽՍՀ առաջին լուսժողկոմ օրոք։ Սկզբնապէս կոչուած է «Գեղարդ» գեղարուեստաարդիւնաբերական տեխնիկում, 1938 թուականին՝ գեղարուեստական ուսումնարան, 1941 թուականին վերանուանուած է հայ մեծ նկարիչ Փանոս Թերլեմէզեանի անունով եւ կարճ ժամանակահատուածի մէջ դարձած է գեղարուեստի միջնակարգ լաւագոյն կրթարաններէն մէկը։
Առաջին տնօրէնը եղած է Յովհաննէս Թադեւոսեանը, որ գլխաւորած է ուսումնական աշխատանքներն ու կազմած է դասատուներու կազմը։ Հաստատութեան ակունքներուն մէջ կանգնած են ժամանակին Եւրոպայի լաւագոյն կեդրոններուն մէջ՝ Վիեննայի, Փարիզի, Միւնխենի, Մոսկուայի, կրթութիւն ստացած եւ մեծ հեղինակութիւն վայելող արուեստագէտներ Մարտիրոս Սարեանը, Վրթանէս Ախիկեանը, Ստեփան Աղաճանեանը, Սեդրակ Առաքելեանը, Վահրամ Գայֆէճեանը, Գաբրիէլ Գիւրջեանը, Յակոբ Կոջոյեանը, Արա Սարգսեանը եւ այլք։ 1927 թուականին ուսումնարանը տուած է իր առաջին շրջանաւարտները, որոնցմէ էին անուանի հայ գեղանկարիչներ Մհեր Աբեղեանը, Սեդրակ Ռաշմաճեանը, Բաբգէն Քոլոզեանը, Արմէն Չիլինկարեանը եւ այլք։ Միւս տարիներու շրջանաւարտներէն են Յովհաննէս Զարդարեանը, Գրիգոր Խանջեանը, Ղուկաս Չուբարեանը, Մարիամ Ասլամազեանը, Արա Բեքարեանը, Էտուարտ Իսաբեկեանը, Արա Յարութիւնեանը,Կարապետ Տիրատուրեանը եւ այլք։
Մինչեւ 2007 թուականը ուսումնարանը (յետագային վերանուանուեցաւ քոլեճ) կը գտնէր Լեոյի փողոցի շէնքին մէջ, յետագային ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ տեղափոխուած է Արշակունեաց պողոտայ[1]։
Կառուցուածք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սկիզբը ունեցած է նկարչութեան, քանդակագործութեան (բրուտանոցով), 1925 թուականէն՝ նաեւ ոսկերչութեան, փայտագործութեան, ասեղնագործութեան (աւելի ուշ՝ գորգագործութեան) բաժիններ։
Այսօր քոլեճը բաղկացած է գունանկարչութեան, քանդակագործութեան, տիզայնի բաժիններէ։ Կարեւոր տեղ կը յատկացուի ընդհանուր մասնագիտական կրթութեան մէջ տեսական բաժնին, ուր արուեստի պատմութեան լսարանին կից կը գործէ ժամանակակից տեխնիկայով հագեցած ֆոտոկինոլաբորատորիան, որ հնարաւորութիւն կու տայ ուսանողներուն իւրացնել դասաւանդուող նիւթը, ծանօթանալ համաշխարհային արուեստի պատմութեան էջերուն վաւերագրական, պատմական, գեղարուեստական ու արուեստաբանական տեսանիւթերու օգնութեամբ, ինչպէս նաեւ վիրտուալ այցելութիւններ կատարել աշխարհի տարբեր թանգարաններ։
Դասաւանդման առանձնայատկութիւններէ է այն, որ այստեղ կը դասաւանդեն ակտիւ ստեղծագործական կեանքով ապրող նկարիչները, որոնք Հայաստանի նկարիչներու միութեան անդամ են[2]։
Կարեւոր եւ երկար սպասուած իրադարձութիւն էր քոլեճի կեանքին մէջ 2007 թուականէն գործող «Թերլեմէզեան» ցուցասրահը, որ կ՚իրականացնէ համահայկական մշակութային փառատօներ, ուսանողական եւ դասախօսական ամէնամեայ ցուցահանդէսներ եւ «Թերլեմէզեանականներ» մշակութային միջոցառումներու շարքը[3]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ ՀՀ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹՅԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ «ԵՐԵՎԱՆԻ Փ. ԹԵՐԼԵՄԵԶՅԱՆԻ ԱՆՎԱՆ ԳԵՂԱՐՎԵՍՏԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՐԱՆ» ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՉ ԱՌԵՎՏՐԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹՅԱՆԸ ՇԵՆՔԱՅԻՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՎ ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ
- ↑ Փանոս Թերլեմեզյանի անվան գեղարվեստի պետական քոլեջ[permanent dead link]Կաղապար:Չաշխատող արտաքին հղում
- ↑ «Թերլեմեզյանի պատմությունը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-06-02-ին։ արտագրուած է՝ 2014-03-06
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Պաշտօնական կայքը Archived 2014-05-22 at the Wayback Machine.
- Փանոս Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարան