Փայլածու Կապտանեան

Փայլածու Կապտանեան
Մասնագիտութիւն գրագէտ

Փայլածու Կապտանեան, Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրող եւ գրագէտ: Ան ներշնջած է Rice-A-Roni ճաշատեսակին ստեղծումը, որ հիմնուած է հայկական փիլաւին վրայ: Ցեղասպանութեան ընթացքին, յղի Փայլածուն ստիպողաբար քալած է Սուրիական անապատը եւ հասած է Հալէպ:[1]

Ցեղասպանութենէն ետք, ան գրեց իր յուշերը ֆրանսերէնով, անունը՝ «Memoires d'une deportee» (արմտ. «Տեղահանի մը Յուշերը»): 1919 թուականին հրատարակուեցաւ եւ կը համարուի կարեւոր ներդրում մը Հայոց Ցեղասպանութեան հետազոտութիւններու ոլորտին մէջ, մանաւանդ որովհետեւ գրուած էր անմիջապէս դէպքերէն ետք: Գիրքը նեդրում ունեցաւ նաեւ Ռաֆայէլ Լեմքինի ցեղասպանական պրպտումներու եւ ընդհանուր հասկացողութեան:[2]

1919 թուականին, Տիկ. Կապտանեան վերամիացաւ իր երկու զաւակներուն հետ որոնց յոյն ընտանիքի մը վստահած էր տեղահանումէն առաջ: Այդ դէպքէն ետք, Փայլածու եւ իր երկու տղաքը փոխադրուեցան ԱՄՆ, ուր աշխատեցաւ իբր դերձակուհի եւ հիւսեց վարագոյրներ օրուայ ԱՄՆի Նախագահ Ֆրէնքլին Տ. Ռուզըվըլթին տան համար, Հայտ Պարտեզ, Նիւ Եորք:

Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմէն ետք, Փայլածուն եւ ընտանիքը փոխադրուեցան Սան Ֆրանսիսքօ: Հոն ապրած ժամանակ, վարձու տուաւ սենեակ մը Լօուիս եւ Թոմ ՏըՏոմենիքօ: Փայլածուն սորվեցուց հայկական փիլաւ պատրաստել Թոմին եւ իր եղբօր Վինսընթին 1955 թուականին, ով կ'աշխատէր Ոսկեայ Հատիկ Մաթարոնի փասթայի ընկերութեան համար, հիմնադրուած իրենց հօր կողմէ, որոնք իրենց սորվածը գործածելով ստեղծեցին փիլաւի եւ մաքարոնիի խարնուրդ մը եւ անուանեցին Rice-A-Roni:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]