Ցղնա (Գիւղ)
Բնակավայր | |
---|---|
Ցղնա | |
![]() | |
Երկիր |
![]() |
Բնակչութիւն | 538 մարդ (2009) |
Ժամային գօտի | UTC+4։00 |
Ցղնա հինէն ի վեր Գողթան գաւառի ամէնէն մեծ եւ շէն գիւղերէն եղած է[1]:
Ներկայիս ներառուած է Ազրպէյճանի Որդուար շրջանին մէջ եւ կը կոչուի Çənnəb - Չանանապ:
Դիրք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ցղնա կը գտնուի երկար եւ լայն ձորի մը մէջ, գետափին: Նոյն ձորին մէջ կը գտնուին մօտակայ Ռամիս, Փառակա, Բիստ, Ալահի եւ Խուրստ գիւղերը: Գետը գիւղը երկու մասի կը բաժնէ. անոր վրայ, գիւղին կեդրոնը քարէ կամուրջ մը կառուցուած է: Գիւղին հին բնակարանները կառուցուած են ձորի երկայնքին, գետին աջ ու ձախ ափերուն, լերան ստորոտը եւ աստիճանաբար բարձրանալով բարձրադիր դիրք կը գրաւեն ներքեւի տուներուն բաղդատմամբ:
Բնակչութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ցղնա հինէն ի վեր Գողթան գաւառի ամէնէն մեծ եւ շէն գիւղերէն եղած է եւ մնայուն 800-էն 900 տուն հայ բնակչութիւն ունեցած է:
Ցղնա մշակութային կարեւոր կեդրոն եղած է: Հետագային բնակչութեան թիւը նուազելով, 1919-ին 300 տուն հայութիւն մնացած է հոն:
Ցղնացիները գլխաւորաբար երկրագործներ էին. ունէին բերրի վարելահողեր եւ լաւ մշակուած պտղատու ծառերու եւ խաղողի այգիներ:
Խիտ անտառներով շրջապատուած գիւղին յարակից լեռնալանջերուն վրայ բազմաթիւ օգտակար բոյսեր կ'աճէին. ամէնէն աւելի խոտառատ էին յատկապէս դէպի հիւսիս-արեւելք երկարող լեռնալանջերը: Այդ խոտերը ցղնացիներուն սնունդ կը հայթայթէին եւ նաեւ բուժիչ յատկութիւններ ունէին:
Անասնապահութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ցղնա, իր հարուստ արօտավայրերուն շնորհիւ անասնապահութեան յարմարութիւններ ունէր. գրեթէ ամէն ընտանիք կաթնտու կենդանիներ ունէր՝ կով, այծ եւ ոչխար, ինչպէս նաեւ եզներ`արտերը հերկելու համար, ձի, էշ եւ ջորի: Կարգ մը ընտանիքներ էշն ու ջորին վարձու կու տային:
Ցղնայի մէջ բաւական զարգացած էր շերամապահութիւնը. գիւղին մէջ կար շերամի բոժոժէն թել քաշելու փոքրիկ գործարան մը:
Եկեղեցիներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ցղնայի Սուրբ Աստուածածին վանքը կը գտնուէր գիւղին հիւսիս-արեւելեան թաղամասին մէջ, հարթ տարածութեան մը վրայ: Կառուցուած է ԺԲ.-ԺԳ. դարերուն. 1349-ին հոն գրչագրուած Աւետարանին համաձայն անիկա մեծ եւ գեղեցիկ տաճար էր: Եկեղեցին վերանորոգուած է ԺԷ. դարուն, Մովսէս եւ Փիլիպոս կաթողիկոսներուն կողմէ: Վանքը գրչութեան կարեւոր կեդրոն եղած է:
Գիւղին մէջ կը գործէին նաեւ Սուրբ Գրիգոր, Սուրբ Նշան եւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցիները:
Ցղնայի լեռները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ցղնա յայտնի էր նաեւ իր ջրաղացներով, հնձաններով, կամուրջներով, բերդապարիսպներով եւ այլ նիւթական մշակոյթի կանգուն ու աւերակ յուշարձաններով:
Ցղնացիք հինէն ի վեր կապեր ունեցած են արտաքին աշխարհին հետ, եւ հալածանքներու, ինչպէս նաեւ առեւտրական գործառնութիւններու բերումով ցրուած են տարբեր երկիրներ:
Առեւտուր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ցղնացի վաճառականներ Յակոբ եւ Փանոսի որդի Սոլիման 1688-1699-ին յիշուած են Վենետիկի մէջ: Ցղնացի այլ վաճառական մը` Մարգար, Նոր Ջուղա տարուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը իր գնած ապրանքներուն մէջ թաքցնելով Էջմիածին տանելով Փիլիպոս կաթողիկոսին կը յանձնէ:
ԺԷ. դարուն Անգարայի մէջ կեդրոնացած ցղնացի վաճառականներ էին խոճա Ատոմ, խոճա Բունիաթ եւ խոճա Բաղում: Անոնք Անգարայի հայոց եկեղեցիներուն առատ նուիրատուութիւններ կատարած են եւ անոնց անունները յիշուած են շարք մը կոնդակներու մէջ:
Նշանաւոր ցղնացիներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ծագումով ցղնայեցի էին Կոմիտաս վարդապետի նախնիները՝ Սողոմոնեանները, որոնք Անատոլուի Կուտինա քաղաքը գաղթած էին. Ցղնայի Տամբրի թաղին մէջ պահպանուած էին Սողոմոնանց ապարանքին աւերակները:
- Ցղնացիներու ճիւղ մը փոխադրուած էր Արմաւիր. անոնց շառաւիղներէն Ասլան Թարասովի եւ Լիտիա Աբեսոլոմովայի զաւակն է ֆրանսացի գրագէտ Հենրի Թրուայա (1911-2007):
- Ծագումով ցղնայեցի է նաեւ ֆրանսացի անուանի նկարիչ Էտկար Շահին (ծնած`1874-ին, Վիեննա, մահացած`1947-ին, Փարիզ):
- Ցղնայի մեծ տոհմերէն են Զօրեանները, որոնցմէ են Ստեփան (Ռոստոմ), Արիստակէս (Կարօ) եւ Զօրի եղբայրները. Ռոստոմ (1867-1919) Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադիրներէն կ'ըլլայ[2]: Կարօ (1871-1897) կը նահատակուի Խանասորի արշաւանքին ժամանակ, իսկ Զօրի (1870-ական-1934) 1918-էն 1920 Ախալցխայի քաղաքապետը կ'ըլլայ[3]: