Ցկեանս նահատակութիւն (Գէորգ-Ճորճ Աբէլեան)
Ցկեանս նահատակութիւն գիրք Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեանի գրիչով։[1] Գիրքը պատմութիւններու ժողովածոյ մըն է, կը ներկայացնէ 17 պատմութիւններ Մեծ Եղեռնի ընթացքին կորսուած հայ որբերուն եւ անոնց ապրած տառապանքներուն մասին։
Նախապատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեան իր կեանքին մեծ մասը նուիրած է 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուածներու անձնական վկայութիւնները հաւաքելու, ստուգելու եւ պահպանելու, մանաւանդ այն մանուկներուն որոնք աքսորուեցան, առեւանգուեցան կամ բռնի ձեւով ձուլուեցան զանգուածային աքսորումներու ընթացքին եւ անկէ ետք։
Գիրքին գաղափարը ծագած է 1990-ականներու վերջաւորութեան, երբ Աբէլեան կը հանդիպի Մեծ եղեռնէն փրկուածներու, որոնց ճակատագիրը երկար ժամանակ անծանօթ մնացած էր իրենց ընտանիքներուն։ Անոնց պատմութեան հետազօտութեան եւ գրի առնելու աշխատանքը կը տեւէ մօտաւորապէս վեց տարի։ Այս ընթացքին Աբէլեան կը հաւաքէ ու կը ստուգեց բազմաթիւ բանաւոր վկայութիւններ եւ պատմական մանրամասնութիւններ։
Հեղինակը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գէորգ Ապէլեան ծնած է Քեսապի մէջ՝ Սուրիոյ, բնակութիւն հաստատած է Այնճարի մէջ՝ Լիբանան, ուր ապրեցաւ տասնամեակներով։
Թարգմանութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրքը թարգմանուած է արաբերէն, անգլերէն, սպաներէն ու ֆրանսերէնի։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Apélian, Kevork. L’odyssée de Joseph Basmadjian : et autres récits d’enfants arméniens. Թարգմանութիւն՝ Leïla Brahim, Florence Dhaute, and Jean-Marie Belleau. Փարիզ՝ Éditions L’Harmattan, 2025.
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Staff Asbarez (2011-01-12)։ «ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ- ՑԿԵԱՆՍ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ – Բ.»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ արտագրուած է՝ 2026-01-08