Ցեղասպանութեան Որբերը (ֆիլմ)
Ցեղասպանութեան Որբերը (ֆիլմ) | |
---|---|
Orphans of the Genocide | |
Բեմադրիչ | Պարէտ Մարոնեան |
Լեզու | անգլերէն |
«Ցեղասպանութեան որբերը» (անգլերէն՝ «Orphans of the Genocide»), հայ բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանի ժապաւէնը՝ Հայոց ցեղասպանութեան մասին։
Վերնագիրը կրող այս փաստավաւերագրական ժապաւէնը, կը տեւէ ընդամէնը 90 վայրկեան[1]:
Նիւթը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նիւթը ցեղասպանութեան որբերու առօրեան է, որ կը պատմէ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ ցեղասպանութենէն ետք որբ մնալ։
Վաւերագրական ժապաւէնը կը հետեւի Մորիս Միսաք Քէլէշեանին, որուն հետախուզութեանց շնորհիւ կարելի եղած է Պէյրութի մօտակայ Այնթուրա շրջանին մէջ գտնել մօտաւորապէս հազար հայ որբերու պարտադիր թրքացման վայրը հանդիսացած որբանոցը:
Ժապաւէնը կը պատմէ նաեւ շարք մը այլ որբանոցներու պատմութիւնը՝ լուսարձակի տակ առնելով Մերձաւոր Արեւելքի օգնութեան հիմնարկութեան տարած հսկայ աշխատանքը՝ աւելի քան 150,000 հայ որբերու պատսպարման ու կերակրելու գործին մէջ, 1919-էն 1926 թուականներուն: Այդ օրերուն հաստատուած էին աւելի քան 200՝ ժամանակաւոր կամ մնայուն որբանոցներ, որոնցմէ մէկն էր 22,000 որբերու տուն հանդիսացած որբանոցը Գիւմրիի մէջ:

Հերոսները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ժապաւէնին դերակատարները դերասաններ չեն, այլ`լուսանկարներէն սիրտ կեղեքող հայեացքով մարդոց նայող ցնցոտիներով կամ միանման հագած վտիտ, 2-13 տարեկան երեխաներու հսկայական զանգուած, որոնց Մարոնեանը, արուեստի լեզուով կը կենդանացնէ, կը քալեցնէ, կ'աշխատացնէ, յանկարծ կը կանգնեցնէ ու հայեացքները մարդոց վրայ կը սեւեռէ: Ժապաւէնին գլխաւոր «դերակատարը» թուրքն է իր գործած Ցեղասպանութեան կենդանի վկայութիւններով, ժամանակը`1915, անոր հետեւող տարիները, մինչեւ մեր օրերը: Կատարուող իրադարձութիւնները` Արեւմտահայաստանի տարածքներէն սկսած, Թուրքիոյ, Միջին Արեւելքի տարբեր քաղաքները, Ալեքսանտրապոլ (Գիւմրի), մինչեւ Քանատա եւ Ամերիկա կը հասնին:
Շարք մը այլ որբերու կողքին, կը պատմուի նաեւ այն հայ որբուհիի մը մասին, որ որդեգրուած է Աթաթուրքին կողմէ եւ դարձած՝ Թուրքիոյ ազգային հերոսուհիներէն մէկը[2]: Պատմուող նիւթէն դանդաղօրէն ամբողջ պաստառով կը յառնի դժոխային սարսափ ապրած աչքերով, մանկական դէմքին իր որբութեան պատմութիւնը դրոշմուած, հերարձակ աղջիկ մը: Հայկական նշաձեւ աչքերուն մէջ, մանկական խայտանքը ջնջուած է, տանջանքէն խոշորացած բիբերով կը նայի հանդիսատեսին: Անոր գեղեցիկ, վեհ, հոգի ծակող հայեացքին մէջ մարդկութեան ուղղուած ծանր մեղադրանք ու դադապարտում կայ եւ միեւնոյն ժամանակ հաստատ ու անընկճելի կամք` ապրելու ու յարատեւելու: Վարպետութեամբ օգտագործուած լոյսի, գոյներու համագործակցութիւնը, աստիճանաբար խոշորացող այդ ակնթարթ յայտնուող հայեացքը կը դառնայ ժապաւէնին եւ ապրող հայութեան խորհրդանիշ:
Կը պատմուին եւ փաստերով կը ներկայացուին նաեւ Լինքոլն Լոյալ Ուըրթի տեղեկութիւններով երկու հարիւր հազար հայ որբերու 212 տարբեր որբանոցներու մէջ կեցութեան ու ճակատագիրի հետքերը` Պոլսոյ, Հալէպի, Լիբանանի, Այնթուրայի, Ղազիրի, Ուրֆայի, Իրաքի, Կիպրոսի, Քորֆուի, Ալեքսանդրապոլի, Երուսաղէմի որբանոցներուն մէջ, որոնք ղեկավարուած են «American Near East Relief Faundation»ի կողմէ: Միայն Գիւմրիի մէջ տեղաւորուած են 20 հազար հայ որբեր: Այդ որբանոցներուն մի մասը արդէն խորհրդային տարիներուն դարձած էին զինուորական զօրանոցներ:
Դրդապատճառը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Ցեղասպանութեան Որբերը» ֆիլմին խթաններէն մէկը հանդիսացած է հռչակաւոր եւ հայասէր լրագրող Ռապըրթ Ֆիսքի մէկ յօդուածը՝ Այնթուրայի մէջ հայ որբերը թրքացնելու նպատակով օգտագործուած որբանոցին մասին, որուն խորագիրն էր՝ «Հայկական Ցեղասպանութեան ապրող փաստ մը»[3]:
Բեմադրիչ Մարոնեան երեք տարի աշխատած է խոր բովանդակութեամբ ներկայացնել այս աշխատանքը, որ ոչ միայն հայերուն, կամ աշխարհի շահամոլ քաղաքագէտներուն ներկայացնելու համար էր, այլեւ՝ հայոց պահանջատիրութեան հայցը աւելի զօրացնելու:
Մարոնեան շրջած է տարբեր երկիրներ, տարբեր կազմակերպութիւններու իրաւասութեան տակ գտնուող տասնեակներով փաստաթուղթեր ուսումնասիրելու եւ իր մտայղացման համար անոնցմէ ամէնէն կարեւորները ընտրելու:
Ուսումնասիրուած եւ անոնց վրայ ստեղծուած վաւերագրութիւնը վերցուած է այնպիսի լուրջ, հեղինակաւոր արխիւներէ, ինչպիսիք են` Ռոքըֆելըր արխիւի կեդրոնը, Գերմանիոյ Ազգային արխիւը, Դանիական ազգային արխիւը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի գրադարանը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային արխիւը, «Զօրեան» հիմնարկը, Հայաստանի Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը, ՀՕՄ-ի եւ շարք մը այլ անձնական արխիւներու մէջ պահուած հաւաքածոները:
Այս ժապաւէնը նաեւ հայութեան շնորհակալութեան փոխանցումն է բոլոր այն անհատներին եւ կազմակերպութիւններին, որոնք ձեռք մեկնեցին, տէր կանգնեցան, ապաստան տուին, կենդանի պահեցին հայ որբերը:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Ցեղասպանութեան որբերը
- ↑ ««Ցեղասպանութեան Որբերը» Ժապաւէնը Դեկտեմբեր 12ին Պիտի Սփռուի Մայամիի Հ»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2013-11-27։ արտագրուած է՝ 2023-03-14
- ↑ maik1970 (2019-10-24)։ ««Ազատ Օր»ի հարցազրոյցը բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանի հետ»։ Azat Or (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2023-03-14