Տրոսիա, Ատիկէ

Բնակավայր
Տրոսիա, Ատիկէ
Δροσιά
Հրապարակ Իլիոփուլու,Տրոսիա. Ատիկէ, Յունաստան
Երկիր  Յունաստան[1]
ԲԾՄ 370 մեթր
Բնակչութիւն 7186 մարդ (2011)
Ժամային գօտի UTC+2 եւ UTC+3։00
Հեռախօսային ցուցանիշ 210
Փոստային ցուցանիշ 14572
Պաշտօնական կայքէջ drosia.gr

Տրոսիա (յուն ՝ Δροσιά), Ատիկէ, Յունաստան։ Կը գտնուի Ատիկէ նահանգին հիւսիս արեւելեան շրջանը, Աթէնքէն 23քլ. հեռու։

Տեղեկութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տրոսիան՝ բոյսերով լեցուն վայր մըն է, որ կը գտնուի հիւսիսային Ատիկէի շրջանը։ Տիոնիսոյի քաղաքապետութեան տակ միացած են Այիոս Սթեֆանոս, Սթամաթա, Ռոտոփոլի, Տիոնիսօ, Անիքսի եւ Քրիոների շրջանները։ Իր բնակչութիւնը՝ 7186 հոգի է։  Տրոսիա անունը զով կը նշանակէ

Պատմութեան մէջ, Տրոսիան առաջին անգամ բնակուեցաւ Փոքր Ասիոյ գաղթականներէն, որոնք չէին կրնար Աթէնքի ուրիշ տեղերը երթալ։ Շրջանի մէջ շատ անտառներ կան եւ ամառը հրդեհներ կը ծագին, որոնք շատ դժուար կացութեան կը բերեն մարդոց եւ շատ ծառեր կ՚այրին։ Այսպէս քովի լեռներէն վայրի կենդանիներ՝ գայլ, խոզ, կը հասնին մինչեւ տուները։ Ձմեռը շատ ձիւն կու գայ, իսկ ամառը տաք կ՚ ընէ եւ նաեւ զով կ՚ ըլլայ։ Տրոսիային համով պոլսական ճաշերը, բոյսերը, լեռները ու կլիման կ՚ ընեն այս վայրը իւրայատուկ։ Տրոսիան հայերուն համար ծանօթ տեղ մըն է, երբ շատ տարիներ առաջ կ՚ըլլային աշակերտական բանակումներ եւ կը մասնակցէին շատ հայ պատանիներ։ Երկար տարիներ առաջ, ամառուան եղանակին Տրոսիա կը մնար Հայաստանի առաջին հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեան։

[2] [3] [4]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]