Jump to content

Տորք

Տորք
Յուշարձան՝ «Տորք Անգեղ», 1982, քանդակագործ՝ Կառլէն Նուրիճանեան
Տեսակ աստուածութիւն և հսկայ
Դիցաբանութիւն Հայկական Դիցաբանութիւն
Սեռ արական
Վայր Մեծ Հայք Մեծ Հայք
Հայր Անգեղ
Tork Angegh statue, Yerevan Ուիքիպահեստին մէջ

Տորք Անգեղ, նաեւ Տուրք կամ Անգեղեայ, հայ առասպելաբանութեան մէջ աստուած կամ դիւցազն, Հայկի ծոռը։

Ըստ Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութեան», Տորք Անգեղը Հայկ Նահապետի թոռ՝ Պասքամի որդին է։ Ան բարձրահասակ, կոպիտ կազմուածքով, դժնի հայեացքով, վիթխարի ուժի տէր հսկայ է, որուն տգեղութեան պատճառով Անգեղ կոչած են։ Տորքը ձեռքով որձաքար ապառաժներ կը ճեղքէ, եղունգներով կը տաշէ, կը դարձնէ տախտակներ եւ դարձեալ եղունգներով անոնց վրայ արծիւներ կը քանդակէ։

Տորք Անգեղը հովիւ էր, բայց ոչ հասարակ, այլ դիւցազնական։ Առիւծները եւ վագրերը զինք տեսնելով՝ մօտը կու գային՝ կարծելով, թէ ան ալ գազան է եւ ան է իրենց զօրաւոր արքան։ Գարուն մը Տորքին թախիծ կը պատէ, որմէ ան ազատում չի գտներ։ Օրեր, գիշերներ կը թափառի ան՝ թախծոտ աչքերը արեւին յառած։ Աստղիկ դիցուհին վերէն տեսնելով զինք, կ'իջնէ անոր մօտ եւ կը հարցնէ տխրութեան պատճառը։ Տորքը կը պատասխանէ, որ իր թախիծի պատճառը իր առանձնութիւնն է, առանց սիրոյ մնալը. եւ ո՞վ կը սիրէ իր նման աժդահայ ու տգեղ մէկը։ Եւ սիրոյ դիցուհին անոր կը յայտնէ չքնաղ կոյս՝ Հայկանուշի մասին, որ ինք միայն կարող է սիրել Տորքին։ Տորքը կը գտնէ գեղեցկուհին, փոխադարձ սէր կը գտնէ անկէ եւ թախիծը կը փարատէ։

Տորք Անգեղը չի գործածեր ո՛չ թուր եւ ոչ նետ, այլ միայն իր տեսքով սարսափ կ'ազդէ թշնամիներուն ու չարագործներուն վրայ։ Բայց երբ անոնք երես կ'առնեն, այն ժամանակ ան կը դիմէ ուժին։ Չ'արժէր անոր զայրացնել, որովհետեւ այն ժամանակ արդէն փրկութիւն չըլլար։ Անգամ մը թշնամիները նաւով կու գան Պոնտական կամ Սեւ ծովի ափ եւ այնտեղէն կը յարձակին հայոց բնակավայրերուն վրայ։ Մեծ աւերածութիւններու ու կոտորածի լուրը կը հասնի Տորքին եւ ան կ'ելլէ թշնամիներուն դէմ։ Վերջիններս, սարսափած անոր վիթխարի հասակէն, ամեհի ուժէն եւ իրենց շարքերուն մէջ գործած կոտորածէն, կը վազեն դէպի Պոնտոսի ափ՝ իրենց նաւերով փախչելու հսկայէն։ Տորքը քիչ մը ուշ կը հասնի, երբ թշնամիներու տորմիղը ափէն բաւական հեռացած էր եւ ինքը այլեւս չէր կրնար հասնիլ անոնց։ Եւ գազազած հսկան լեռներէն բլրաչափ ժայռեր կը պոկէ ու կը նետէ անոնց ետեւէն։ Ծովին մէջ, ժայռերու անկման վայրը, զօրեղ ալեկոծութիւն կը բարձրանայ, եւ թշնամիներու նաւերը կը խորտակուին։

․․․Տորքը չէր նման հասարակ մարդու,

Այլ մի աժդահայ եւ շատ ահարկու,

Աչքերը կասես մի կապոյտ ծով․

Ճաճանչաւորուած արեւի լոյսով․

Սեւ–սեւ ունքերը՝ մութ ամպի նման՝

Բարդ–բարդ կուտակուած աչքերի վրան․

Քիթը կորնթարդ իբրեւ մի բլուր,

Ատամներն ուրագ, եղունգները թուր․

Կուրծքը կասենաս մի լանջ է լեռան,

Մեջքը սարաժայռ, կռները գերան,

Մի խօսքով՝ մի դեւ եւ ոչ թէ հսկայ,

Ոչ ոք տեսած չէր այսպէս աժդահայ․․․

Ահռելի էր նա եւ այնքան ուժեղ,

Որ յիսուն գոմէշ չունէին մէկտեղ․․․

- հատուած Ղազարոս Աղայեանի «Տորք Անգեղ․․․» պոէմէն

1-ին տարբերակ

Տորք Անգեղի անուան մէջ զուգակցուած է երկու դիցանուն՝ հողմն ու ամպրոպը մարմնաւորող հին փոքրասիական Տարիի, Տարքիի, Տուրգիի կամ Տրգայ աստուծոյ եւ հին հայոց Անգեղ աստուծոյ անունները։ Հաւանաբար սկանտինաւեան դիցաբանութեան աստուածներէն Տորը եւս դիցաբանական այս կերպարին մէկ մարմնաւորումն է, որ նոյնպէս, ինչպէս Տորքը, կը խորհրդանշէ հզօրութիւն եւ կը հանդիսանայ մարդոց պաշտպան։ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան մէջ շումերաաքքատական Ներգալ աստուծոյ անունը փոխարինուած է Անգեղով։ Վերջինիս պաշտամունքի վայրը, ըստ երեւոյթին, եղած է Մեծ Հայքի նշանաւոր Անգեղտուն գաւառը, որու կուսակալ նշանակուած է, ըստ Մովսէս Խորենացիի, Տորք Անգեղը եւ անկէ ալ ծագած է իշխանական տոհմանունը՝ Անգեղ տուն։ Տորքի «Անգեղեայ» մակդիրը Խորենացիի ժամանակ ժողովրդական ստուգաբանութեամբ ըմբռնուած է իբրեւ տգեղ, մինչդեռ այն կը նշանակէ Անգեղի սերունդ, Անգեղեան։ Ելլելով դիցանուան երկրորդ ձեւէն՝ Տուրք, ինչպէս նաեւ Սեբէոսի մէկ վկայութենէն, կը գտնեն, որ հին ժամանակ Տորք Անգեղը ժողովրդական ստուգաբանութեամբ ընկալուած է իբրեւ Անգեղ աստուծոյ տուրք, այսինքն՝ Անգեղի տուած պարգեւ։

2-րդ տարբերակ

Այդ հրեշտակը Խորենացիի յիշատակած Տաւրոսի Անգեղն է, Տաւրք-Տօրք Անգեղը։ Անոր ժառանգները եղած են Հայոց Անգեղ տան նախարարները (համեմատել անգլ.՝ angel=հրեշտակ)։ Անոնց խորհրդանիշը եղած է անգղ թռչունը, քանզի եղած են կորաքիթ (եւ ոչ թէ «տափակաքիթ», ինչպէս կը նկարագրէ Խորենացին), եւ ֆիզիքապէս սաւառնելու ունակ։ Հրեշտակի տոհմը գոյութիւն ունեցած է նախքան Ադամն ու անոր սերունդները։ Առասպելներէն ոմանք կը յայտնեն, թէ անոնք («աստուածներ» կոչուածները) արարած են Ադամն ու Եւան։ Ադամորդիները զանոնք կոչած են «Աստուծոյ որդիներ», քանզի մարդոց սորվեցուցած են լեզու եւ զանազան գիտութիւններ։ Կոչուած են նաեւ «հսկաներ»՝ մարդոց համեմատ ըլլալով բաւական բարձրահասակ ու հուժկու (3-4 եւ աւելի մեթր հասակով, Դինոզաւրներու ժամանակակիցները)։ «Աստուածաշունչ մատեան»-ը անոնց անունով կոչուած է «Եւանգել» (արաբ. «Ինճիլ»), որ կը մատնանշէ անոր բուն ակունքը՝ Անգեղ տունը։ «Եւանգել»-ի «Եւ»-ը ցոյց կու տայ «զոյգ անգել»-«զոյգ հրեշտակ», որոնցմէ մէկը բարեգործն է, իսկ միւսը՝ չարագործը, գլորուածը։ Հետեւաբար «Եւանգել»-ը կը ներկայացնէ Աստուածաշունչի երկու մատեանները միասին, իսկ արաբական «Ինճիլ»-ը՝ միայն նոր կտակարանը, բարի հրեշտակի կտակը։ Ի հաստատումն Ադամէն առաջ Անգեղներու գոյութեան՝ բերենք արաբական առասպելներու նոյն աղբիւրէն հետեւեալը. «Հաւատացեալներէն ոմանք կը հարցնեն Ալի Իպն Ապի Թալէպին, թէ արդեօք Ադամէն առաջ եղա՞ծ են Աստուծոյ երկրպագող շնչաւոր արարածներ։ Ան կը պատասխանէ «Այո»։ Անգեղ-հրեշտակներու տան մասին Սեբէոսը կ'ըսէ.

…Անգեղ Տուն, … զօր ի ժամանակին յայնմիկ ազգ բարբարոսացն աստուած կոչեցին։

Ահա եւ բարբարոսներու «աստուածներ», իսկ սուրբ Գիրքին մէջ «Աստուծոյ որդիներ» կոչուած հրեշտակներու սերունդը։

Տորք Անգեղի կերպարը արուեստի մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գեղարուեստական գրականութեան մէջ Տորք Անգեղի կերպարին անդրադարձած է Ղազարոս Աղայեանը իր «Տորք Անգեղ եւ Հայկանուշ Գեղեցիկ» պոէմին մէջ (1888 թ.)։ Իսկ 1982 թուականին Երեւանի մէջ տեղադրուած է քանդակագործ Կառլէն Նուրիջանեանի Տորք Անգեղ արձանը։

  • Մովսէս Նաճարեան, Լեզուաբանութիւն թէ իմաստասիրութիւն (վերանայուած տարբերակ), 2014 թ.։
  • Պատմ. Սեբէոսի եպ., Թիֆլիս, 1913, եր. 9
  • Մովսէս Խորենացի «Պատմութեան Հայոց»

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]