Jump to content

Տորոթէա Տիքս


Տորոթէա Տիքս
Ծնած է 4 Ապրիլ 1802(1802-04-04)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Hampden, Փենոբսկոտ շրջան, Մեն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մահացած է 17 Յուլիս 1887(1887-07-17)[4][3][5] (85 տարեկանին)
Մահուան վայր Թրենթոն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[6]
Մասնագիտութիւն սոցիալական բարեփոխիչ, հանրային գործիչ, գրագէտ
Ծնողներ հայր՝ Joseph Dix?[7], մայր՝ Mary Bigelow?[7]
Ստորագրութիւն

Տորոթէա Լինտէ Տիքս (4 Ապրիլ 1802(1802-04-04)[1][2][3][…], Hampden, Փենոբսկոտ շրջան, Մեն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ - 17 Յուլիս 1887(1887-07-17)[4][3][5], Թրենթոն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) Ամերիկա Միացեալ Նահանգէն մարդասիրութեան եւ ժողովրդական բարեփոխութեան պահապան մըն է: Հոգեկան հիւանդութիւններ ունեցողներու համար ըրած աշխատութիւնները ԱՄՆ-ի մէջ, համաշխարհային բարեփոխութիւններու պատճառ եղած է:

1821-ին Պոսթոնի մէջ միայն աղջիկ աշակերտերու համար եղող վարժարան մը բացած է: Մինչեւ 1835 շարունակեց իր ուսուցչութեան ասպարէզը, որ միշտ կ'ընդհատուէր իր առողջական խնդիրներուն պատճառաւ: 1841 թուականին Քեմպրիճ (Մասսաջուսէթս) բանտէն եկող հրաւէրը ընդունեց, որ Կիրակի օրերը դաս տար: Հոն դատապարտուած կնոջ եւ մարդոց հետ բանտարկուած հոգեկան հիւանդներէն շատ ազդուած է: Յառաջիկայ 18 ամսուան մէջ հոգեկան հիւանդներուն մնացած զանազան տեղերը պտտեցաւ: Տեսած սարսափելի տեսարաններուն մասին նահանգի խորհուրդին հետ հաղորդակցած է (1843): Անհրաժեշտ բարեփոխութիւններէ վերջ ուշադրութիւնը դրացի նահանգերու եւ անկէ վերջն ալ արեւմուտքին եւ հարաւային նահանգերուն վրայ կեդրոնացուց: Ապրած տարիներու ընթացքին15-էն աւելի նահանգներու եւ Քանատայի մէջ յատուկ հոգեկան հիւանդանոցներ բացուեցան: Նոյն ժամանակ ըլլալով երկրի զանազան կողմերը, յառաջացած բուժման միջոցներ որոնելու սկսուեցաւ: Իր աշխատութիւններով Ամերիկայէն զատ Եւրոպայի մէջ ալ հոգեկան հիւանդանոցներու համար յաջողեցաւ ուշադրութիւն գրաւել:

  1. 1,0 1,1 Deutsche Nationalbibliothek Record #119380897 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  2. 2,0 2,1 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 Encyclopædia Britannica
  4. 4,0 4,1 4,2 Find A Grave — 1996.
  5. 5,0 5,1 5,2 GeneaStar
  6. LIBRIS — 2012.
  7. 7,0 7,1 7,2 7,3 7,4 Pas L. v. Genealogics — 2003.