Jump to content

Տնտես (հանդէս)

Տնտես
Տեսակ պարբերաթերթ
Լեզու հայերէն

«Տնտես», ամսօրեայ հանդէս՝ նուիրուած ժողովրդական տնտեսագիտութեանը։

Լոյս կը տեսնէ 1886-1888 թուականներուն Կ. Պոլիսի մէջ։

Տնօրէն-խմբագիրները եղած են Եղիա Տէմիրճիպաշեանը, Օվրեստես Յակոբեան։

Հրատարակուած է Կ. Պոլսի Արեւելեան տնտեսական միութեան նախաձեռնութեամբ եւ օգնութեամբ։ Բացի տնտեսագիտութեան վերաբերող նիւթերէ՝ տպագրած է օգտակար խորհուրդներ, գեղարուեստական նիւթեր, կազմակերպած է տնտեսագիտութեան դասընթացներ, սորվեցուցած է արհեստներ։

Այս յօդուածի կամ անոր բաժնի որոշակի հատուած վերցուած է «Հայ գրատպություն և գրքարվեստ» հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են՝ Քրիեյթիվ Քոմմոնս Նշում-Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։