Jump to content

Տնտեսագէտ (հանդէս)

Տնտեսագէտ
Տեսակ պարբերաթերթ
Լեզու հայերէն

«Տնտեսագէտ», գիտակրթական, տեղեկատուական, վերլուծական երկամսեայ հանդէս (մինչեւ 2012 թուական՝ շաբաթաթերթ, երկշաբաթաթերթ, ամսաթերթ)։ ՀՊՏՀ պաշտօնական հանդէսն է։

«Տնտեսագէտ» պարբերականը լոյս կը տեսնէ 1977 թուականէն Երեւանի մէջ։ Խմբագիրները եղած են Ռաֆայէլ Երուանդեանը, Սաթենիկ Ալաւերդեանը, Գոհար Գէորգեանը, Արմինէ Վարդանեանը (2012 թուականէն)։

Կ՚անդրադառնայ բուհին վերաբերող կարեւոր եւ հրատապ խնդիրներու, կը լուսաբանէ ուսանողներու ուսումնական, մշակութային, մարզական առօրեան, կը տպագրէ տնտեսագիտական, հայերէնագիտական, մշակութային թեմաներով յօդուածներ, անուանի գիտնականներու, մշակոյթի գործիչներու, գործարարներու, մարզիկներու կենսագրականներ, կը ներկայացնէ բուհի շնորհալի ուսանողները։

Այս յօդուածի կամ անոր բաժնի որոշակի հատուած վերցուած է «Հայ գրատպություն և գրքարվեստ» հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են՝ Քրիեյթիվ Քոմմոնս Նշում-Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։