Տիվալի
Արտաքին տեսք

Տիվալի, հինտուներու ամէնէն ծանօթ տօներէն մէկը:
Հնդկաստանի մէջ ամէն տարի լոյսեր կը վառեն բոլոր տուներուն մէջ` բախտ բերելու համար: Ասիկա կը պատահի հոկտեմբեր կամ նոյեմբեր ամիսներուն, Տիվալիին՝ լոյսերու տօնին[1]:

Այս տօնակատարութիւնը կ'ոգեկոչէ հինտու աւանդութեան միջադէպերէն մէկը. Ռամա իշխանին (Վիշնու աստուածը) Հնդկաստան վերադարձը: Ան գացած էր իր կինը` Լաքշիմին փնտռելու: Ան առեւանգուած եւ բանտարկուած էր Սրի Լանքա (Սէյլան) կղզիին վրայ: Այս առիթով, ըստ աւանդութեան, Ռամայի ենթակաները բազմաթիւ լամբերով լուսաւորած են իրենց քաղաքին փողոցները:
Ըստ Հնդկաստանի շրջաններուն, Տիվալին կրնայ նշել (կամ ոչ) նոր տարուան սկիզբը[2]: