Jump to content

Տիզբոն

Բնակավայր
Տիզբոն
Երկիր  Իրաք
Հիմնադրուած է՝ -120
Տարածութիւն 30 քմ²
Բնակչութիւն 500 000 մարդ (622)
Կը գտնուի ափին Տիգրիս
Ժամային գօտի UTC+3։00

Տիզբոն (պարս.՝ تیسفون – Tisfun, արաբ.՝ قطسيفون – Qaṭaysfūn), յունահռոմէական աղբիւրներուն մէջ կը յիշատակուի իբրեւ Կտեսիփոն (Κτησιφῶν)՝ անուան աղաւաղուած ձեւը, պատմական քաղաք մըն է։

Տեղակայուած էր այժմու Պաղտատէն շուրջ 15 քմ. դէպի հարաւ, Տիգրիս գետի ձախ ափին։

Ք.Ա. 3-րդ դարէն սկսեալ Տիզբոն կը ծառայէր իբրեւ Պարթեւաստանի ռազմական յենակէտ, ապա կը դառնայ պարթեւ արքաներու գահանիստը։

Հռոմէական կայսր Տրայանոսի օրերէն (115 թուականէն սկսեալ) Տիզբոն կը դառնայ Սասանեաններու մայրաքաղաքը եւ կը հռչակուի իբրեւ հարուստ ու մեծ քաղաք։

637-ին Տիզբոն կը գրաւուի եւ կ'աւերուի արաբներուն կողմէ[1]։

Քաղաքին մէջ մինչեւ օրս պահպանուած են Սասանեաններու հոյակերտ պալատին աւերակները։

Պաղտատի հիմնադրութենէն (762) ետք, Տիզբոն վերջնականապէս կը կորսնցնէ իր արժէքը։

Տիզբոն կը յիշատակուի նաեւ Ե. դարու հայ պատմիչներուն կողմէ։

Այսօր անիկա աւերակ վիճակի մէջ գտնուող պատմական վայր մըն է[2]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Տիզբոն քաղաք
  2. «Տիզբոն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-01-01-ին։ արտագրուած է՝ 2026-03-07