Jump to content

Տիեզերագրութիւն

Տիեզերագրական տախտակ մը՝ քարտեսագիրներ Աբրահամ ու Յեհուտա Քրեսքեսներու ատլասէն։

Տիեզերագրութիւն[1][2][3][4] (հին յուն․՝ κοσμογραφία, լատ.՝ cosmographia — աշխարհագրութիւն, տիեզերքի նկարագրութիւն՝ հին յուն․՝ κόσμος — աշխարհ, տիեզերք եւ γράφω՝ կը գրեմ բառերէն)՝ գիտական ճիւղ եւ ուսումնական նիւթ մըն է, որ կ'ուսումնասիրէ տիեզերքի կառոյցն ու ամբողջական պատկերը[3]։ Որպէս ուրոյն գիտութիւն, անիկա կիրարկուեցաւ մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը։

Միջնադարեան Արեւմտեան Եւրոպա

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միջնադարեան տիեզերագրութիւնը իր մէջ կ'ընդգրկէր երկրաբանութիւնը, աշխարհագրութիւնն ու աստղաբաշխութիւնը[3]։ Տիեզերագիրներուն գործերը կը պարունակէին պատմական տեղեկութիւններ եւ դիտարկումներ՝ նկարագրուող ժողովուրդներու մշակոյթին ու բարքերուն մասին[5]։ Միեւնոյն ժամանակ, տիեզերագրութիւնը կը քննէր մարդուն եւ զինք շրջապատող աշխարհին միջեւ գոյութիւն ունեցող կապը։ Տարածքները կը դասակարգուէին որպէս «հիւանդութիւն յարուցող» եւ «բժշկութիւն պարգեւող» գօտիներու։ Տիեզերագրութիւնը կը միահիւսուէր նաեւ աստղագուշակութեան հետ, որ երկնային լուսատուներու դիրքերուն միջոցով կը փորձէր բացատրել մարդկային ճակատագրի յաջող կամ ձախորդ դիպուածները։

Նոր դարերու սկզբնաւորութեան, յայտնի տիեզերագիրները (Մերքաթոր եւ ուրիշներ) տիեզերագրութիւնը կը մշակէին որպէս արդի գիտութիւնները՝ աշխարհագրութիւնը, երկրաչափութիւնը, քարտեսագրութիւնն ու աստղաբաշխութիւնը իրարու շաղկապող եւ միահիւսող ճիւղ[3]։ Այս ժամանակաշրջանին (1500 թուականէն ետք) կը ստեղծուին առաջին գլոբուսներն (երկրագունդի մանրակերտերը) ու նորայայտ աշխարհամասերու քարտեսները[6]։ 16-րդ դարու սկիզբը տիեզերագիրներէն ոմանք ստիպուած էին իրենց աշխատութիւնները պաշտպանել կաթոլիկ հաւատաքննութեան հալածանքներէն եւ հերետիկոսութիւն սեպուելու վտանգէն։

Իպերեան Թերակղզի

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միջնադարու վերջաւորութեան, տիեզերագրական գիտելիքներու կուտակումը կենսական նշանակութիւն ստացաւ Եւրոպայի հարաւ-արեւմուտքը։ Թերակղզիին վրայ կը գտնուէին իտալական վաճառաշահ հանրապետութիւններու (գլխաւորաբար՝ Ճենովայի) գաղութները։ Հոս կատարուեցան Ատլանտեան Ովկիանոսով դէպի Ֆլանտրիայի նաւահանգիստներ ծովային կապ հաստատելու առաջին փորձերը։ Թերակղզիի քրիստոնեայ թագաւորութիւնները ձեռնամուխ եղան նորայայտ շրջաններու քարտեսագրման գործին՝ Փորթուկալ (Հենրի Նաւարկող եւ Սակրեսի դպրոցը), Արակոնի թագաւորութիւն (Մայորքա կղզիի քարտեսագրութիւնը) եւ Քասթիլիա (Ամերիկայի յայտնագործութիւն)։

16-րդ դարուն Սպանիայի մէջ «տիեզերագրութիւն» եզրոյթը կ'ակնարկէր այն կրթական ծրագիրին, որ հաստատուած էր Արքայական Հնդկաստաններու առեւտրական պալատին (Real Casa de Contratación de Indias) կողմէ։ Այս ծրագիրը կ'ընդգրկէր անդրատլանտեան նաւարկութեան առնչուող բոլոր ուսումնական ճիւղերը։ Պարտադիր նիւթերու շարքին էին թուաբանական պատրաստութիւնն ու աստղաբաշխութեան ուսումնասիրութիւնը[7]։ Այս գիտութիւնը նպաստեց նաեւ հողահաւաքի (Իրրետենտիզմ) գաղափարներու կերտման՝ ուրուագծելով ազգային սահմաններու տարողութիւնը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. ↑ «Nayiri.com»։ www.nayiri.com։ արտագրուած է՝ 2026-03-11
  2. ↑ Europa: Sabathakan lourer (հայերեն)։ Tparan Mhitareanth։ 1859
  3. 1 2 3 4 Cilicia) Sahak II (Catholicos of (1884)։ Նոր դասագիրք տիեզերագրութեան (հայերեն)։ I Tparani Aṛakʻelakan S. Atʻoṛoys Srbotsʻ Ḥakovbeantsʻ
  4. ↑ Փափազյան Զ Տ Ս (1910)։ Պատկերազարդ գործնական բառարան: Անգլիերէնէ հայերէն (հայերեն)։ Տպագրութիւն Հ. Մատթէոսեան
  5. ↑ Բանասեր: ամսական տետր ազգային բանասիրական եւ քաղաքական (հայերեն)։ I tparani H. Gayoli։ 1851
  6. ↑ Seklemian A. K. (1894)։ Մարդ ըլլալու միջոցը, կամ, Կեանքի մէջ յաջողելու ճամբան (հայերեն)։ Tpagrutʻiwn Ḥ. Mattʻēosean
  7. ↑ Sargisean Barsegh (1905)։ Երխարիւրամեայ գրականական գործունէութիւն եւ նշանաւոր գործիչներ Վենետկոյ Մխիթարեան միաբանութեան (հայերեն)։ Ս. Ղազար