Տիգրան Թապիպեան
Ծնած է | 13 Դեկտեմբեր 1858 |
---|---|
Ծննդավայր | Կեսարիա, Անգարայի նահանգ |
Մահացած է | անհայտ |
Կրթութիւն | Վերմոնթի բժշկական համալսարան |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
Կոչում | Հարիւրապետ |
Աշխատավայր | Կ. Պոլսի զինուորական հիւանդանոց |
Տիգրան Թորոսի Թապիպեան (13 Դեկտեմբեր 1858, Կեսարիա, Անգարայի նահանգ - անյայտ), հայ բժիշկ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնախ է 1858 թուականի Դեկտեմբեր 13-ին Անգարայի նահանգի Կեսարիոյ գաւառի կեդրոն՝ Կեսարիա քաղաքոին մէջ։ Նախնական ուսումն ստացած է Կեսարիոյ Աւետիսականաց վարժարանէն ներս։ Աւարտած է ամերիկացի միսիոներներու Այնթէպի Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի բժշկական բաժինը։ Այնուհետեւ մեկնած է ԱՄՆ եւ ուսանածէ Վերմոնթի բժշկական համալսարանէն ներս։ 1890 թուականին, ուսումն ավարտելով՝ վերադարձած է ծննդավայր։ Կարճ ժամանակ Կեսարիոյ մէջ մնալէ ետք նշանակուած է Անգարայի քաղաքապետարանի բժիշկ։ Բացի այս պաշտօնէն, դարձած է նահանգապետ Ապետին փաշայի ընտանեկան բժիշկն ու բարեկամը։ Փաշայի միջնորդութեան շնորհիւ, խափանած է Անգարայի հայերու՝ Եըլտըզէն հրահանգուած ջարդը, որուն պատճառով փաշան պաշտօնանկ եղած է։ Մեծ դեր կատարած է Գաղատիոյ (Անգարա) դատավարութեան հարցին մէջ։ Երբ ձերբակալուածներ պրոֆ. Թումայեանն ու Հայայեանը բերուած են Անգարա, անոնց մարմինները ամբողջովին ծածկուած եղած են ոստիկաններու խարազաններէն առաջացած կապտուկներով։ Ձեռքերու ու ոտքերու երկաթեայ շղթաները, քայքայելով փափուկ հիւսուածքները, հասած էին ոսկորներուն, որմէ՝ վերջոյթներու գանգրենայի վտանգ առաջացած էր։ Բժիշկը՝ Ապետին փաշայի հրամանով, անոնց վէրքերը բուժելու եւ բանտի պարտեզին մէջ անոնց ազատ շրջելու թոյլտուութիւն ստացած է։ Բժիշկի խնդրանքին ի պատասխան՝ փաշան խոստացած է ամէն ինչ ընել բանտարկեալներու կեանքը փրկելու համար։ Սակայն Պատերազմական ատեանը անոնց մահուան դատապարտած է։
1895 թուականին ԱՄՆ կառավարութիւնը բժշկին նշանակած է Գաղատիայի պատուոյ հիւպատոս, սակայն սուլթան Ապտուլ Համիտ երկրորդ-ը մերժած է այդ նշանակումը՝ հաշուի առնելով անոր հայկական ինքնութիւնը։ 1895 թուականէն սկսած՝ բժիշկը, Անատոլիոյ զանազան կողմերէն ստացած հարստահարութիւններու եւ ջարդերու տեղեկագրերը կանոնաւոր ձեւով յանձնած է եւրոպական երկրներու հիւպատոսներուն։ Բժիշկի միջնորդութեամբ՝ Անգարայի հայերու ջարդը չիրականացնելու պատճառով, Ապետին փաշան պաշտօնանկ եղած է, զոր վտանգած է նաեւ բժիշկի դիրքը։ Այդ պատճառով բժիշկը տեղափոխուած է Կ. Պոլիս եւ զբաղած միայն բժշկութեամբ։
1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ Կ. Պոլսոյ զինուորական հիւանդանոցին մէջ բժիշկ ծառայած՝ հարիւրապետի աստիճանով։ 1915 թուականին Ամասիոյ մէջ, տեղի կառավարիչի հրամանով, դաժանօրէն սպանուած է բժշկի կրտսեր եղբայրը՝ բժիշկ Հայկազուն Թապիպեանը։
1918 թուականին՝ պատերազմի աւարտէն ետք՝ բժիշկ Տիգրանը, դատական գործ յարուցած է եղբօր սպանութեան համար եւ հասած է անոր, որ Պատերազմական ատեանը 1920 թուականին մահուան դատապարտած է Ամասիոյ ոճրագործ կառավարիչին, սակայն դատավճիռը չէ գործադրուած։ Ուստի բժիշկ Տիգրանը մահափորձի ենթարկուած է, որմէ հրաշքով փրկուած է։ Այդ դէպքը վերջնականապէս յուսալքած է բժիշկին եի ան մեկած է ԱՄՆ։ 1937 թուականի դրութեամբ՝ կը բնակէր ԱՄՆ-ի մէջ։
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։