Jump to content

Տէր Զօրի Հնագիտական Վայրերը

Տէր Զօր Քաղաքին հնագիտական վայրերն են՝

«Թել Պաքրաս» եւ «Մարի» (Թել Հարիրի), որ կ'ընդգրկէ երկու վանքեր` «Թարքա» (Աշարա գիւղիى հին անունը), «Ռահպա Մալեք պին Թաուք», «Քրքիսիա» (ներկայիս Թել Պըսերա), «Տորա Օրուիոս» (Սալհիէ), «Հալապիա Զալապիա», «Թել Շէյխ Համատ» եւ «Պաղուզ»:

Հետազօտողները յետ ուսումնասիրութիւններու եկած են այն եզրակացութեան, որ ներկայ քաղաքին հին վայրը կը գտնուէր Տէր Աթիք (հին վայրի) շրջանին ներքեւ: Տէր Աթիքի շրջանը կը գտնուէր Եփրատի եզերքին: Քաղաքին այդ շէնքերը կառուցուած էին արուեստական բլուրի մը վրայ, որ իր մէջ կը պարունակէր հինգ քաղաքներու աւերակները եւ հնութիւնները, անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պատկանի տարբեր ժամանակաշրջանի: Այդ բլուրը 1968-ին կը վերացուի եւ անոր տեղ կը բարձրանայ Քուսուր թաղամասը:

Եփրատ գետին վրայ տեղադրուած կամուրջները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Աթիք» (հին կամուրջ) կամ (փոքր կամուրջ), կառուցուած` փոքր Եփրատի վրայ, 1905-ին:
  • «Մուալաք» (կախուած կամուրջ), կառուցուած` մեծ Եփրատի վրայ, յատկացուած է հետիոտն երթեւեկի:
  • 1960-ական թուականներէն առաջ քաղաքին մէջ կային միայն երկու փայտէ կամուրջներ` «Աշարա» եւ «Հին Ապու Քամալ»:
  • Իսկ ներկայիս կայ տասը կամուրջ.
  • «Սուսա», կառուցուած` ֆրանսական խնամատարութեան ատեն:
  • «Աշարա» ռազմական կամուրջ է, երկաթէ եւ փայտէ, կառուցուած` 1960-ին:
  • «Մայատին»:
  • «Հասաքէ» կամ «Հաթլա», կառուցուած` 1968-ին:
  • «Քնամէ»:
  • «Ժուրա», կառուցուած` 1968-ին:
  • «Հուեժա Իպն Սաքըր», կառուցուած` 1987-ին:
  • «Նախագահ Ասատ», կառուցուած` 1987-ին[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]