Jump to content

Տերեւ

Տերեւը, բուսական աշխարհի կարեւորագոյն մասերէն մէկն է։ Անիկա ծառերու, թուփերու կամ խոտերու ցօղունէն աճած կանաչ գունաւոր մասն է, որ ունի բազմաթիւ կենսական կարեւորութիւններ[1]։

Տերեւներու ձեւերը բազմազան են՝ լայն, բարակ, երկար, սրածայր կամ սրտաձեւ։ Այս ձեւերը պայմանաւորուած են բոյսին տեսակէն եւ անոր կլիմայական ու բնական միջավայրէն։ Օրինակ՝ արեւադարձային երկիրներու ծառերը կը բանան լայն տերեւներ՝ արեւու ուժգին ճառագայթները կարելիին չափով կլանելու համար, մինչդեռ ցամաքային շրջաններու բոյսերը մոմապատ տերեւներ ունին՝ ջուրի գոլորշիացումը նուազեցնելու նպատակով։

Ամէն ապրող էակ ունի մորթի բնական երփնանիւթեր (փիկմընթ), որոնք անոր գոյն կու տան: Ծառի տերեւներու պարագային, այդ գոյները կրնան ըլլալ` դեղին, նարնջագոյն, կարմիր կամ կանաչ (ասիկա քլորոֆիլն է): Այդ երփնանիւթերը տարբեր ձեւով կը բանին` ըստ եղանակին[2]:

Գարնան եւ ամրան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծառին աճման շրջանին քլորոֆիլը շատ մեծ դեր կը խաղայ: Ան արեւուն լոյսը «կը ծծէ» ծառը սնուցանելու համար. այս գործողութիւնը ճանչցած է ֆոթոսենթեզիս անունով:

Այս եղանակներուն քլորոֆիլը շատ մեծ քանակով կը գտնուի տերեւներուն մէջ` ծածկելով միւս գոյներու ներկայութիւնը. տերեւները կանաչ կ'ըլլան:

Ֆոթոսենթեզիսի ատեն, օդին մէջ ծառին տերեւները «կը ծծեն» արեւուն լոյսը եւ բնածխական կազը (CO2): Գետնին մէջ անոր արմատները կը հաւաքեն ջուրը եւ հանքային աղերը (հողին մէջ գտնուող սնունդ հայթայթող նիւթեր): Այս տարբեր տարրերով ծառը շաքար կը շինէ սնանելու, ապրելու եւ աճելու համար: Երբ ֆոթոսենթեզիսի գործողութիւնը կ'աւարտի, ան դուրս կ'արձակէ թթուածինը, որ մարդու շնչած կազն է:

Բոյսը դանդաղօրէն կ'ապրի: Ֆոթոսենթեզիսի աշխատանքները կը նուազին, տերեւները անօգուտ կը դառնան:

Քլորոֆիլին քանակն ու որակը կը նուազին եւ կը վատանայ: Միւս երփնանիւթերը կը վերայայտնուին. տերեւները կը դառնան դեղին, նարնջագոյն կամ կարմիր, ապա` սրճագոյն: Վերջապէս, անոնք կը մեռնին եւ կը թափին:

Ծառերը տարբեր գոյներ կը ստանան` ըստ իրենց տեսակին, իրենց առողջական վիճակին, ջերմաստիճանին կամ հողին բաղադրութեան: Կարգ մը ծառեր շատ գեղեցիկ տերեւներ կ'ունենան, ինչպէս` կնձնին եւ ընկուզենին, որոնց տերեւները ոսկեգոյն երանգ մը կը ստանան, կամ` կաղնին, որուն տերեւները կարմիր կը դառնան:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]