Տաւրոս (թերթ, Վառնա)
Արտաքին տեսք
«Տաւրոս», քաղաքական, գրական շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 1898 թուականին, Վառնայի մէջ (19 համար)։ Խմբագիր-տնօրէն՝ Հ․ Չագրեան։ «Տաւրոս»-ը չպատկանելով որեւէ քաղաքական ուղղութեան, գովազդած է հայկական կուսակցութիւններու միաւորումով հայոց դատի լուծման նպաստող միութիւն ստեղծելու գաղափարը, վերապահ վերաբերմունք ցուցաբերած է եւրոպական դիւանագիտութեան մօտեցման հայկական հարցին եւ, որպէս Հայաստանի ազատագրման ճանապարհ, մատնանշած է պալքանեան երկիրներու օրինակը։
Պարբերականը ներկայացուցած է պուլկարահայ գաղութի հասարակական-մշակութային կեանքը, ծաղրած է այնտեղ գոյութիւն ունեցող այսպէս կոչուած՝ «մերժելի բարքերը»։ 1897 թուականին հրատարակուած է «Կատակ» անունով։